ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2025-2026 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
Կիրակի, 21 Յունիսին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Դպրեվանքի 2025-2026 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը կատարուեցաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մօտ՝ ներկայութեամբ Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան, Դպրեվանքի ուսուցչական կազմին, տիկնանց խորհուրդին, դպրեվանեցիներու ծնողներուն եւ Դպրեվանքի բարեկամներուն։
Հայրապետական թափօրին ժամանումով՝ Դպրեվանքի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ ամավերջի հանդէսին գեղարուեստական յայտագիրը։
Առաջին հերթին, աւարտական դասարանին անունով ուղերձ ընթերցեց նոյն օրը առաւօտուն աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած Հոգշ. Տ. Նորայր Աբղ. Պայտունեան։ Ան գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առատ ողորմութեամբ ու օրհնութեամբ զիրենք արժանացուց այս օրուան։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Դպրեվանքի հիմնադիր սերունդին, որուն տեսլականին շնորհիւ եկեղեցին կը ծաւալէ ազգային եւ քրիստոնէական առաքելութիւն։
Դպրեվանքի տեսուչ Գերապատիւ Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան ընթերցեց տեսչական խօսքը՝ յայտնելով, որ սոյն հանդէսով կը լրանայ Դպրեվանքի 95-րդ տարեդարձը։
Վերյիշեցնելով, որ Դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բաբխող սիրտը կը հանդիսանայ եւ համազգային առաքելութիւն կը տանի, հայր Պարոյր նշեց, որ անոր բարիքները կը վայելեն Սփիւռքի եւ Հայաստանի մեր ժողովուրդի զանազան շրջանները, որովհետեւ Դպրեվանքը կը պատրաստէ մեր ազգն ու եկեղեցին ծառայող անձիք։ «Հակառակ այն իրողութեան, որ այլասերող ու նահանջի տանող հոսանքները կը բազմանան մեր շուրջը, Դպրեվանքը կը մնայ այն օրրանը, ուր ո՛չ միայն պատանիներ ու երիտասարդներ իրենց հոգեւոր ու ազգային կազմաւորման տունը կը գտնեն, այլեւ մեր հոգեւոր, ազգային ու եկեղեցական արժէքներով կ՚ապրին ու կը սնանին։ Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ մեր ժողովուրդի զաւակները նային Դպրեվանքին, հոն եկեղեցական ու ազգային մարդուժի պատրաստութեան կեդրոն մը տեսնելու կողքին, ազգային ու հոգեւոր արժէքներու ձուլարան մը կը գտնեն», յայտնեց ան։
Անդրադառնալով Դպրեվանքի գործունէութեան՝ հայր Պարոյր նշեց, որ անոր վախճանական նպատակը եկեղեցական կարգերու ձեռնադրութիւններն են եւ ուրախութեամբ յայտնեց, որ այս տարի եկեղեցական սպասարկութեան բանակին միացած են չորս դպիրներ, վեց կիսարսարկաւագներ, երեք սարկաւագներ եւ երկու աբեղաներ։
Տեսուչ հայր սուրբը խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ անոնց խրատեց Յիսուս Քրիստոսի ծանր, սակայն քաղցր լուծը տանելու ուրախութեամբ եւ նուիրուածութեամբ։
Վերջապէս, տեսուչ հայր սուրբը բեմ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի կատարէ վկայականաց բաշխումը եւ ուղղէ իր հայրապետական պատգամը։
Հայրապետը երեք բառերու մէջ ամփոփեց հանդիսութեան խորհուրդը՝ գոհաբանութիւն, հաշուետուութիւն եւ գնահատանք։ Առաջինին առումով, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ, բնականաբար, գոհաբանութիւնը Աստուծոյ ուղղուած է, որովհետեւ Ան է մեր կեանքը գոյաւորողն ու առաջնորդողը։
Շարունակելով մանրամասնել Դպրեվանքի առաքելութիւնը՝ Հայրապետը շեշտը դրաւ մարդ պատրաստելուն եւ մարդու որակին վրայ, որ իր մէջ կը պարփակէ հաւատքի նուիրում, յանձնառութիւն եւ ինքնազոհողութիւն։ Ան աւելցուց, որ կրթական կառոյցներու վկայականներէն տարբեր է Դպրեվանքին տուած վկայականը, որովհետեւ հոնկէ աւարտողը, ուսումնակրթական ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտած ըլլալու կողքին, կը ստանայ ամէնէն մեծ վկայականը՝ որպէս Մա՛րդ պատրաստուած ըլլալու վկայականը։
Վերջապէս, խօսելով գնահատանքին մասին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտեց Դպրեվանքի առաքելութեան ծաւալման ներդրում ունեցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք մասնակից են Դպրեվանքին առաքելութեան։ Ան բարձրօրէն գնահատեց Դպրեվանքի տեսուչն ու տեսչութեան անդամները, ուսուցիչները, յարակից բոլոր յանձնախումբերը, բարերարներն ու բարեկամները։
Հայրապետը խօսքը եզրափակեց՝ ընդգծելով. «Մենք պիտի շարունակենք Դպրեվանքի առաքելութիւնը, Մա՛րդ պատրաստելու առաքելութիւնը, որովհետեւ այսօ՛ր, որեւէ ժամանակէ աւելի, կարիքը ունինք Մարդո՛ւ»։
Դպրեվանքի 2025-2026 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգով։

