ՄԵԾ ՅԱ­ՋՈ­ՂՈՒ­ԹԵԱՄԲ ՊՍԱԿ­ՈՒԵ­ՑԱՒ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵ­ՒԵԼ­ԵԱՆ ՇՐՋԱ­ՆԻ ԱՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԻ ԵՐԱԺՇ­ՏԱ­ԿԱՆ MUSICAL ARMENIA ՁԵՌ­ՆԱՐ­ԿԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 6 Second

p16 1  Ուր­բաթ, Ապ­րիլ 19-ին, Նիւ Եոր­քի Քար­նը­կի հա­մա­լի­րի “Weill Recital“ սրա­հին մէջ,  կա­տար­ուե­ցաւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Առաջ­նոր­դա­րա­նի կազ­մա­կեր­պած երաժշ­տա­կան ձեռ­նար­կը, ծա­նօթ “Musical Armenia“ անու­նով:

p16 2Այս տար­ուան երի­տա­սարդ աստ­ղերն էին ջու­թա­կա­հար Նու­նէ Մե­լիք­եան եւ սոփ­րա­նօ երգ­չու­հի Նա­րի­նէ Օճախ­եան: Այս վեր­ջի­նը ներ­կա­յա­ցուց դժուար գոր­ծեր, որոնց կար­գին` Ար­մէն Տիգ­րան­եա­նէն, Արամ Խա­չա­տուր­եա­նէն, Կո­մի­տա­սէն, Սեր­գէյ Ռախ­մա­նի­նո­վէն, Լէօ Տե­լի­պէն, Ֆրանց Լե­հա­րէն եւ Շարլ Կու­նո­յէն: Միւս կող­մէ ջու­թա­կա­հար Նու­նէ Մե­լիք­եան, իր կար­գին ամենայն հմտու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուց դժուար գոր­ծեր, որոնց կար­գին յատ­կա­պէս Ալե­սանտ­րօ Մար­սե­լո­յի աւ­ա­գաս­րին­գի “Ատաճիօ“ն, յա­տուկ վե­րա­դա­սա­ւո­րո­ւած ջու­թա­կի հա­մար, Ալ­պերթ Մար­քո­վի կող­մէ: Դաշ­նա­կա­հար Կա­րէն Յա­կոբ­եա­նի հետ, Մե­լիք­եան նուա­գեց գոր­ծեր` Տի­միտ­րի Շոս­թա­քո­վի­չէն եւ Առ­նօ Պա­պա­ճան­եա­նէն: Յա­ջոր­դա­բար երե­սու­նե­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը կազ­մա­կերպ­ուի այս ձեռ­նար­կը, որուն նպա­տակն է քա­ջա­լե­րել, խթա­նել եւ խան­դա­վա­ռել հայ երի­տա­սարդ երա­ժիշտ­ներ:

“Musical Armenia“ ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պե­լու գա­ղա­փա­րը յղա­ցած է շրջա­նի նախ­կին Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Մես­րոպ Աշճ­եան (վախ­ճա­նած Դեկ­տեմ­բեր 2003-ին) 1982-ին, գոր­ծակ­ցա­բար Առաջ­նոր­դա­րա­նի, տեղ­ւոյն տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին հետ: Անց­նող տա­րեշր­ջան­նե­րուն, այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցող ան­ծա­նօթ երի­տա­սարդ երա­ժիշտ­նե­րը, ար­դէն իսկ հա­սած են նա­խան­ձե­լի դիր­քի եւ տի­րա­ցած` հռչա­կի Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք այս աշ­խա­տան­քը, շա­րու­նակ խթա­նե­լով մեր երի­տա­սարդ երա­ժիշտ­նե­րը..“, յայտ­նեց Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եան:p16  7

Նշենք թէ անց­եալ տար­ուան երի­տա­սարդ աստ­ղերն էին թաւ­ջու­թա­կա­հար Մար­թա Բագ­րա­տու­նի եւ դաշ­նա­կա­հար Հայկ Ար­սէն­եան: Նա­եւ, Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցած են պրա­զի­լա­հայ կի­թա­րա­հար Ժօ­ան Գու­յումճ­եան, թաւ­ջու­թա­կա­հար Դա­ւիթ Պա­քամճ­եան, ջու­թա­կա­հար Սի­սի Փան­թիկ­եան, “Duo Maestoso“ զոյ­գը, որ կը բաղ­կա­նայ քոյր եւ եղ­բայր` Կա­յա­նէ եւ Յով­հան­նէս Առա­քել­եա­նէ: “Զու­լալ“ (Թե­նի Աբել­եան, Երազ Մար­գար­եան եւ Անա­յիս Թէ­քէր­եան) երր­եա­կը, օփե­րա­յի եր­գիչ Սերժ Բար­սեղ­եա­նը եւ “Արա­րատ“ երր­եա­կը, որ կը բաղ­կա­նայ դաշ­նա­կա­հար Փա­թիլ Հար­պոյ­եա­նէ, ջու­թա­կա­հար Վան Ար­մէն­եա­նէ եւ թաւ­ջու­թա­կա­հար Հրանդ Պար­սամ­եա­նէ:

Յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նի “Musical Armenia“ն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մարտ 28, 2014-ին:

 

Լու­սան­կար­ներ` ՀԷՐԻ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆի

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles