
Օգոստոս 6-ին ազդանշանը տրուեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 95-ամեակին: Այս առթիւ կազմակերպուած են բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ Օգոստոս 22: Ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Այնճառի (Լիբանան) մէջ:
Այս յոբելեանը լաւապէս կազմակերպելու համար, ամիսներէ ի վեր գործի լծուած է յատուկ մարմին մը, որ մանրամասնօրէն եւ ամէնայն բծախնդրութեամբ կատարած է պատրաստութիւններ: Գործադրուելիք ձեռնարկները կ°ընդգրկեն հրատարակութիւններ, պարախումբի ելոյթ, մատաղի պատրաստութիւն, սրահի բացում, հաւաքական ցուցահանդէս, հայկական տօնավաճառ, տոհմիկ երեկոյ, Համամուսալեռցիական երկրորդ համագումար, հարթաքանդակի բացում, Այնճարի նահատակներուն նուիրուած կոթողի բացում, եզրափակիչ հանդիսութիւն, պատարագ եւ հոգեհանգիստ, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի: