Յօդուածներ
Մարդկութեան Համաշխարհայնացումը
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԿԵԱՆ
Հին դէպք մըն է որ կը պատկերանայ յիշողութեանս մէջ: Տարիներ առաջ էր. տակաւին չէի ամուսնացած: Ընտանեօք գացած էինք Մարմարա կղզի, քանի մը օրուան կարճ արձակուրդի համար: Երեկոյ մը կը շրջէինք նաւամատոյցին մօտակայքը, երբ յանկարծ տղեկ մը, հազիւ ութ կամ տասը տարեկան,

