Յօդուածներ
ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ
Գէորգ Պետիկեան
Աշխարհը արդէն տեղեակ է, թէ այս տարի (2026), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը դառնայ 250 տարեկան: Թուական մը, որ բոլորի մտքին առջեւ կը բանայ մտածումի նոր ակօսներ:
Անոր համար, մեր ապրած այս հսկայ, հզօր եւ հարուստ երկիրը, բաղդատմամբ Եւրոպական եւ Ասիական շատ ու շատ

