ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՈՒԽՏԻ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐՔԵՐՈՒՆ ՄԻԱՑԱՆ ԵՐԿՈՒ ԿՈՒՍԱԿՐՕՆ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Կիրակի 21 Յունիսի առաւօտուն, Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան կուսակրօն քահանայ (աբեղայ) ձեռնադրեց եւ օծեց դպրեվանեցի երկու բարեշնորհ սարկաւագներ՝ Յովհաննէս Պայտունեան եւ Աբրահամ Պայտունեան՝ զանոնք վերակոչելով Տ. Նորայր աբեղայ եւ Տ. Հրայր աբեղայ։
Խարտաւիլակ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեան, Դպրեվանքի փոխտեսուչը, որ օր մը առաջ կոչման արարողութեան առաջնորդած էր ընծայեալները, վերահաստատեց անոնց աստուածատուր շնորհները։ Աստուածաշնչական ընթերցումներով եւ աղօթքներով, Ձեռնադրիչ սրբազան հայրը օծեց ընծայեալներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը եւ խնդրեց Ամենակալէն, որ անսասան պահէ զանոնք իրենց կոչումին մէջ։ Ապա, նորաօծ հայր սուրբերը հաւատացեալ ժողովուրդին տուին իրենց առաջին խաղաղութիւնը։
Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան աւարտին, Կոմիտաս արքեպիսկոպոս յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Ան իր քարոզին բնաբան ընտրած էր արարողութեան ընթացքին հնչած Մատթէոսի աւետարանին մէջ արձանագրուած Քրիստոսի խօսքը. «Զի լուծ իմ քաղցր է եւ բեռն իմ փոքրոգի»։ Առաջին հերթին ան շնորհաւորեց երկու նորընծաները՝ մեր հոգեւոր հայրենիքին՝ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութեան միանալուն առիթով եւ հոգեկան գոհութիւն յայտնեց ձեռնադրութիւնը կատարած ըլլալուն համար՝ Նորին Սրբութեան երախտապարտութեան խօսքեր արտայայտելով այս տնօրինումին համար։
«Ողջոյն»-ի պահուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, միաբան հայրեր խորան բարձրացան եւ եղբայրական համբոյրով ողջունեցին նորընծաներուն մուտքը Տիրոջ անդաստանէն եւ Կիլիկեան ուխտի միաբանական շարքերէն ներս։
Օծման եւ անուանակոչութեան սրատռուչ պահէն ետք, նորընծաները կատարեցին սրբալոյս միւռոնով դրոշմուած իրենց ճակատին եւ ձեռքերու լուացումը: Հայր Նորայրի լուացումը կատարեց անոր կնքահայրութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Լիւսի Գարակաւուրեան ամոլը, իսկ հայր Հրայրինը՝ տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Անահիտ Քէսմէեան ամոլը։
Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ Վեղարի օրհնութեան եւ տուուչութեան կարգը, որ կատարեալ հնազանդութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտի խորհրդանիշն է։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ, գլխաւորութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանքի տեսչական կազմի անդամներուն եւ ծնողներուն, հայր Նորայր եւ հայր Հրայր ծունկի ստացան Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Ապա, եկեղեցւոյ դասին մէջ հաւատացեալները մօտենալով հայր սուրբերուն՝ շնորհաւորեցին զանոնք եւ ստացան անոնց անդրանիկ օրհնութիւնը։
Յառաջիկայ քառասուն օրերու ընթացքին, նորընծայ աբեղաները պահեցողութեան, աղօթքի եւ խոկումի պիտի նուիրուին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ։

