Մասաչուսէցի Կամերային Երաժիշտներու Տարեշրջանի Անդրանիկ Ելոյթը

Այս շաբաթ, Սեպտեմբեր 12-ին, երեկոյեան 7:00-ին, Լեքսինկթընի Follen Church-ի (755 Massachusetts Ave, Lexington, MA 02420) մեկնարկը պիտի տրուի Մասաչուսէցի կամերային երաժիշտներու (Massachusetts Chamber Music Artists) երկրորդ տարեշրջանին։
Գեղարուեստական տնօրէն՝ ջութակահար Հայկ Յովսէփեանի կողքին, այս համերգին ելոյթ պիտի ունենան թաւջութակահար Իսմայէլ Կերերօ եւ դաշնակահար Մաթիաս Քուէվաս՝ ներկայացնելով եզակի ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ երեք տարբեր երաժշտական աշխարհներ։
Երեկոն պիտի սկսի Գայանէ Չեպոթարեանի դաշնակի «Թրիօ»-ով, հազուադէպօրէն ներկայացուած է, սակայն բացառիկ արժէք ունեցող ստեղծագործութիւն մըն է, հարուստ իր քնարական արտայայտչութեամբ եւ երաժշտական երանգներով։
Ապա, կովկասեան բարձրաւանդակէն Հարաւային Ամերիկա փոխադրուելով, արժանթինցի Ասթոր Փիացոլայի «Պուէնոս Այրէսի չորս եղանակները» պիտի հնչէ, իտալացի Վիվալտիի «Չորս եղանակները» գործէն ներշնչուած իւրայատուկ յօրինում մը, ուր ներկայ է նաեւ իւրայատուկ թանկօ պարեղանակի կշռոյթը։
Օրուան ծրագիրը պիտի աւարտի Եոհաննէս Պրամսի դաշնակի «Թրիօ ԹԻՒ 1»-ով, որ կը դասուի ռոմանթիք շրջանի դաշնամուրային եռեակներու մեծագոյն գործերուն շարքին։
Տոմսերը ապահովելու համար, այցելել․- mcmartists.org/concert-season/crossroads

