ՄԻՆՉԵՒ Ո՞ՒՐ ԿՐՆԱՆ ՏԱՆԻԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓԱՌԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 10 Second

Մարք Յարութիւնեան

            Արեւելեան Միջերկրականը վառօդարան դարձած է Թուրքիոյ ծաւալապաշտութեան եւ անսանձ ախորժակներուն պատճառով: Ֆրանսական Շարլ տը Կոլ օդանաւակիրը շրջան ղրկուած է, պաշտպանելու համար Յունաստանը հետզհետէ աւելի սուր բնոյթ ստացող թրքական վտանգին դէմ:

            Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան քաղաքական իսկական պատեհապաշտ մըն է: Իր ծաւալապաշտական կիրքը յագեցնելու համար, կը դիմէ ամէն միջոցի, կ’օգտագործէ իսլամութիւնը, համաթրքութիւնը (panturquisme), Ատլանտեան Ուխտի ճամբով արեւմտեաններու հետ իր իրաւ-կեղծ համագործակցութիւնը կը շարունակէ եւ Թուրքիոյ աւանդական ռազմավարական մրցակից եւ թշնամի Ռուսիոյ կը մօտենայ, միջազգային բեմի վրայ ճատրակի քարերը ըստ կամս շարժելով:

            Միաժամանակ, օգտուելով արաբական աշխարհի պառակտումներէն եւ այլ դժուարութիւններէն, Ռեճէպ էրտողան կը ձգտի իւրացնել իսլամական աշխարհի առաջնորդութիւնը, ցանկալով բոլորը միացնել իսլամական ազգայնականութեան մը միութեան մէջ,- եթէ եզրը ընդունելի է,- ի հարկէ՝ թրքական տիրապետութեամբ, պատմութեան մէջ դրսեւորուած իսլամ-քրիստոնեայ հակադրութիւնը այժմէականացնելով եւ ինչպէս վերջին տարիներուն, կրօնական ազդակը եւ մոլեռանդութիւնը չարաշահելով, կ’ուզէ իր սայլին լծել արաբական աշխարհը:

            Ռեճէպ Էրտողան ուժանիւթային անկախութեան տիրանալու համար, կը միջամտէ Սուրիա, Իրաք, Լիպիա: 21 օգոստոսին, ի լուր աշխարհի յայտարարեց, որ հորահատող Ֆեթիհ նաւը Սեւ ծովուն մէջ գտած է բնական կազմի մեծագոյն հանքը, որ երբեւիցէ գտնուած ըլլայ Թուրքիոյ մէջ, որուն օգտագործումը, ըստ իր նախատեսութեան, կը սկսի 2023ին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հարիւրամեակին, նպաստելով իր երկրի հզօրութեան եւ ուժանիւթային անկախութեան: Բարձրագոչ ճառ մը, կրկին եւ կրկին արթնցնելու համար օսմանականութիւնը, կայսրութեան երազը, եւ յիշեցնելու, որ իրենց պաշտպան է հին թուրքերու Թանրին՝ Ալլահ դարձած աստուծոյ ոգին: Սեւ ծովուն մէջ գտնուած բնական կազի յայտնաբերման առիթով, խանդավառուելով ըսած է, որ «Աստուած մեր առջեւ բացաւ դուռ մը դէպի աննախընթաց հարստութիւններ»:

            Ռեճէպ Էրտողան համաթրքական քաղաքականութեան կը ծառայեցնէ կրօնքը, հակադրուելով քրիստոնէութեան, մասնաւորաբար յոյներուն, բայց նաեւ անոնց հաւանական եւ բնական դաշնակիցներուն, այսինքն բոլոր ուղղափառներուն, սլաւներուն, հասկնալ՝ Ռուսիոյ, նաեւ՝ Եւրոպայի, ուրկէ դուրս դրուած էր, Վիէննայի դռները հասնելէ ետք: Զարմանալի է, որ քաղաքակիրթ աշխարհը հանդիսատես է, երբ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գտնուող երկու պատմական եկեղեցիներ մզկիթի կը վերածուին: Մամուլը կը խօսի եւ յետոյ՝ անջրպետային լռութիւն:

            Կրօնական խորհրդանիշներու վրայ յարձակումը ունի քաղաքական յետին նպատակ: Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան կ’ուզէ վիրաւորել յոյներու զգացումները, զանոնք գրգռել, յուսալով անոնց հակազդեցութիւնը, բախումով մը անոնց պարտադրելու իրենց անցեալի վիճակը, ճնշման տակ զիջումներու մղելու համար զանոնք:

            Ռեճէպ Էրտողան թրքական բանակի ներխուժումով բռնագրաւուած թրքական կոչուած Կիպրոսի կը կռթնի, արեւելեան Միջերկրականի մէջ փառասիրութիւն հետապնդելու համար: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ թրքական զօրք եւ ծովուժ կայ պառակտուած Լիպիոյ մէջ, իր միջոցաւ հոն եկած են նաեւ իսլամ ծայրայեղականներ եւ արաբական երկիրներ զօրավիգ են մէկ կամ միւս կողմին: Ուղղակի դերակատար է Ռուսիան, մասամբ նաեւ Ֆրանսան, եւ կը փորձեն հակակշռել թրքական ներկայութիւնը, որ կ’անգիտանայ զիրենք: Իսկ արաբական երկիրները զօրավիգ են Լիպիոյ մէջ իրարու հակադրուող մէկ կամ միւս կողմին: Կացութիւնը լրջացած է 13 օգոստոսէն ի վեր, երբ թրքական ռազմանաւեր յայտնուեցան լիպիական ծովային գօտիին մէջ:

            Թուրքիա կ’ուզէ օգտուիլ լիպիական նաւթէն: Կացութիւնը բարդացած է այն օրէն, երբ յայտնի դարձաւ, որ արեւելեան Միջերկրականի մէջ բնական կազի հանքեր կան: Թուրքիա կը յաւակնի Յունաստանի եւ Կիպրոսի ծովային սահմաններուն մէջ գտնուող այդ ուժանիւթի 40%ին տէր դառնալ, ինչ որ կը մտահոգէ նաեւ Եգիպտոսը, Սուրիան, Իսրայէլը եւ Լիբանանը: Այս յաւակնութիւններով, Թուրքիա կը քննադատէ 1923ի Լոզանի դաշնագիրը, որ Յունաստանի հետ սահմանները ճշդած էր, եւ կը պաշտպանէ թուրքերու «պատմական իրաւունքները», որպէս իրաւայաջորդները «օսմանցի թուրքերուն», որոնց կայսրութեան մաս կը կազմէր արեւելեան Միջերկրականը. Կիպրոս, Յունաստան, Պալքանեան երկիրներ, Իրաք, Սուրիա, Լիպիա:

            Կացութիւնը պայթիւնավտանգ է այն օրէն ի վեր, երբ Թուրքիա նաւթ փնտռելու համար ծովուն ընդերքը ուսումնասիրող նաւ մը ղրկեց այդ շրջանը: Ֆրանսա եւ Եգիպտոս հակազդեցին, բայց Ատլանտեան Ուխտ, Եւրոմիութիւն եւ Գերմանիա գաղջ վերաբերում ճշդեցին, ինչ որ քաջալերեց Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները: Նոյնիսկ Թուրքիա չորս ռազմանաւեր ղրկեց Լիպիա, չէզոքացնելու համար իր փառասիրութիւններուն եւ իր պաշտպանած Թրիփոլիի կառավարութեան հակադրուող մարաջախտ Հաֆթարի ուժերը: Թուրքիա շրջանին մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը ուժեղացուցած է, իր պաշտպանած Թրիփոլիի կառավարութեան օգնելու համար հոն ղրկելով «զինուորական խորհրդատուներ», որոնք դերակատար են Լիպիոյ քաղաքացիական կռիւներուն մէջ: Թուրքիա ղրկած  է նաեւ հակաօդային զէնքեր:

            Քաղաքական դէտերու համար յստակ է, որ Թուրքիա չ’ուզեր որ վերջ գտնէ Լիպիոյ քաղաքացիական կռիւը եւ կը հրահրէ երկպառակաութիւնները: Նոյնիսկ ուզած է Թրիփոլիի մէջ յեղաշրջում մը կատարել եւ իրեն հաւատարիմ մը դնել իշխանութեան գլուխը: Կացութիւնը բարդացած է նաեւ այն պատճառով, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ, 5000 ծայրայեղական կռուողներ եկած են Սուրիայէն:

            Այս մթնոլորտին մէջ, իրենց զինուորական-քաղաքական դիրքը շահագործելով, պատասխանատուներ կազմակերպած են դէպի Եւրոպա գաղթողներու հոսքը եւ միլեառներ շահած:

            Թուրքիա վտանգաւոր եւ նենգ խաղ մը կը շարունակէ: Ըստ համաձայնութիւններու, Սուրիոյ մէջ պիտի հակակշռէր ծայրայեղական կռուողները, բայց  փոխանակ այդ ընելու, զանոնք օգտագործեց եւ կ’օգտագործէ քիւրտերու դէմ: Հոն ունի զինուորական մարզումի ճամբարներ, վարձկաններ ղրկելու համար Լիպիա:

            Թուրքիոյ երկդիմի քաղաքականութիւնը ոչ ոքի համար գաղտնիք է: Մէկ կողմէ անդամ կը մնայ Ատլանտեան Ուխտին, միւս կողմէ կը համագործակցի իսլամ ծայրայեղականներուն: Ատլանտեան Ուխտի շրջանակներուն մէջ ծանօթ են խաղին:

            Այս պայթիւնավտանգ կացութիւնը մինչեւ ե՞րբ կրնայ տեւել: Դիւանագիտական ճապկումները, խոհեմութիւնները, նոյնիսկ տեղատատուութիւնները յօդս կը ցնդին, եթէ ծայայեղական նախաձեռնութիւն մը, նոյնիսկ փոքր, կրակ տայ պատերազմի պատրոյգին: Այն ատեն հեռուի եւ մօտի պետութիւններ ստիպուած պիտի ըլլան իրենց սեփական եւ հաւաքական պատասխանատուութիւնները ստանձնելու:

            Ինչպէ՞ս, ո՞ւր, ի՞նչ գին վճարելով: Մէկ բան որոշ է. մասնակի շահերը եւ անբարոյ շահակցութիւնները ոչ մէկ կշիռ պիտի ունենան: Ինչ որ պիտի պատահի սահմանային կռիւ մը պիտի չըլլայ:

            Թուրքիա անցեալի բռնագրաւուած աշխարհներուն մէջ ժամանակակից օսմանցի թուրքերու «պատմական» իրաւունքները կը պահանջէ, տիրապետութեան յիշատակներ:

            Ի՞նչ պէտք է ըսէ եւ ընէ Անիի, Կարսի Վանի եւ Մուշի համար… Անոնք իրաւատէր չունի՞ն…

 

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles