Յօդուածներ

ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ

Գէորգ Պետիկեան

Ի՞նչ է լեզուներբեմն կը հարցնենք:

Լեզունմարդոց իրարու հետ խօսելու կամ հաղորդակցելու միջոցն է,- կը պատասխանենք ամէնէն պարզ ձեւով ու կ’աւելցնենք թէ,- ան ազգի մը ապրելու եւ գոյատեւելու ամէնէն զորաւոր զէնքն ալ էԱռանց անոր նոյն այդ ազգը կը կորսուի:

Մարդ անհատը շնորհիւ իր ստեղծագործ միտքին եւ մտածողական ու հնարելու կարողականութեան, քաղաքակրթուելով, բնութեան եւ իր շրջապատի ազդեցութեան տակ ու մանաւանդ իր կեանքի ընթացքին ապրելու ստիպողականութենէն մղուած ու թելադրուած, զարգացուցած ու ճոխացուցած է իր այս լեզուն:

Լեզուն գործածուած է նախ պարզապէս ապրելու, եւ ապա եկողները ապրեցնելու նպատակով: Լեզուն ըլլալով հանդերձ նշաններու համակարգ մը նաեւ եղած է գանձ ու հարաստութիւն:

Advertisement Subscribe Today

Բոլոր ժողովուրդները մշակած են իրենց խօսակցական կամ գրաւոր լեզուն:

Իսկ գալով մեր լեզուին…հայերէն լեզուին, մեր մայրենիին…ըսեմ.-

Համաձայն հնդեւրոպական լեզուաբանութեան յստակ տուեալներուն, «մերինը» ուրիշներէն անկախ է: Իսկ հայ գրական լեզուն… ազգային լեզու է:

Արդ, պէտք է ըսելոր մեր ժողովուրդին չափ դարերու կեանք ունի մեր լեզունորովհետեւ ան ծնունդ առած է նոյնինքն մեր ժողովուրդին կողմէԱնոր համար հայերէն լեզուն հայ ժողովուրդին համար եղած է անոր արթուն պահակըՄօտէն հսկած էոր հայ ժողովուրդը չկորսուիչձուլուիՄեր մայրենին դարերէ ի վեր տոկացած է բոլոր թշնամիներուն եւ յաղթած է անոնց:

Եւ տակաւին ա՛ն մեր ժողովուրդին համար աստուածային պարգեւի կոչումին կողքինանոր կեանքին ուղղութիւնը տուողն ու ճշդողն ալ է: Մեր մայրենին մեր  յաւերժութիւնը ապահովողն է: Եւ վա՜յ այն օրուաներբ մեր այդ ճամբան կորսնցուցած ըլլանք:

Նաեւ մեր լեզուն, մեր ազգային գոյութեան երաշխիքն ու փաստն էԱն սուրբ է, մեր հայրենիքին չափոր կը միացնէ մեզ բոլորսեւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել:

Արդանմեղօրէն եւ անկեղծ, հարց տանք իրարու.-

– այսօր ի՞նչ կացութիւն կը պարզէ մեր լեզուն:

– որքանո՞վ մենք զինք կը փնտռենք, կամ՝ իր վրայ կը գուրգուրանք:

– որքանո՞վ զինք կը գործածենք եւ կամ մաքուր կամ անաղարտ կը փորձենք պահել:

Բոլորս ալ ականատեսներ ենքթէ մեր լեզուն եւ յատկապէս արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ էԲայց արդեօք քաջութիւն ունեցա՞ծ ենք հասկնալութէ ի՞նչ են հայ լեզուի նահանջի գլխաւոր պատճառները, եւ ի՞նչ են այն գործնական միջոցներըորոնք զինք պիտի փրկեն մեր ընդգծած վիճակէն:

Իբրեւ ընթերցող կամ միութենականուսուցիչ եւ կամ ազգային գործիչմշակութասէր եւ կամ պարզ հայ անհատ, դուք ձեզի հարց տուէքթէ այս օրերուն ո՞ւր է հայերէն  լեզուն ձեր կեանքին մէջ:

Ահա հոսկէ էոր կը սկսի ախտաճանաչումը,  եւ որ մեզի պիտի տանի մինչեւ մեր ինքնագիտակցութեան դռները:

Անկասկածոր այս բոլոր մտահոգութիւնները կը պատկանին բոլորիսորովհետեւ համազգային մտահոգութիւններ են, եւ ոչ թէ միայն միութենականներունհայ վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ կամ հայ ուսուցիչներուն ու գրողներուն հասցէագրուած:

Եթէ կ’ընդունինքոր լեզուն այն գեղեցիկ օղակն էոր կը ծառայէ մեր հաւաքական գոյատեւմանուստի պէտք է ստեղծենք համապատասխան առողջ ու կենսունակ միջավայր մըսոյն օղակը հաստատամուր ու անքակտելի պահելու համար:

Այս բոլոր մտահոգութիւնները ծնունդ են մեր լեզուին նկատմամբ մեր բոլորին կողմէ որդեգրուած անտարբերութեան եւ վերաբերմունքին՝ Հայաստանի կամ սփիւռքներու տարածքին:

Կասկածէ դուրս է, որ բոլորս ալ մեր լեզուին նահանջի ներկայութիւնը կ’ապրինքամէն օր եւ ամէն վայրկեան, եւ որուն հանդէպ անտարբեր մնալը դաւաճանութեան համազօր էԱնսովոր սպառնալիքներ օրէ օր իր դիմաց կը շարուին, անոր համար անմիջական լուծումներու կարիքը ունի:

Տակաւին միւս կողմէ ալ, յստակ իրողութիւն էթէ ներ­կա­յիս ան­դունդ մըմեծ բացութիւն ու ճեղք մը կայստեղծ­ուած է խօ­սակ­ցա­կան եւ գրա­կան հա­յե­րէ­նին մի­ջեւ:

Ուստի…

Հայերէն լեզուի հարցը հրատապ մտահոգութիւն պէտք է դարձնելորովհետեւ մեզմէ շատեր օտար լեզուին կեղծ հրապոյրովերբեմն կը գինովնան, եւ որուն իբրեւ արդիւնքմեր լեզուն հետզհետէ կը կորսնցնէ իր հարուստ բառամթերքն ու կենսունակութիւնը:

Բայց, հպարտ ենքոր ունինք անհատներգրող նուիրեալներ, հայ մամուլ, որոնցմով լեզուն կը հարստանայորոնք հրաշքներ կը գործեն մեր լեզուն կենսունակ պահելու համարԱնոնց ստեղծագործութիւններով կապրի հայ լեզուն, եւ  կը ստանայ նոր ձեւեր:

Անոնք ենոր մեզի կը յիշեցնենթէ լեզուն պիտի ապրի ինքնիրմովպիտի մաքառի ու նորանայ: Իսկ եթէ նորացուիչի թմրիր ու չի մեռնիր: Եւ ընդհակառակը, երբ մեր լեզուին նոր ճարտարապետներ չհասնիննոր գրողներ ու նոր խօսողներ չունենանք, այն ատեն վտանգը կը դառնայ համատարած ու հայոց լեզուն կը դասուի մեռեալ լեզուներու շարքին:

Բայց, իրականութիւն է որ այս օրերուն այդ խենթ «հերոսներու» թիւը շատ նօսր է, եւ կը կարծեմ որ բաւարար չէ փրկելու այս տխուր «իրականութիւնը»:

Հպարտութեամբ կ’ընդունինքոր մեր լե­զու­ն մե­զի տր­ուած մեծ պար­գեւ­ն է։ Պէտք է ու­շա­դիր ըլ­լանքթէ ինչ­պէ՞ս պէտք է զայն օգ­տա­գոր­ծելսոր­վեց­նե­լշտ­կե­լխրա­տելճշ­մար­տու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լ եւ զԱստ­ուած փա­ռա­ւո­րե­լ։

Լե­զուն կեն­սու­նակ էերբ ամէն տե­սակ հաս­կա­ցու­թիւն­նե­րու եւ գա­ղա­փար­նե­րու ար­տա­յայ­տի­չը կր­նայ ըլ­լալ:

Իրականութիւն է, որ ներկայիս մեր լեզուն կամաց-կամաց սկսած է կորսնցնել իր բա­ռամ­թեր­քի կա­րե­ւոր մէկ բա­ժի­նը: Պատճառը բոլորս ալ գիտենք…մենք ենք…մենք…մեր լեզուն այդ ձեւով գործածողներս: Հարցը այն թէարդեօք պիտի կարենա՞նք այդ կո­րուս­տին առաջ­քը առ­նելԱրդեօք իսկապէս կ’անդրադառնա՞նք այս կորուստին:

Եւ եթէ այո՛ո՞ւր են զայն փրկելու կոչուած անձերըԻնչպէ՞ս կարելի է այս հոսանքին առաջքը առնել, նոյնիսկ այսօրուընէ սկսեալ: Որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, վաղը ուշ է արդէն:

bedig43@aol.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button