Արուեստ Եւ ՄշակոյթԲացառիկԼրահոս

Մոռցուած Ամերիկահայեր.- ԲԱՄԲՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ՝ ՀԵՐԻ ՊԱՊԱՍԻՆ (1921-1988)

Ճազ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս յիշատակելի ներկայութիւն մը եղած է Հերի Պապասին։
Երուանդ Հերի Պապասին (Պապասեան, հաւանաբար Փափազեան) ծնած է Մարտ 19, 1921-ին, Տալասի (Թեքսաս) մէջ։ Հայրը ատամնաբոյժ էր, իսկ ամերիկացի մայրը՝ դպրոցի երաժշտութեան ուսուցչուհի։ Ան յաճախած է Նորթ Թեքսաս նահանգային համալսարանը, դառնալով այդ համալսարանի բազմաթիւ ճազ նուագող երաժիշտներէն մէկը։ Անոնց շարքին էին Ճիմի Ճուֆրէ եւ Հըրպ Էլիս, որոնց հետ նուագած է 1940-ական թուականներու սկիզբին։
1942-ին, Պապասին մաս կազմած է Չարլի Ֆիսքի նուագախումբին ու լքած համալսարանը՝ շրջապտոյտի մեկնելու համար։ 1940-ական թուականներուն, այլ ծանօթ երաժիշտներու հետ ալ շրջապտոյտներ կատարած է։ 1945-ին, հաստատուած է Լոս Անճելըս՝ աշխատելով Չարլի Պառնէթի հետ, եւ միացած է հռչակաւոր Պենի Կուտմընի նուագախումբին, որուն հետ ձայնագրած է բազմաթիւ ձայնապնակներ։ 1947-ին, ան առաջինը եղած է, որ բամբջութակով (doublebass) ճազի մենանուագներ ձայնագրած է։
1948-ին, երկրորդական դեր ունեցած է Հաուըրտ Հօքսի «Երգ մը ծնած է» ժապաւէնին մէջ, որուն գլխաւոր դերակատարը համբաւաւոր դերասան Տանի Քէյն էր։ Ճազի բազմաթիւ աստղեր դեր ունեցած են, ներառեալ՝ Պենի Կուտմըն, Չարլի Պառնէթ, Լուիս Արմսթրոնկ, Լայընըլ Հոմթըն եւ ուրիշներ։ Նկարահանման ընթացքին, ծանօթացած է պրազիլցի կիթառահար Լաուրինտօ Ալմէյտային, որուն հետ կազմած է քառեակ մը, թմբկահար Ռոյ Հարթի եւ սաքսոֆոնահար Պըտ Շէնքի կողքին։ Այս քառեակը պրազիլական երաժշտութիւնն ու ամերիկեան ճազը համախառնելու անդրանիկ փորձերէն մէկը կատարած է։ Անոր ձայնապնակները՝ 1954-ին, կանխած են եզակի պրազիլական պոսա նովա երաժշտութեան ծաւալումը 1950-ականներու վերջերուն եւ 1960-ականներու սկիզբներուն։ 1950-ականներու կէսերուն, Պապասինիր սեփական խումբը ստեղծած է՝ “Harry Babasin & the Jazzpickers”, դառնալով իր սերունդի հազուագիւտ բամբջութակի նուագողներէն, որ նաեւ նուագախումբի ղեկավար էր։ Այս խումբը երեք ձայնապնակ հրատարակած է։ Պապասին նաեւ համահիմնադիրներէն եղած է բարձր գնահատանքի արժանացած «Նոքթըրն» ձայնապնակի հրատարակչատան, որ կարճատեւ կեանք ունեցած է։
1960-ական թուականներուն, Պապասինի գործունէութիւնը դանդաղած է։ Ան վերստին աշխատած է Չարլի Պառնէթի հետ, աջակցելով նշանաւոր կատակերգակ Պոպ Հոփին, որ ամերիկեան զօրքերուն առջեւ ելոյթ կ՚ունենար։ 1970-ական թուականներուն, Պապասին եւ Ռոյ Հարթ հիմնած են Ա․Մ․Ն․-ի արեւելեան ափի ճազի պատմութեան արխիւ մը։
Պապասինի երաժշտական վերջին շրջապտոյտը տեղի ունեցած է 1985-ին՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Ճոն Պանիսթըրի, որ “The Bear” («Արջը») անունով մկրտած էր զայն՝ տպաւորիչ կերպարանքին եւ բամբջութակ նուագելու ուժգին ձեւին համար։ Պապասին մահացած է Լոս Անճելըսի մէջ, Մայիս 21, 1988-ին, մասնակցած ըլլալով մօտաւորապէս 1.500 ձայնագրութիւններու՝ իբրեւ պաս կիթառահար եւ բամբջութակահար։
Պապասին կը պատկանի հայազգի մարդոց այն փաղանգին, որ փայլած է ոչ-հայկական շրջապատին մէջ՝ կեղծանունով կամ այլափոխուած մականուններով։ Հուսկ, ան կարեւոր ներկայութիւն մը եղած է ամերիկեան ճազի աշխարհին մէջ՝ իբրեւ ստեղծագործ ու նորարար երաժիշտ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button