Մոսկուայի Մէջ Բագրատունի Հանդիպում Ունեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչին Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա կեցութեան շրջագիծին մէջ, Յակոբ Բագրատունի այցելեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի Լիբանանի եւ Սուրիոյ հարցերու գլխաւոր տեղակալ Թիմոր Սերքեւիչ Փեշաթքինի հետ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին արծարծուեցան շրջանային զարգացումները` Իրանի վրայ ամերիկեւիսրայէլեան եւ Լիբանանի վրայ Իսրայէլի կատարած յարձակումներուն լոյսին տակ:
Ռուս դիւանագէտը լայնօրէն պարզեց տիրող իրավիճակը եւ այդ ուղղութեամբ Ռուսիոյ դիրքորոշումը` շեշտելով յարձակումներուն վերջ տալու հրամայականը, զինադուլի հաստատումն ու անոր գործնական կիրարկումը եւ շրջանին մէջ արդարութեան հիման վրայ խաղաղութիւն հաստատելու առաջնահերթութիւնը:
Սուրիոյ պարագային, Փեշաթքին կարեւորութեամբ դիտել տուաւ, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ երկրի հողային ամբողջականութեան եւ փոքրամասնութեանց ապահովման իր զօրակցութիւնը` մերժելով երկրի մասնատման ու Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ յառաջ քշուած նկրտումները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ Պաքուի մէջ բանտարկուած արցախցի գերիներու հարցին եւ զանոնք ազատ արձակելու պահանջին, ինչպէս նաեւ Արցախի տեղահանուած ժողովուրդի վերադարձի եւ ազատ ինքնորոշման իրաւունքին:

