
Աւելի քան մէկ տարի անցաւ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմ պարտուողական յայտարարութեան ստորագրութենէն, սակայն հակառակ այս իրականութեան, տակաւին անհետ կորսուած անձերուն փնտռտուքը չէ աւարտած, աւելի՛ն, գրեթէ ամէն օր տակաւին պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ դարձած շրջաններուն մէջ կը յայտնաբերուին նահատակուած հայ զինուորներու աճիւններ, իսկ ուրիշ բազմաթիւ յայտնաբերուած եւ պահուող աճիւններու ինքնութիւնը տակաւին կը մնայ անորոշ: Աւելի քան մէկ տարի անցաւ, բայց դժբախտաբար տակաւին հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող այլ անձերու հայրենիք վերադարձի հարցը կը յամենայ: Այո՛, անոնցմէ մաս մը վերադարձած է շնորհիւ ռուսական խաղաղապահ զօրամասի հրամանատարութեան թափած ջանքերուն, բայց անցնող մէկ տարուան ընթացքին, աշխուժ պատերազմական գործողութիւններու դադրեցումէն երկար ժամանակ ետք ալ, Արցախի մնացորդացին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին մէջ Ազրպէյճանի կատարած զինուորական սադրիչ գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք` նոր զինուորներ ինկան ազրպէյճանական գերութեան մէջ:
Այս հարցը զուտ մարդասիրական հարց է: Իբրեւ գերակշիռ արժէք մարդ անհատին հետ կապ ունի: 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք եղան առիթներ, որոնց ընթացքին Ալիեւ եւ Փաշինեան հանդիպեցան, խօսեցան, գաղտնի եւ բացայայտ պայմանաւորուածութիւններու յանգեցան` 11 յունուար 2021-ին Մոսկուայի մէջ եւ 26 նոյեմբեր 2021-ին Սոչիի մէջ: Գլխաւոր խօսակցութիւնները կեդրոնացան հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հարցին վրայ: Ոչ մէկ հիմնական խօսք` անհետ կորսուածներու ճակատագրին եւ տակաւին շարունակուող փնտռտուքներուն մասին, ոչ մէկ հիմնական խօսք` հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու հայրենիք վերադարձին մասին:
Մինչդեռ 9 նոյեմբեր 2020-ի նշանաւոր յանձնուողական յայտարարութեան մէջ ռազմագերիներու, պատանդներու, պահուող այլ անձերու եւ մահացածներու աճիւններու փոխանակումը աւելի առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ, քան` հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը, այս հարցը տխրահռչակ յայտարարութեան մէջ 8-րդ կէտն է, մինչ միւսը` 9-րդը: Բայց այստեղ ափսոսանքով պէտք է նշել նաեւ, որ 8-րդ կէտը միակն է այդ յայտարարութեան մէջ, որով հայկական կողմը բան մը «կը ստանայ» եւ ոչ թէ անհաշիւ կու տայ, ինչպէս` մնացեալ բոլոր կէտերուն պարագային: Ասիկա ափսոսանքով կ՛ըսենք` նկատի ունենալով այս թղթածրարին բաւական ցաւոտ բնոյթը:
Կեդրոնանալով մասնաւորապէս ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու թղթածրարին վրայ` պէտք է նշել, որ Ազրպէյճանը յայտնապէս այս թղթածրարը կը շահագործէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաւելեալ շանթաժի ենթարկելու համար` ձեռք ձգելու համար յաւելեալ զիջումներ: «Բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքը շատոնց արդէն կիրարկելի չէ, որովհետեւ հայկական կողմը սկիզբէն ալ յանձնած էր իր մօտ գտնուող ազրպէյճանցի ռազմագերիները: Փոխարէնը` ինչպէ՞ս կը վերադարձուին հայ ռազմագերիները մաս առ մաս, հանգրուաններով, ասիկա` եթէ Ազրպէյճան յարմար գտնէ անոնց վերադարձը: Կը վերադարձուին շատ բարձր գինով` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներուն ականապատուած դաշտերուն քարտէսներուն դիմաց:
Ազրպէյճանի կողմէն շանթաժի լեզուով խօսիլը իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ հայ ռազմագերիներուն, պատանդներուն եւ պահուող այլ անձերուն դէմ քրէական բնոյթի գործեր կը սկսին բացուիլ, Պաքուի բռնատիրական վարչակարգին կողմէ կը ներկայացուին բեմականացուած դատավարութիւններ, որոնց ընթացքին հայ գերիները կ՛ամբաստանուին եւ կը պատժուին ահաբեկչութեան եւ վարձկանութեան յանցանքներով: Յայտնի է նաեւ, թէ 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր ազրպէյճանական բանակը ինչպէ՛ս վարուեցաւ հայ ռազմագերիներուն հետ: Անոնք ենթարկուեցան ֆիզիքական եւ հոգեկան տանջանքի, նուաստացման: Այս բոլորը վաւերագրուած է մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին եւ այլ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ, եւ վերջերս ալ Ուաշինկթընի մէջ ՀՅԴ-ի հետ գործակցութեամբ Հայկական իրաւական կեդրոնը ռազմագերիներու նկատմամբ մարդկային իրաւունքներու խախտման հարցերով բազմաթիւ դատեր բացած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ:
Հիմա համայն հայութեան համար ամէնէն առաջնահերթը պատերազմին պատճառով թշնամիին ձեռքը ինկած հայ գերիներուն եւ պատանդներուն վերադարձն է, անոնց խոցուած էութեան մխիթարումը եւ ապաքինումը, անհետ կորսուած անձերուն ճակատագիրը յստակացնելը, հայ նահատակուած զինուորներու աճիւններուն վերջնական վերադարձը հայրենիք եւ անոնց պատշաճ հոգեհանգիստը: Գերիներուն եւ պատանդներուն մասով կը կրկնենք այն, ինչ որ վերը ըսած ենք. մարդ անհատը ինքնին արժէք է, եւ մարդուն արժանապատուութիւնը պահելն ու պաշտպանելը մեր բոլորին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ: Մարդ անհատի արժէքը գերիվեր է երկիրներու տնտեսական կամ նիւթական ինչ-ինչ շահերէ, որոնք այսօր ստացած են «ճամբաներու ապաշրջափակում» ընդհանուր անուանումը:
Վերոյիշեալ բոլոր փաստացի տուեալները մէկ կողմ, մեզի համար իրապէս ընդվզեցուցիչ եւ անընդունելի կը մնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն անգործութիւնը այս էական թղթածրարին գծով: Աւելի՛ն. նաեւ դատապարտելի կը նկատենք Հայաստանի իշխանութիւններու կարգ մը ներկայացուցիչներուն շնական յայտարարութիւնները գերիներուն գծով: Ափսոս է, որ երբ առաջ գերիները կը ներկայացուէին իբրեւ հերոսներ, հիմա այդ կարգ մը պաշտօնատարներուն կողմէ կը ներկայացուին իբրեւ դասալիքներ: Այսպէս եղաւ, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն ներս ազրպէյճանական հերթական սադրիչ ներխուժումին պատճառով նոյեմբեր 16-ին 13 նոր ռազմագերիներ ինկան ազրպէյճանցիներուն ձեռքը այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած էին, որ հայկական այդ դիրքերու զինուորներուն հրահանգուած է չկրակել եւ չդիմադրել: Օրեր վերջ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ սպրդեցուած տեսանիւթ մը, որուն մէջ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը շնականօրէն կը յայտարարէ, որ իրեն համար հայ ռազմագերիները գոյութիւն չունին այլեւս, որովհետեւ անոնք դասալիք եղած են եւ մոլորուելով` ինկած են ազրպէյճանցիներուն ձեռքը: Այդ տեսանիւթին հրապարակումէն կարճ ժամանակ ետք այդ վերջերս գերեվարուածներէն 10-ն վերադարձուեցան Հայաստան, բնականաբար` դարձեալ ականապատուած դաշտերու քարտէսներու դիմաց, բայց ի զարմանս մեզի` իրադարձութիւններուն հետեւողներուս, այդ վերադարձած գերիներէն հինգը անմիջապէս ձերբակալուեցան եւ ամբաստանուեցան դասալքութեան եւ դիրքերը կամովին յանձնելու յանցանքներով: Այսինքն չի բաւեր մարդոց կրած նուաստացումը ազրպէյճանական գերութեան մէջ իյնալու պատճառով, երկրորդ անգամ ալ պիտի նուաստացուին սեփական երկրին եւ դատական համակարգին կողմէ: Եւ երեւի մարդ անհատի գերագոյն արժէք ըլլալուն մասին նաեւ Ալեն Սիմոնեանը եւ ուրիշ իշխանաւորներ դեռ սորվելիք ունին: