Մոսկուա – Պաքու Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Անցողակի Տագնապ

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
25 Դեկտեմբեր 2024-ին Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած էին, երբ Ատրպէյճանի օդանաւային ընկերութեան մէկ օդանաւը վնասուած էր ռուսական օդային տարածքին մօտ թռիչքի պահուն եւ ի վերջոյ կործանած էր Ղազախստանի մէջ՝ 38 զոհ խլելով։ Ատրպէյճան շուտով հաստատած էր, որ օդանաւը հարուած ստացած էր ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ։
Այս աղէտին վերաբերող թնճուկը ամիսներ շարունակ դարձաւ լարուածութեան հիմնական աղբիւրը։ Պաքու Մոսկուայէն կը պահանջէր բացատրութիւն, պատասխանատուութիւն եւ փոխհատուցում։
Բնականաբար, այս ծանր դէպքը ազդեց Ալիեւ-Փութին յարաբերութիւններուն վրայ։ Պաքու յամառօրէն պնդեց, որ դէպքը դժբախտ պատահար մը չէր, զոր կարելի էր շուտով մոռնալ։ Ամիսներ ետք, Հոկտեմբեր 2025-ին, Փութին հրապարակաւ ընդունեց, որ օդանաւը թեքնիք խանգարում չէր ունեցած, այլ սխալմամբ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը թիրախաւորած էր։ Ան պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրեց Ալիեւէն։ Երկու նախագահները հանդիպեցան Տուշանպէի մէջ՝ 9 Հոկտեմբերին, եւ այսպէս հանգոյցը բաւական մը քակուեցաւ։
Այս օրերուն, օդանաւային արկածի փոխարէն, ցամաքէն է, որ սկսած է տագնապ մը։ Մոսկուայի ատրպէյճանական համայնքի ղեկավար Պախթիար Հասանով արտաքսուած է Ռուսիայէն, իսկ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը միջազգային հետախուզութիւն յայտարարած է երեք ռուս քաղաքացիներու նկատմամբ՝ երկրի տարածքային ամբողջականութեան խաթարման, սահմանադրական կարգի տապալման ուղղուած կոչերուն եւ ազգամիջեան թշնամանքի հրահրման համար։ Ըստ Պաքուի, այս երեք քաղաքացիները, որոնք մասնագիտացած եւ փորձառու լրագրողներ են, վերջին երկու ամիսներուն հեռարձակուած հաղորդումներու ընթացքին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ տեղւոյն քաղաքացիներուն դէմ բռնութիւն կիրարկելու կոչեր կատարած են։
Նմանօրինակ կացութիւն մը ստեղծուած էր Յունիս 2025-ին, երբ Ռուսիոյ Եկատերինպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած էին անախորժ դէպքեր, որոնք անգամ մը եւս լարուած մթնոլորտ ստեղծած էին։
Արդարեւ, ռուսական իշխանութիւնները խուզարկութիւններ կատարած եւ երկարատեւ քրէական հետաքննութիւններ կատարած էին՝ թիրախաւորելով ատրպէյճանական ծագում ունեցող անձեր։ Օրին, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բողոքած էին եւ շեշտած, որ ռուսական ապահովութեան ուժերը վատ վերաբերում ունեցած էին ձերբակալուածներուն նկատմամբ, եւ նոյնիսկ երկու ատրպէյճանցի եղբայրներ մահացած էին կալանքի տակ։ Մինչդեռ Մոսկուա դէպքը ներկայացուցած էր այլ ձեւով՝ զայն կապելով 2001-էն սկսեալ սպանութիւններու հետաքննութեան մը հետ։
Պաքու կտրուկ կերպով հակազդած էր՝ ջնջելով մշակութային ձեռնարկներ եւ ձերբակալելով ռուսական լրատուական գործունէութեան համար գործող քաղաքացիներ։
Այս դէպքերէն աւելի վեր դիտելով՝ Ատրպէյճան-Ռուսիա վէճը նաեւ աւելի լայն տարածաշրջանային փոփոխութեան մը արտացոլումն է։
Յետխորհրդային առաջին տարիներուն, Մոսկուա՝ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի քաղաքական ու անվտանգային հաշուարկներուն վրայ ազդելու բացառիկ կարողութիւն ունէր։ Այդ համակարգը այսօր բաւական մը թուլցած է, եւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ Ռուսիա այլեւս գերիշխող ուժ չէ։ Մասամբ մըն ալ Ուքրայինայի պատերազմը արագացուցած է այս գործընթացը։
Վրաստան իր բարդ ուղին կը շարունակէ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ։ Հայաստան հեռացած է ռուսական անվտանգային կառոյցներու նկատմամբ իր նախկին կախուածութենէն։ Ատրպէյճան ամրապնդած է Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները եւ ընդլայնած միջազգային գործընկերութիւնները։
Աւելի անկախ Ատրպէյճան կը շարունակէ ամրապնդել իր կապերը Թուրքիոյ, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ՝ միաժամանակ պահպանելով տնտեսական կապերը Ռուսիոյ հետ։
Հայաստանի գործօնն ալ մեծ դեր ունի Ատրպէյճան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն վրայ։ Տասնամեակներ շարունակ Ռուսիա պաշտօնական ռազմական դաշինք ունէր Հայաստանի հետ, այնքան մը, որ Պաքու այս յարաբերութիւնը կը նկատէր իր ռազմավարական ազատութեան գլխաւոր սահմանափակումներէն մէկը։
Սակայն 2020-էն ետք այս իրավիճակը արմատապէս փոխուեցաւ՝ Արցախի պատերազմէն ետք։
Ատրպէյճանի համար մարտահրաւէրը իր ռազմավարական ինքնավարութիւնը պահպանելն է՝ առանց Մոսկուայի հետ լարուածութիւնը վերածելու անմիջական առճակատման։
Ռուսիոյ համար մարտահրաւէրը նոյնքան յստակ է։ Հարաւային Կովկասի մէջ ազդեցութիւն պահպանելը պիտի պահանջէ տնտեսական խթաններ, դիւանագիտութիւն եւ համագործակցութիւն։ Հետեւաբար, Ատրպէյճան-Ռուսիա յարաբերութիւնները մտած են անծանօթ շրջան մը։
Քանի մը օր առաջ Պիշքեքի մէջ եւ նախապէս ալ հեռաձայնով խօսակցութիւն ունենալով, Փութին եւ Ալիեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բնութագրեցին իբրեւ կառուցողական։ Սակայն յարաբերութիւններու քաղաքական հիմքերը էապէս փոխուած են։
Երկու երկիրները կրնան կրկին զիրար գործընկերներ կոչել։ Անոնք կրնան յաւելեալ զարկ տալ առեւտուրին, փոխադրութեան եւ դիւանագիտական շփումներուն։ Անոնք նոյնիսկ կրնան վերջին երկու տարիներու ճգնաժամերը լուսանցքի տակ առնել։
Հիմնական հարցը այլեւս այն չէ, թէ Ատրպէյճան Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին կը պատկանի՞, թէ ոչ։ Այլ՝ թէ Ռուսիա կրնա՞յ մնալ կարեւոր գործընկեր մը այնպիսի Ատրպէյճանի մը համար, որ հետզհետէ աւելի կը պնդէ իր ազդեցութեան գօտին ինքնուրոյն կերպով սահմանելու իրաւունքին վրայ, մանաւանդ որ «Իրական Հայաստան»-ով տոգորուած Երեւան մը, կը շարունակէ կառուցել «խաղաղութեան ճանապարհ» մը։

