ՄԱՐՏ 27․ «ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ»
Գէորգ Պետիկեան
Մարտ 27-ին ամբողջ աշխարհի մէջ կը նշուի «Թատրոնի Միջազգային Օր»ը: Ու այս մէկը նաեւ լաւ առիթ մըն է, որ անգամ մը եւս անդրադառնանք թատրոնի մշտական էականութեան, անոր անհրաժեշտութեան, մեր կեանքէն ներս անոր մեծ դերակատարութեան, եւ մանաւանդ անոր, մշակոյթի տարածման ու բարգաւաճման նպաստող ազդակներու մասին:
Իբրեւ թատերասէր եւ հայ բեմի սիրահար, ի՜նչ մեղքս պահեմ, ամէն անգամ երբ թատրոնի մասին հին կամ նոր «բաներ» կարդամ, յիշեմ, լսեմ, կամ ներկայ գտնուիմ, յանկարծ զանազան գաղափարներ, յուշ-կէտեր մտովի կ’անցնին, կը տողանցեն, միեւնոյն ատեն մտքիս մէջ բանալով մտածումի նոր ակօսներ: Այսպէս, ես ինծի հարց կու տամ թէ ի՞նչ է բեմը, թատրոնը, բեմադրիչը, թատերգութիւնը, նիւթը, դերասանը…ու կը սկսիմ հաստատել թէ.-
-Թատրոնը, մեր կեանքի զուգահեռը ըլլալով, իր ծնունդէն ի վեր բոլորիս համար ալ դարձած է մեր կեանքի հայելին: Ան ունի, եւ պէտք է, որ ունենայ որոշ նպատակ, եւ մանաւանդ դառնայ իմաստալից ժամանց: Ան է որ ստեղծելով որոշ եւ պատշաճ «կլիմայ», բեմին վրայ կ’ապրի ժողովուրդին համար, անոր ուրախութիւններով, ցաւերով եւ երազանքներով միատեղ: Կրթական հաստատութիւններու նման, թատրոնն ալ իբրեւ դպրոց ճանչցուած է:
-Այս բոլորը,- կը շարունակէ միտքս,- որովհետեւ թատրոնը մարդու կեանքը ներկայացնելու միտում մը ունի իր ետին: Անոր համար ծնած է: Ստեղծուած է: Կը պարզէ կեանքի որոշ հարցերը: Կը յիշեցնէ էականը: Կը թելադրէ, եւ կը բացայայտէ մարդոց կենցաղէն բաժիններ, նաեւ, մարդկային սեփական եւ հաւաքական յարաբերութիւնները կը ներկայացնէ: Տակաւին, յաճախ ալ կ’ուրախացնէ հանդիսատեսը, եւ նոյնքան ալ կը տխրեցնէ: Նոյնիսկ՝ կը յուզէ: Տեսակ մը նոր իմաստ կու տայ դիտողի կեանքին, միեւնոյն ատեն թարմացնելով անոր յիշողութիւնը:
Բայց, շատ յստակ է, թէ թատրոնը կ’ապրի հանդիսատեսին համար: Իր հրամցուցած նիւթին ներկայացումով, բեմադրական կողմնորոշումներով, ըսելիքի թարմութեամբ եւ դերասանական գեղեցիկ կատարումներով, ան թատերասրահէն ներս կը ստեղծէ որոշ միջավայր: Անոր համար իբրեւ դրական անհրաժեշտութիւն, թատրոնը հինէն ի վեր դասուած է եւ կը մնայ արուեստի բացառիկ տեսակը:
Որովհետեւ, վերջին հաշուով, չէ՞ որ թատրոնի նպատակն է ներկայացնել եւ համարձակ ու յստակ ցոյց տալ մարդուն ապրած հոգեկան աշխարհը, իր զանազան ցաւերով, հարցերով եւ երազանքներով: Ահա իր գաղտնիքը: Ահա՛, իր առաքելութիւնը: Անոր համար է, որ հանդիսատեսը միշտ աւելին կը սպասէ իրմէ:
Ահա թէ ինչո՞ւ աշխարհը իրեն վերապահած է յատուկ եւ միջազգային տարողութեամբ «Օր» մը, իբրեւ յարգանք եւ երախտագիտութիւն: Եւ այդ Օրն է՝ Մարտ 27:
Իսկ գալով մեզի…հայ թատրոնին. պէտք է նաեւ հպարտութեամբ ըսել, եւ նշել թէ հայկական թատրոնը դարերու պատմութիւն ունի: Այսպէս, երկու հազար եւ աւելի տարիներ առաջ Մեծն Տիգրանը եւ ապա Արտաւազդ թագաւորը հասկցած էին , որ թատրոնի ճամբով կարելի էր նաեւ ժողովուրդ դաստիարակել: Անոր համար, ստեղծած էին թատրոնը: Ուստի եւ համեստօրէն կրնանք ըսել, թէ հայկական թատրոնը կը դասուի աշխարհի ամէնէն հին թատրոններու շարքին:
Ու իբրեւ մարդկային մտքի հրաշալիքներէն մէկը, մեր ժողովուրդը միշտ եւ ամէն առիթով ու ամէն տեղ թատրոնով ապրած է եւ՝ ապրեցուցած: Եկեղեցի-դպրոց-կեդրոնի կողքին նաեւ ստեղծած է իր թատրոնը եւ իր նիւթաբարոյական գնահատանքներով, նպաստած անոր յարատեւութեան եւ բարգաւաճման:
Օրինակները շատ են: Ու սփիւռքեան պատմութիւնը վկայ, իւրաքանչիւր գաղութ, իր շրջափակէն ներս, օրին եւ իր ուժերուն ներած չափով, թատերական ողջունելի աշխատանքներ տարած է եւ կը տանի ու այս ձեւով իր պատմութեան էջերը կը հարստացնէ:
Լաւատեղեակ ենք բոլոր նման ծափահարելի աշխատանքներուն: Այսպէս սփիւռքներու երկայնքին եւ լայնքին կը հանդիպինք թատերական ասպարէզին մէջ վաստակ ունեցող շնորհալի դերասաններուն, բեմադրիչներուն, թատերագիրներու ստեղծագործ միտքերուն եւ մանաւանդ՝ անսակարկ զոհաբերութիւններով եւ զոհողութիւններով կամաւորներու աշխատանքներուն: Բոլորն ալ անխտիր, ինքնագիր կամ թարգմանական թատերգութիւններու յաջողութեան նպաստած են գնահատելի խոնջէնքով:
Բոլորս ալ կը հաւատանք որ թատրոնը միայն խօսք չէ, ձայն կամ լեզու չէ, այլ՝ գոյն ալ է, լոյս է, պատգամ է, շարժում եւ առոգանութիւն է, խաղարկութիւն է եւ ոգի: Որովհետեւ, գաղտնիք մը չէ, թէ մշակութասէր հասարակութեան համար, թատերական արուեստը ամէնէն առաջաւորն ու առաջնահերթը նկատուած է:
Չմոռնանք նաեւ որ այս օրերուն, եւ ամէն հայահոծ գաղութէ ներս, կարօտը ունինք հայերէնով եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնով ներկայացուող թատերգութիւններու, հասկնալի թատերական լեզուով, առոգանութեամբ եւ պատշաճ ու շարադաս հայերէնով: Որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ տեսնուած է, թէ յաճախ թատրոնով զբաղողներու մօտ, իբրեւ գլխաւոր մտահոգութիւն եւ աժան գնահատանք, յաճախակի դարձած է հանդիսատեսին տալ կամ ապահովել միայն ծիծաղի կամ խնդուքի լայն բաժիններ, երբեմն անճաշակ, անպատշաճ եւ նոյնքան ալ հասարակ::
Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ: Երբեք:
Միւս կողմէ տեղեակ ալ ենք, որ մեր գրականութիւնը այնքան ալ հարուստ չէ թատերական գործերով եւ ստեղծագործութիւններով, անոր համար կը դիմենք եւ միշտ դիմած ենք թարգմանական աշխատանքներուն:
Ուստի, այս բոլորէն ետք, անհրաժեշտ է զարկ տալ մեր հայ թատերական գրականութեան եւ նպաստել անոր ճոխացման ճիգերուն: Համախմբել երիտասարդ ուժերը, որոնք սէր ունին հանդէպ հայ բեմին: Քաջալերել թատերագիրն ու բեմադրիչը, դերասաններն ու նոյնիսկ կամաւոր աշխատողները:
Այս բոլորը՝ հայ թատրոնի բարգաւաճման սիրոյն: Նոյնիսկ, հայ վարժարաններէ ներս հայ բեմը սիրցնել տալ: Այս բոլորը, հաստատապէս կենսական եւ բարերար դերեր ունին ազգային մեր կեանքէն ներս:
Արդ, «Թատրոնի Միջազգային Օր»ուան առթիւ, որպէսզի հայ թատրոնն ալ մնայ իր առաքելութեան մէջ, մեզի կը մնայ ձրի գովասանքներէն զերծ մնալ եւ մեր անսակարկ ճիգերով բարձր եւ յարատեւ պահել հայ թատրոնի որակն ու ներկայութիւնը, եւ որպէսզի հայ թատրոնը դառնայ հայ հանդիսատեսին կենսական ներկայութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:
Տօնդ շնորհաւոր՝ Հայ Թատրոն:

