
Յաջորդաբար, երրորդ տարին ըլլալով մեծ յաջողութեամբ,տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի կազմակերպած գրական երեկոն: Այս անգամ, ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ասթորիա շրջանի “Ուոլց Քաֆէ“ի մէջ:
Օրուան հիւրերն էին, երիտասարդ գրագէտներ` Մարիամ Տիլաքեան, Ահարոն Փուչիկեան, Մելինէ Թումանի եւ Այտա Զիտելեան-Սիլաք: Հինգերորդ հրաւիրեալը` Արտօ Վօն (Փայասլեան) որ պիտի ժամանէր Մասաչուսէցէն, կամքէ անկախ պատճառներով, չէր կրցած ժամանել:
Բացման խօսքը կատարեց, Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն` Արա Գաբրիէլեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Համազգայինի պատմականը: Ան յայտնեց թէ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան ու Թրքական իշխանութիւններու գործադրած հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ 1921-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկումն ու անոր յաջորդող Խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքները պատճառ դարձան հսկայական քանդումներու: Վերապրողները ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը:
Այս տարագիր, ցիրուցան եղած հայութիւնն է, զոր պէտք էր կազմակերպել եւ միացնել: Անոր բոլոր հատուածներուն մէջ պէտք էր կապ ստեղծել: Պէտք էր մշակել բոլոր այն միջոցները, որոնք կրնային նպաստել հայութեան միացման եւ յարատեւման: Անշուշտ կար նաեւ ուրիշ պահանջ մը` հայ մտաւորականութիւն ստեղծել: Ի վերջոյ մտաւորականութիւնն է հանրային գաղափարներ մշակողը, ազգութիւնը մէկ մտքի շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը: Գաբրիէլեան եզրակացուց թէ հայութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ յաւերժացման այս հարցը կենսական էր, եւ այս գործին իրականացման գլուխը կը կանգնէին Եգիպտոս ապրող խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Վահան Նաւասարդեանը, Համօ Օհանջանեանը, Գասպար Իփէկեանը…եւ այլ անձնաւորութիւններ: Եւ այսպէս նորաստեղծ “Համազգային“ միութիւնը կը ստեղծուի Մայիս 28, 1928-ին:
Օրուան հանդիսավարն էր Այտա Զիտելեան-Սիլաք, որուն գրութիւնները լոյս տեսած են զանազան հրատարակութիւններու մէջ.- “The Writer՛s Block“, “Ararat Magazine“, “Wilderness House Literary Review“ եւ “Theurgy“ (Մեծն Բրիտանիա): Ան, 2011-ին լոյս ընծայած է “The Hollowing Moon“ գործը: Ան բեմ հրաւիրեց Ահարոն Փուչիկեանը, որուն բանաստեղխութիւնները խոր ապրումներ ստեղծեցին:
Միննեսոթայի համալսարանէն տոքթորական ստացած, Փուչիկեան Մարտ 2012-ին հրատարակած է իր բանաստեղծական գործերէն փունջ մը` “The Cosmic Purr“ անունով: Իր գործերը հետեւողականօրէն կը տպուին “Poetry“ եւ “Poems Out Loud“ պարբերաթերթերուն մէջ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ “Քոլոմպիա“ համալսարանէն ներս մասնագիտացած Մարիամ Տիլաքեան, որ քաղաքական ուսումնասիրութիւններու կողքին, նաեւ կրթական բնագաւառէն ներս հետեւած է յատուկ դասընթացքներու եւ Նիւ Եորքի մէջ, կը դասաւանդէ անգլերէն լեզուն, օտար աշակերտներու: Անոր գիրքը` “Meet Me in 412: Diaries of a New York City Teacher“ պիտի աւարտի այս տարեվերջին:
Պարզ եւ տպաւորիչ էին Մարիամ Տիլաքեան կարդացած էջերը:
Կարճ ընդմիջումէ մը ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ Մելինէ Թումանին, որուն մասնագիտութիւնն է անգլերէնը եւ աւարտած է Սան Ֆրանսիսքոյի “Պըրքլի“ համալսարանը: Ան տարիներ շարունակ գործակցած է “Նիւ Եորք Թայմզ“ի, “Պոսթըն Կլոպ“ի եւ այլ թերթերու հետ եւ կատարած թղթակցութիւններ-յօդուածագրութիւններ` Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Թուրքիայէն եւ Վրաստանէն: Մելինէ Թումանի գիրքը` “There Was and There Was Not: Turkey, the Armenians, and the Story of a Never-Ending History“ լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ Նոյեմբերին:
Վերջին խօսք առնողը նոյնինքն Այտա Զիտելեան-Սիլաքն էր, որ ամենայն սրամտութեամբ եւ պարզամտութեամբ կարդալու ուր հանդիսատեսը ներգրաւելու կարողութիւն ունի:
Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց այս ձեռնարկը, որու կազմակերպական աշխատանքին մէջ, իրենց ներդրումը ունեցան Նորա Արմանի, Լուսին Գասպարեան, Լօլա Գունտաքճեան եւ Այտա Զիտելեան-Սիլաք: