
Յ. Պալեան
«Մեզմէ ոչ մէկը առանձին գործելով չի կրնար յաջողութեան հասնիլ»…
ՆԵԼՍԸՆ ՄԱՆՏԵԼԱ
Միջազգային հանրային կարծիքը եւ զայն լուսաբանելու կոչուած լրատուամիջոցները, մեծ եւ պզտիկ թերթեր, ձայնասփիւռները հեռատեսիլի կայաններ, կամաւոր կուրութեան յառաջացուցած անգիտակցութեամբ գոհացածի եւ շահախնդրուածի վերաբերում ունին Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան սպառնացող վտանգին դիմաց: Ինչպէս արդէն պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ արձանագրած եւ մոռցած են բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը եւ անոր հայրենահանուած ժողովուրդը: Երբեմն կը յիշեն, բայց ընդհանրապէս ան որպէս մանրուք նկատի կ’առնուի, քանի որ մարդիկ, ժողովուրդներ եւ պետութիւններ անհանգստացնող ազդակ չեն: Հայաստանէն մնացած բեկոր Հանրապետութեան դէմ կրկնուող նախայարձակումները ընթացիկ գործ են միջազգային լրատուութեան համար, հարց չեն, ցնցող չեն, զիրենք չեն անհանգստացներ: Եթէ յոռեգոյնը պատահի անգամ, այդ ալ կը դառնայ լրատուութիւն եւ յաջորդ օրը կը մոռցուի, կը սպասուին կամ կը տրուին նոր եւ աւելի ուշագրաւ համարուած կամ կարեւոր լուրեր:
Մեծերու համար լրացուցիչ կամ մանրուք են Հայաստանը, հայութիւնը եւ հանրապետութիւնը, շահագրգռութիւններ ունենալու համար պատճառներ չկան, չունին:
Եթէ միջազգային հանրային կարծիքը, եւ իրենք իրենց ամենագիտութեան վկայական եւ իրաւունք շնորհած անմիջական եւ ցնցող լուրերու հետամուտ լրատուամիջոցները պահ մը կանգ առնէին եւ հարց տային, թէ ի՞նչ կ’ուզէ Թուրքիան, աւելի ճիշդ՝ ի՞նչ է թուրք քաղաքականութեան գաղափարաբանութիւնը, այլ որակ կու տային իրենց թուղթ մրոտելու եւ եթերին մէջ աղմկելու արհեստին, եթէ հարց տային, թէ ինչպէ՞ս գործած են եւ ինչպէ՞ս կը գործեն, ո՞ւր հասնելու համար: Ճիշդ տեսնելու եւ ճիշդ մտածելու եւ լուսաբանելու համար, միջազգային լրատուամիջոցները, որոնք կը գործեն պետութիւններու շրջագիծին մէջ, թեր կամ դէմ, կ’ազդեն քաղաքական կողմնորոշումներու եւ ընտրանքներու վրայ, բայց իրենց չսպառնացող վտանգներէն անդին չեն նայիր: Այդ վտանգները այսօր կրնան իրենց չբռնանալ, բայց վաղը, նկատի ունենալով որ աշխարհ պզտիկցած է, վտանգները կրնան բազմապատկուիլ եւ ընդհանրանալ, հասնիլ նաեւ իրենց:
Այսօր, լրատուամիջոցները, անոնց հունով՝ պետութիւնները, կը խօսին Ազրպէյճանի Հայաստանի դէմ սանձազերծած նախայարձակման մասին, երբեմն ալ հարց կու տա՞ն, թէ ո՞վ է նախայարձակը եւ ո՞վ է տուժողը, եւ ի՞նչ է հետապնդուած նպատակը: Կը Խօսին, յաճախ պատկերներով՝ տպաւորելու համար: Բայց լրատուամիջոցները ակադեմիա չեն, բանտուած են անմիջականի եւ արագի մէջ, գերին են ընթերցողի համրանքին, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի պարագային՝ «օտիմաթ»ի, բայց նաեւ անոնց՝ որոնց նիւթական նեցուկով կը գործեն:
Լրատուամիջոցները եթէ պատմական քարտէսներու վրայ փնտռէին «Ատրպէյճան» անունով «տարածք մը, իրենք զիրենք կը լուսաբանէին եւ ճիշդ կը խօսէին, նուազ կը սխալէին իրենց քայլերուն վրայ՝ քաղաքական մեծ եւ պզտիկ մարդիկ, որոշողներ:
Այդ քարտէսներուն վրայ անոնք պիտի գտնէին «Արմենիա», ոչ Ատրպէյճան, ո՛չ իսկ Թուրքիա»… եւ հարց տային թէ ի՞նչ պատահած է, ինչպէ՞ս եկուոր ներխուժողը, անտառի օրէնքով իրաւազրկած է բնիկը: Եւ ինչպէ՞ս եկուորներ անարգել կը շարունակեն նոյն ուղիին վրայ, քաղաքակիրթ համարուածներ, արդարութիւն եւ իրաւունք յանկերգող ժողովուրդներ, անոնց ղեկավարները, լիահագագ աղմկարարներու «հաւասարութիւն» եւ այլ գեղահունչ բառեր հոլովողները եւ անոնցմով գինովցողները, որոնք կը տեսնեն, գիտեն, բայց ոչինչ կ’ընեն, չեն ուզեր ընել, իրենց հանգիստը չխռովելու մսկոտութեամբ:
Բայց «անտառի օրէնք»ը ճամբու այս կամ այն կէտին վրայ կանգ չ’առներ, անտառին մէջ ցանկապատ չկայ: Իրենք ալ օր մը պիտի գըտնուին, կրնան գտնուիլ, այդ անտառին մէջ, որուն անունը պիտի ըլլայ քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու եւ կրօններու պատերազմ, որ պիտի ըլլայ հետեւանքը անմիջականի շահախնդրութիւններու եւ քաղաքական-ղեկավարական ապիկարութիւններու:
Եթէ իրատեսութեան հրաշքով մը, այսօր ուրիշներու պարտադրուած անարդարութիւններուն եւ ոճիրներուն հանդուրժողներ, կրկին հարց տային, թէ ինչո՞ւ նացիները պատերազմիկ դարձան եւ յարձակեցան ուրիշ ժողովուրդներու եւ անոնց հայրենիքներուն վրայ, աւեր գործած հոգեկան ախտերը կը հասկնային… Թերեւս չէին կրկներ, աւելի ճիշդ՝ թոյլ չէին տար որ անոնք կրկնուին, նախայարձակ եւ զոհ չէին շփոթեր, իրենք իրենց կը յուշէին տափակութեամբ կրկնուող այն իրաւ-կեղծ իմաստութիւնը, որ կառավարել նախատեսել է:
Պիտի հասկնային… որ պատերազմներ կը շղթայազերծուին, նպատակ ունենալով կենսատարածքի ընդլայնումը: Անցեալի եւ ներկայի ծաւալապաշտները, կրօնամոլները, ցեղապաշտները այդպէս յայտնուած են եւ այդպէս ալ աւեր գործած: Միշտ պէտք է յիշել երկու աշխարհամարտերու դրդապատճառները եւ միլիոնաւոր զոհերը, անտառի օրէնքն անգամ երբեւիցէ այդքան կեանքեր չէր խլած։ Այդ էր նացիականութեան գաղափարական տրամաբանութիւնը, այդ էր երէկ եւ է այսօր բոլոր ծաւալապաշտներու, իշխանատենչներու եւ տիրակալներու կիրքի մղիչ ուժը:
Ծաւալապաշտին արդարացման նպատակը պարզ էր եւ է. բնիկի կենսատարածքին տէր դառնալ: Այսինքն բնիկը զրկել ապրելու իրաւունքէ: Այդ նպատակին հասնելու համար միջոցներու միջեւ խտրութիւն չկայ, մանաւանդ որ մարդկութիւնը, իմաստութիւն համարած է մոռնալ չարիքները եւ չարութիւնը, միշտ շահադիտութեամբ եւ վատութեամբ: Ատոլֆ Հիթլէր շնական (ցինիկ) իմաստութեամբ ըսած էր, երբ իր մահասփիւռ զօրասիւնները կ’արձակէր Լեհաստանի վրայ, որ «այսօր ո՞վ կը յիշէ հայոց ջարդերը»: Այն ատեն ցեղասպանութիւն եզրը գոյութիւն չունէր: Ազգերու Լիկան եւ անոր հռչակաւոր Սեւրի դաշնագիրը արդարահատոյց չեղան եւ ցեղասպանութիւնը կրկնուեցաւ: Հայաստանի եւ հայութեան դէմ կրնայ նոյն ոճիրը կրկնուիլ…
Արիստոտէլի իմաստութիւնը պէտք է յիշել, ըստ որուն սովորութիւնը երկրորդ բնութիւն է… Այս մասին ինչպէ՞ս չմտածել, երբ երկու տարբեր անուններով նոյն եկուորները կրկին կը խուժեն հայուն բնակած տարածքը, որ հինգհազարամեայ ժողովուրդի մը հայրենիքն է: Եւ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը, անիրատեսութեամբ ամլացած, իմաստունի իրաւարարութեան Թարանթելլա կը պարէ:
Մենք սովորութիւն ունինք յուզուելու «ցեղասպանութեան ճանաչում»ներով, որոնք հոգեհանգիստի եկողներու ցաւակցական վերաբերում են: Մեծ եւ պզտիկ երկիրներու ճանաչումները անբովանդակ եւ յաւուր պատշաճի անսկիզբ եւ անհետեւանք ցաւակցական խօսքեր են, երբ չեն հիմնաւորուիր պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ…
Ինչո՞ւ այսօր Ատրպէյճան, իր երէց եղբօր օրինակով, եւ անվերապահ օժանդակութեամբ, կը յարձակի Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ եւ ինքզինքին թոյլ կու տայ ոճիրներ գործել: Պատասխանը պարզ է. ՀՈՂԻ ՀԱՄԱՐ: Ան կ’առաջնորդուի պատմութենէն իր ստացած անպատժելիութեան դասով, անպատժելիութեան նախընթացի բարոյականի ուսուցումով: Ճշմարիտ բարոյականութեան տրամաբանութեամբ, Ճանաչումները արդարութիւն չեն հաստատած եւ չեն հաստատեր, իրաւունք չեն վերականգներ, խօսքի աճպարարութիւն են… միամիտները ոտքի կանգնած քնացնելու համար: Թէեւ անոնք ալ կը սիրեն ոտքի քնանալ:
Եւրոմիութեան ղեկավարները, Ամերիկայի Պետքարտուղարը, Ֆրանսայի նախագահը, նաեւ Վլատիմիր Փութին, յստակ պատկերացում ունի՞ն, թէ Հայաստանէն ի՞նչ կը պահանջեն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը : Կրնա՞ն չունենալ : Մեր բազմագոյն ղեկավարութիւնները եւ պետութիւնը մեր ժողովուրդին ըսա՞ծ են, թէ հա-մագումար, ի՞նչ կը պահանջեն նախայարձակները եւ ինչո՞ւ կը յարձակին: Եւ ի՞նչ է նախայարձակներու յետին միտքը: Երբ օր մը վտանգը կանգնի Մեծերու դարպասին առջեւ, անոնք ինչպիսի ճապկումներով պիտի արդարանան իրենց ժողովուրդներուն եւ պատմութեան առջեւ:
Հայաստան գիտէ՞ այդ պահանջներու տարողութինը եւ սահմանը:
Յաճախ կը խօսուի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքով անցնող հաղորդակցական միջանցքի մասին, որուն վրայ Հայաստան վերահսկողութիւն պիտի չունենայ: Այսինքն՝ Հայաստան պիտի անդամահատուի, պիտի զրկուի իր սահմաններուն տիրութիւն ընելու իրաւունքէ: Եթէ շարունակենք երեւակայել թրքական պահանջները…
Այսպէս… կայ հայկական Արցախ, կայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւն: Ի՞նչ է այն ատեն պատմական Հայկական Արցախը եւ ո՞ւր պէտք է արձանագրել անոր բնիկ եւ տէր ժողովուրդին իրաւունքը:
Շարունակենք, վասն հաշտեցման, պահանջուելիք հաւանական զիջումներու թուումը:
Այսպէս, Հայաստան պէտք է ընդունի եւ յայտարարէ, որ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունի:
Հանրապետութիւնը եթէ այս հրաժարումը ընդունի, միթէ՞ այդ կրնայ ընել համայն հայութեան, ցեղասպանուածներու, անոնց ժառանգներու եւ հայրենահանուած ժողովուրդի անունով:
Նոյն հունով, Թուրքիան կրնայ պահանջել, որ ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային արշաւը դադրի, քանի որ ճանաչումները կը վնասեն իր վարկին եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը վերցուի, քանի որ ան թշնամութիւն կը խորհրդանշէ:
Հիմա արդէն թրքական իշխանութիւնները կոչ կ’ընեն արտագաղթած թուրքերուն կազմակերպուիլ եւ իրենց բնակած երկիրներուն մէջ հակազդել հայկական հակաթուրք քարոզչութեան: Եթէ Հանրապետութիւնը նահանջէ, տեղի տայ, հետեւելով տխրադէմ նախագահի մը պարտութիւնը վերջնական անհետացում համարելու ապազգային դատարկ ռէալ փոլիթիքին, որ ըսած էր թէ պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել, բնական կը դառնայ ամբողջական անձատուուութիւնը, եւ Հայաստան ու Հայութիւն կը դառնան էջ մը Հին Ազգաց Պատմութեան գիրքերու մէջ: Թերեւս անինքնութիւն եւ անհայրենիք կը շարունակեն ապրիլ կուշտ եւ այս կամ այն ձեւով յաջողած անհատներ՝ տարբեր քաղաքացիութիւններով:
Եթէ քաջ եւ իրատես ըլլանք, պիտի տեսնենք որ հանգնած ենք, մեզ կանգնեցուցած են փակ դարպասներու առջեւ, առաջին հերթին մեր տեւաբար ու միշտ պառակտուող բազմաբնոյթ եւ միշտ գերաճող ղեկավարութիւններուն պատճառով, որոնք միշտ անատակ եղած են ԱԶԳԸ ՄԻԱՑՆԵԼու, հաւաքականութիւնները դատապարտելով նախնականութեամբ բնորոշուող վերապրելու ընթացքին, զանգուածներուն ներշնչելով այն հակազգային գործնականութեան ընթացքը, որ է՝ ամէն մարդ իր գլխուն ճարը թող նայի… Եթէ իրատեսութեամբ դիտենք Հայաստանը եւ Սփիւռքը, միթէ՞ կարելի է այլ ձեւով բնորոշել հայկական համարուած հաւաքականութիւններու ընտրանքները:
Վերականգնում կարելի է, եթէ հայ հարազատ մտաւորականութիւնը, ներսի եւ դուրսի, ֆդանսացի բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկոյի «Կարմիր գլխարկ դրի հին բառարանին» խօսքին միտքը դարձնէ առաջնորդ: Ամերիկացիները շատ կը սիրեն գործածել «looser» բառը, ըսենք՝ ձախողած եւ կամ պարտուած: Հարազատ մտաւորականութիւնը պէտք է ժողովուրդը առաջնորդէ «կարմիր գլխարկ» դնելու եւ «looser»ներու եւ «looser»ային վիճակին վերջ տալու ուղիով: Եւ ֆրանսացի գրող Սէնթ՛ Էկզուփերիի իմաստութեամբ ոտքի կանգնիլ,առնել առաջին քայլը, ապա երկրորդ առաջին քայլը, եւ շարունակել այդպէս:
Մեր ժողովուրդի լինելութիւնը խարխափումներու եւ զարտուղութիւններու խրձիկ դարձած է։ Ամէն ոք կը կարծէ իրաւունք ունենալ, գտնուիլ ճիշդ ուղիի վրայ։ Եթէ այնքա՜ն ճիշդ ուղիներ կան, ինչպէ՞ս ընտրութիւն պիտի կատարուի։ Ո՞վ որո՞ւ պիտի հետեւի։ Այսօր ո՞վ կրնայ յաւակնիլ, որ ինք է ճիշդը։ Այսպէս պիտի շարունակուի մինչեւ կորուստը անկախութեան եւ հայրենիքի այն քիչին՝ որ մնացած է։
Դժբախտաբար մեր սերունդին, աւելի՝ մեր ժողովուրդին, իրարու դէմ պայքարիլ առաջնահերթ համարած ենք, ծառայելու համար մեր եսին եւ փառասիրութիւններուն, որոնք իմաստութեան եւ գիտութեան հիմնաւորումներ չեն ունեցած։ Աթոոապաշտութիւնը ախտ է, որուն վրայ գումարուած է ընտանեպաշտութիւնը, այլեւս աւան-ութիւն դարձած ԽԾԲն, հայր, որդի, կին, հարս ու փեսայ, խնամի, դրացի, դասընկեր… Շարքը կարելի է երկարել եւ ծայրը չգտնել։ Հայաստան եւ գերաճող սփիւռքներ։ Պէտք չէ արհամարհել նաեւ քսակի ընձեռած իրաւունքը, տեղայնութիւնները, երեւանցիի գերադասութիւնը գիւմրեցիին, փարիզեցիին՝ մարսիլիացիին… կարելի է բազմապատկել բաղդատութիւնները, մինչեւ Մոսկուա, Վլատիվոսթոք եւ Փըրթ…
Այդպէս եղած են եւ այդպէս գործած են հայ նախարարական տուները, միշտ թագ ցանկալով, որ նախընթացն է հայկական հին-նոր ջոջականութեան։ Աղմկարարութիւնը ժողովրդականութեան հետ շփոթած ենք, մեր փոքր ածուին մէջ աթոռ մը ունենալու համար արժէքներ ոտնակոխած ենք։ Օր մը, նորահարուստ մը առաջարկեց, որ եթէ զինք միութեան «նախագահ» եթէ ընեն, միութեան բոլոր ծախսերը յանձն կ՚առնէ։ «Ղեկավարի աթոռի ցանկութիւն… ուրիշներ, ծափահարուելու եւ ղեկավարի դիրքին արժանի ըլլալու ստորոգելի համարած բեմէն խօսիլ… ուրիշի գրած խօսքով, հայերէն կամ տարբեր լեզուով, բեմ բարձրանալ, քաղաքական ճառ խօսիլ, բսնաստեղծի մասին դասախօսել, ատենապետի կամ նախագահի իրաւասութիւն նուաճելու համա: Թաղային հեղինակութիւն մը ինքզինք գերադաս կը համարէ պատմագէտ ակադեմիկոսէն եւ վճիռներ կը կայացնէ… Համայնք, ազգ, պետութիւն կը վճարեն վնասակար դարձած սնափառութիւններու գինը։ Ինչո՞ւ կը զարմանանք, որ «ռուսական պուպրիկ»ներու նմանող միշտ նոր եւ միշտ հին եւ միշտ նոր փակուղիներու առջեւ կը մնանք տեւաբար շուարած՝ եւ կը նահանջենք։
Տեսակարար տարբերութիւն կա՞յ նահանջի եւ պարտութեան միջեւ:
Մեր զանգուածները, գիտակցութեան լուսաւոր պահու մը, ա՛յս պիտի հարցնեն բիւրաւոր հայ «նախագահ»ներուն եւ «նախագահ»ի պէս երեւելիապաշտ հին-նոր ջոջերուն:
Ինչպէ՞ս մեր ժողովուրդի ՆԱՒը ալեկոծ ծովերու վրայ առաջնրդել բազմաթիւ նաւավարներով, նաւապետներով եւ ղեկը ձեռքէ չձգող նաւաստիներով:
Մեր բանաստեղծները շատ երգած են ՄիաԱՑՈՒՄ, բայց ան մնացած է ժողովրդական երգերու եւ խրախճանքներու պերճանք, չէ դարձած ղեկավարում:
Նախորդ դարու մեծ եւ յաջողած յեղափոխական եւ ազգային ղեկավար Նելսըն Մանտելայի եթէ աշակերտէինք, ամէն օր անոր իմաստութիւնը կրկնէինք եւ ըստ այնմ գործէինք, որ «մեզմէ ոչ մէկը առանձին գործելով չի կրնար յաջողութեան հասնիլ», նուազ կը ն-հանջէինք, նուազ կը պարտուէինք՛ ինքնագոհութեան հանդէս չէինք կազմակերպեր մեր մօտաւորին եւ հեռաւորին քննադատութեամբ, խծբծանքով, որ ամլացածի ինքնագոհութիւն է, Հանրապետութիւն եւ բազմանուն սփիւռք(ներ)…
Ապագայ կը կերտէինք գալիք սերունդներուն համար, որպէսզի անոնք տոկան եւ տեւեն, ազգ եւ հայրենիք պահեն:
Այս իմաստութիւնը մտաւորականութիւնը պէտք է հասցնէ իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, դաջէ հիներու եւ նորերու հոգիներուն մէջ, նշաւակէ ամէն գոյնի եւ հասակի՝ գլխագիրի իրաւունք չունեցող «աբիսողոմներ»ը:
Հիմա քաղաքական եւ ապահովական նոր կացութիւն ստեղծուած է: Թուրքիոյ նախագահը կոչ ըրած է եւ կ’ուզէ որպէս Հինգերորդ զօրասիւն օգտագործել Եւրոպայի թուրք համայնքները, պահանջելով որ անոնք պայքարին հայկական սփիւռքին դէմ: Չեմ գիտեր այս կոչը որքա՞ն կ’անհանգստացնէ եւրոպական երկիրները, որ բացորոշ կերպով միջամտութիւն է այդ երկիրներու ներքին կեանքին եւ սպառնալիք անոնց քաղաքացիներու ապահովութեան: Այս մէկն ալ պէտք է արձանագրել աւանդական անպատժելիութեան ցանկին վրայ:
Անպատժելիութեան վարժութիւն եւ իրաւունք, զորս քաղաքակիրթ եւ իրաւունքը որպէս արժէք դաւանող ժողովրդավարական երկիրները շնորհած են ներխուժողներուն եւ ցեղասպանին:
Բայց վերականգնելու համար մենք մեր մէջ պէտք է գտնենք ուժ եւ ուժականութիւն, անոնք առաջին հերթին մեր արժէքներն են, մեր հոգեբարոյական եւ իմացական ներուժի կրողները, անոնք են կարողականութիւնը եւ ճամբացոյցը վերականգնումի եւ յաջողութեան, անոնք ունին թաղային հեինականութիւններէ տարբեր որակ եւ տեսիլք, որոնցմով կ’երաշխաւորուին ազգի շարունակութիւնը, յաջողութիւնը եւ երազի յաղթանակները:
Հին եւ չհինցող ցանկութիւն է ԺԹ․ դարու արեւմտահայ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի սրտագին եւ միշ՛տ չլսուող-չլսուած կոչը.
՛Տու՛ր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՛յր եմք մեք,
Որ մըրըրկաւ էինք զատուած…
Այսօ՛ր կը լսե՞նք…
Վաղը՝ միշտ ուշ պիտի ըլլայ…