ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ…

0 0
Read Time:45 Second

Նիւ Եորքաբնակ վեթերան լուսանկարիչ Ռոպէրթ Կարապետեանը, խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դրած է այս իւրայատուկ լուսանկարաշարքը, որ կը ներկայացնէ “Հանրապետութիւն“ հրապարակի վերջին քսան տարիներու մեծ բացական` Լենինի վիթխարի արձանը:

Արուեստ եւ քաղաքականութիւն բոլորովին տարբեր բեւեռներ են: Որեւէ մերձեցում կրնայ բոլորովին տարբեր վերլուծումներու եւ վախճանի տանիլ:

Բազմիցս, բռնատէրներու արձաններ ու լուսանկարներ բռնի ուժով քանդուեցան ու փճացուեցան զայրացած ամբոխներու կողմէ: Խորհրդային օրերուն պատահած դէպքերը անցեալ կը նկատուին: Իսկ վերջին ամիսներուն, արաբական աշխարհը ականատես եղաւ նման սպասելի արարքներուն, սկսելով Թունուզէն մինչեւ Եգիպտոս, Լիպիա:

Հայորդին քաջատեղեակ ըլլալով արուեստի գործի մը իսկական մակարդակին, անխնայ չեղաւ բռնատէրին հանդէպ եւ ընդհակառակը, ամէնայն փափկանկատութեամբ կրցաւ անջատել այս “հսկան“ եւ փոխադրել Երեւանի Պատմութեան թանգարան, ուր կարելի է ցայսօր այցելել:

Նշենք թէ այս արձանը գործն է Գիւմրեցի քանդակագործ Սերգէյ Մերգուրովի  (1881-1952) որ ուսանած է Գերմանիոյ եւ ապա Ֆրանսայի մէջ, ուր եղած է Ռոտէնի աշակերտը:

Նոյեմբեր 29, 1940-ին, կատարուած էր այս արձանին պաշտօնական բացումը…այլ քսանամեակի մը` Խորհրդային Հայաստանի ստեղծման առթիւ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles