
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ.- Կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հայկական Մշակութային Միութեան, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 8-ի երեկոյեան, Հայ Տան մէջ, տեղի ունեցաւ երախտագիտութեան ձեռնարկ` նուիրուած քաթալոնացի մտաւորական Ռամոն Մոնտոնին:
Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան քառասուն օրը» վէպը քաթալոներէնի թարգմանած եւ այս թարգմանութեան շնորհիւ 2015 թուականին Պարսելոնայի լաւագոյն թարգմանութեան արժանացած Մոնտոնը առաջին անգամ կ՛այցելէր Հայ տուն:
Բացման խօսքով ներկաներուն հայերէնով եւ քաթալոներէնով ողջունեցին Տաթեւ Սուլեանը եւ Գինուշ Առաքելեանը: Պարսելոնայի Աութոնոմայ համալսարանի դասախօս Մարիա Օհաննէսեանը խօսք առնելով` ներկայացուց գիրքը, կարեւոր նկատեց թարգմանութիւնը գրական, ինչպէս նաեւ պատմական տեսանկիւնէ, վերյիշելով եւ խնայելով պատմական դէպքերը եւ փաստերը: Ելոյթի աւարտին ան որոշ հատուածներ կարդաց, որպէսզի ներկաներուն համար յստակ ըլլայ գերազանց թարգմանութիւնը:
Միութեան ատենապետ Տաթեւ Սուլեանը լուսանկարներու եւ քարտէսներու միջոցով ներկայացուց Մուսա Լերան աշխարհագրական դիրքը, 1915-ի քառասուն օրերու ոդիսականը, տեղահանութիւնը եւ վերադարձը, իսկ աւարտին` 1939-ի ֆրանսական իշխանութիւններու հովանաւորութեամբ Այնճար տեղափոխուելու պայմանները եւ ժամանակագրութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Ռամոն Մոնտոնը եւ միութեան անունով յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրուեցաւ: Մուսա Լեռցիները նաեւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին` յուշանուէր մը ուղարկելով Լիբանանէն, որ անակնկալ էր ներկաներուն եւ Մոնտոնին համար: Խoսք առնելով` ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պարսելոնայի Հայկական Մշակութային Միութեան եւ ապա ներկայացուց իր հետաքրքրութիւնը եւ գիրքը թարգմանելու շարժառիթը, որ կու գար Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգական ճակատագրէն: «Այդ դէպքերը պատճառ հանդիսացան, որ Ֆրանց Վերֆելի վէպը իր գրական որակով եւ պատմական բովանդակութեամբ քաթալոներէնի թարգմանեմ»:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի վաճառք, մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:
Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ նաեւ այս տարուան Սուրբ Խաչի տօնակատարութեան ամփոփ տեսաներիզը: