Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, մօտէն կը հետեւի Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Այս ուղղութեամբ Վեհափառ հայրապետը մնայուն կերպով կապեր հաստատեց Հալէպի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի եւ Լիբանանի մեր հոգեւոր, համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ եւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ անոնց հետ:
Վեհափառ հայրապետը միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ղրկեց Լաթաքիա: Պատուիրակութեան նպատակն է ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցել վեհափառ հայրապետին աղօթքներն ու զօրակցութիւնը, տեղեակ դառնալ ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս ուսումնասիրել ժողովուրդին կարիքները, որպէսզի կաթողիկոսարանին կողմէ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարուին:

