ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ ՍՈՒՐԲ ԱՐՑԱԽԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 46 Second

nagorno-karabakhՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

«Փոշիացել են շա՜տ կայսրութիւններ,
Բայց վերէն ձայնը կը լսուի փրկութեան`
Անոնք չեն, օ՜ ո՛չ, Արցախի տէրը,
Արցախը ի՛մս է ու նաեւ` ձե՛րը»

Լիուպիցա Միլետիչ
(Սերպ փիլիսոփայ եւ բանաստեղծ)

Սեպտեմբեր 2, 1991 թուականը պատմական չէ միայն: Պարզապէս, հայոց պատմութեան էջ մը չէ որ կը դարձնենք: Ընթերցողը պէտք է որ կանք առնէ, կարդայ ու կրկին կարդայ այդ օրուան օրագրութիւնը:
Խոր իմաստ ունէր այդ օրուան Արցախի Հանրապետութեան հռչակումը։
Այդ որոշումին վրայ էր որ պիտի կիրարկուէր անկախութեան հռչակման կերտումը, տարածաշրջանէն ներս: Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրեակին, ազերի զօրքը, օգտուելով ի նպաստ իրեն կատարուած նշանակումներուն, ձեռնարկած էր ամէն գնով Արցախի հայութիւնը բնաջնջելու: Սակայն հայորդին, տեղւոյն Արցախի զանազան քաղաքներէն, մինչեւ Հայաստան եւ Սփիւռք, որոշած էր այլընտրանք:
…Այլ խենթ հնարք մը, նոյնքան կարեւոր եւ անկիւնադարձային որքան Սուրբ Վարդանանց պատերազմն եւ Սարդարապատեան ճակատամարտները: Սոսկ, պատերազմ մը չէր 25 տարի առաջ կատարուածը, այլ գոյութեան եւ լինելութեան կատաղի մարտ: Հակառակ թիւի եւ աշխարհագրական դիրքի դժուարութիւններուն, «Քարինտակ»էն ո՛չ թէ միայն քարերուն ու ժայռերուն վրայ բարձրացան այդ օրերու հերոսները, հասնելով Ատրպէյճանական բարձունքներն ու կոյր ռմբակոծման համար օգտագործուող Շուշիի բերդերը: Այլ ցայսօր անոնց անպարտելի եւ անգերազանցելի պայքարի ոգին կը սաւառնի Արցախեան երկինքին վրայ:
Մէյ մը եւս կարդալ պատահածները, հետեւիլ քարտէսին եւ վերլուծե՜լ: Անհաւատալի բան, ինչպէ՞ս կարելի էր սակաւ կարելիութիւններով, վտանգաւոր դիրքերու վրայ գտնուող, եւ դեռ աւելին՝ անհաւասար ուժերով, Արցախի հայութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլար, յարձակելու եւ իրողապէս եւ ըստ ամենայնի, կերտելու իր անկախութիւնը ազերիներու լուծէն:
Այսօր, արդէն 25 տարեկան է Արցախի Հանրապետութիւնը, որ տնտեսական, ընկերային, մշակութային, կրթական, քաղաքական թէ ազգագրական մարզերէ ներս ամէնայն ինքնավստահութեամբ եւ արդարութեամբ գործելով, օրինակելի դարձած է:
Զարմանալիօրէն այդ պատմական անկախութեան հռչակման օրէն ետք, արձանագրուեցաւ յաղթանակներու շարանը, որու արդիւնք կատարուեցաւ զինադադար եւ Պաքուն քաջատեղեակ եղաւ թէ այդ հողերը կը պատկանին պատմութիւն կերտած հերոս՝ Նիկոլ Դումանի շառաւիղին:
Այդ անկախութեան հռչակումն է որ թեւեր տուաւ հայորդիին, յամառօրէն պայքարելու, դիմադրելու եւ թշնամին դուրս շպրտելու:
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն ալ շատ բան սորվեցուց Արցախի Հանրապետութեան, այնքան մը որ որքա՜ն խախտուեցաւ զինադուլն ու շարունակուին սպառնալիքները, այնքան մը ամրապնդուեցան սահմանն ու պահակ զինուորին կամքն ու կորովը:
Եւ վերոյիշեալ բանաստեղծութեան նման, «Անոնք չեն, օ՜ ո՛չ, Արցախի տէրը,
Արցախը ի՛մս է ու նաեւ` ձե՛րը»…եւ մեր բոլորին Սուրբ Արցախը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles