ՄԱՍԱՉՈՒՍԷՑ.- ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԴԱՐՁԱԿՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑԱԾ

0 0
Read Time:2 Minute, 0 Second

 Յա­տուկ հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը տե­ղե­կա­նանք թէ Սուրբ Ստե­փա­նոս Ազ­գա­յին Վար­ժա­րա­նի ըն­դար­ձակ­ման շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տան­քը, որ սկսած էր Յու­նիս 20, 2012-ին աւար­տած է Օգոս­տոս 31, 2012-ին: Հե­տե­ւա­բար, նոր շէն­քը պատ­րաստ եղաւ ճիշդ ժա­մա­նա­կին, 2012-2013 դպրո­ցա­կան Տա­րեշր­ջա­նին հա­մար: Այս ըն­դար­ձա­կու­մը, որ ար­ժեց 1,37 միլի­ոն տո­լար, վեր­ջին 20 տա­րի­նե­րուն ամէ­նէն մեծ շի­նա­րա­րու­թիւնը եղաւ` ի նպաստ Մեծն. Պոս­թը­նի հայ հա­մայն­քին:  Եր­կու յար­կա­նի, 6000 քա­ռա­կու­սի ոտք տա­րա­ծու­թեամբ այս շէն­քը կ՛ընդգր­կէ չորս նոր դա­սա­րան­ներ, արդ­ի­ա­կան խա­ղա­վայր եւ ներ­քին զբօ­սա­վայր/հա­ւա­քա­վայր:

Այս ըն­դար­ձա­կու­մը կա­րե­ւոր հանգր­ուան մը կը ներ­կա­յաց­նէ դպրո­ցի պատ­մու­թեան մէջ, ստեղ­ծե­լով նոր կա­րե­լիու­թեւն­ներ եւ յա­ւել­եալ տա­րա­ծու­թիւն շա­րու­նա­կա­բար աւել­ցող աշա­կեր­տու­թեան հա­մար, կ՛ը­սէ Վար­ժա­րա­նի Տնօ­րէ­նու­հի Հու­րի Պո­յամ­եան:

Սի­րով կը հրա­ւի­րենք բո­լոր գա­ղու­թը, Բաց­ման Հան­դի­սու­թեան, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ, Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բեր 14, 2012, ժա­մը 12-ին, 46 Elton Avenue, Watertown, MA, Ս. Պա­տա­րա­գէն ետք, Ձե­ռամբ Թե­միս Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Բարձ. Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եա­նի:

Սուրբ Ստե­փա­նոս Ազ­գա­յին Վար­ժա­րա­նը, 2010-ին ճանչց­ուե­ցաւ իբ­րեւ “Լա­ւա­գոյն Հայ Դպրոց“ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ եւ մի­ակ որա­կա­ւո­րուած Հայ Վար­ժա­րանն է Նիւ Ինկ­լըն­տի Ան­կախ Վար­ժա­րան­նե­րու Միու­թեան  կող­մէ: Սոյն ըն­դար­ձա­կու­մով դպրո­ցը պի­տի շա­րու­նա­կէ տալ որակ­եալ Ամե­րիկ­եան ու­սում, դրուած Հայ Մշա­կոյ­թի եւ Լեզ­ուի զօ­րա­ւոր հիմ­քե­րուն վրայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles