
Read Time:20 Second
Այսօր` Օգոստոս 23, Մհեր Ջուլհաճեանի եւ Մերուժան Մոսիյեանի յիշատակի օրն է: Արդարեւ, Օգոստոս 23, 1993-ին, Մարտունիի դիրքերուն վրայ պաշտպանութեան ընթացքին, զոհուեցան Մարտունիի 26-րդ գումարտակի հրամանատար՝ Հ.Յ.Դ. Արցախի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մերուժան Մոսիյեանը եւ Լիբանանէն ժամանած՝ Հ.Յ.Դ.-ի անդամ, 26-րդ գումարտակի հետախուզական եւ զինական մասի խորհրդական Մհեր Ջուլհաճեանը: Անոնց կողքին, նահատակուեցան նաեւ Արտակ Մնացականեան, Լեւոն Համբարձումեան եւ Ռուտիկ Աւագեն: