
Նշենք, որ օրինագիծը ներկայացուց պահպանողական խորհրդարանական Թիմ Լաֆթըն, իսկ անոր նպատակն է պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակութեան միջոցով ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Օրինագիծը ունի հիմնական երեք դրոյթներ. առաջին` Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յարակից տարածքներուն մէջ 1915-1923 թուականներուն հայութեան ջարդերու պաշտօնական որակում` իբրեւ ցեղասպանութիւն, երկրորդ` ցեղասպանութիւններու, որոնց կարգին Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու յիշատակի տարեկան ոգեկոչում, երրորդ` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր վերաբերող մարդու իրաւունքներու ժամանակակից խախտումներու եւ պատերազմական յանցագործութիւներու վերաբերեալ կրթութեան եւ հանրային տեղեկացուածութեան խթանում:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Թիմ Լաֆթընին եւ բոլոր հովանաւորներուն` այս յաջողութեան համար», յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբը: