Սովորութիւն դարձած է Հայ Դատի յանձնախումբÇ կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը, Ա.Մ.Ն.-ի թէ՛ Արեւելեան եւ թէ՛ Արեւմտեան շրջաններէն ներս:
Յատուկ շքանշաններով ալ կը պարգեւատրուին Հայ Դատի աշխատանքներուն երկար տարիներ շարունակ ծառայած` հայորդիներ եւ հայասէր օտար անհատներ, որոնք մեծ ներդրումներ ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն ներս, նաեւ հայութեան առնչուող կարեւոր հարցերու շուրջ, շարունակ թիկունք կանգնած են:
Գրասեղանի եւ գրասենեակի ետին, շարունակ գործի լծուած, անոնք ամէն ճիգ կը թափեն յաչս հայութեան, հայապահպանման եւ Հայ Դատի սուրբ գործին:
Անոնք մէկ մասնիկ են սփիւռքեան հաւաքական այդ ուժին, որ կը պաշտպանէ հայրենի հողը, կը պահպանէ ժառանգութիւնը եւ ամէնայն հետեւողականութեամբ կը հետապնդէ իրաւունքները: Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք, գրաւեալ հողեր, Սփիւռք եւ դեռ աւելին:
Անոնք պայքարեցան եւ դեռ ալ կը պայքարին ոգի ի բրին յաչս Հայաստանի անկախացման եւ հողերու ազատագրման, յաչս ազատ, անկախ եւ գերեվարութենէն դուրս եկած Արցախի Հանրապետութեան: Յարատեւ պայքար թշնամիի մը դէմ, որուն հնարաւորութիւնները վիթխարի են եւ այս գծով նիւթաբարոյական ամէն տեսակի աշխատանք կը տանին:
Այս նուիրեալ Հայ Դատականներուն համար յստակ է որքա՜ն կարեւոր է հաւաքական ուժն ու այդ միջոցաւ դիմագրաւումը` դէմ յանդիման եկած մարտահրաւէրներու, որոնց դէմ միշտ ալ կարելի եղած է պայքարիլն ու գերազանցելը, սկսելով Մամիկոնեան Վարդանանցէն, մինչեւ Սարդարապատի խենթերու գտած հնարն ու “քարին տակ“էն դուրս եկած ու ազդագրուած Շուշին:
Անոնք քաջատեղեակ են որ, քաղաքական մարտահրաւէրը նոյնքան դժուար ու վտանգաւոր է որքան կռուադաշտն ու ճակատամարտը:
Այդ հետեւողական պայքարին եւ յատկապէս հաւատքին համար, անոնք լաւապէս կը գիտակցին թէ մեծարուողը իրենք չեն, այլ իրենց աշխատանքը` Հայ Դատը: Հետեւաբար մեծարանքն ալ իրենց համար չէ, այլ նոյնինքն իրենց սուրբ գործին` ՀԱՅ ԴԱՏին համար է:
“ՀԱՅՐԵՆԻՔ“
Խմբագրական