

Լոնտոնի ամառնային 30-րդ ողիմպիական խաղերուն 11-րդ օրէն ետք, Հայաստան տիրացած է երեք մետալներու: Հայրենի կազմին երեք մետալակիրներն են` յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 74 քկ. ծանրութեան դասակարգէն ներս Արսէն Ճուլֆալաքեան (արծաթ), 96 քլկ. կշիռէն ներս Արթուր Ալեքսանեան (պրոնզ) եւ կանանց ծանրաբարձութեան մարզէն ներս մասնակցող Հռիսփիմէ Խուրշուտեան (պրոնզ):

Այս վերջինը, 74 քլկ. դասակարգէն ներս հանդիսացաւ երրորդ, իսկ ըմբշամարտիկ Արսէն Ճուլֆալաքեան (74 քլկ.) կիսաւարտականին Ատրպէյճանի ներկայացուցիչին յաղթելէ ետք, հասաւ աւարտականին, եւ պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն:
Հայաստանի մարզիկները1996 թուականին կայացած ողիմպիական խաղերուն գրաւած էին 41րդ դիրքը, որ ցարդ խմբային առումով Հայաստանի արձանագրած լաւագոյն արդիւնքն է: