Յօդուածներ
Մայրենի Լեզուն՝ Նաեւ Դիմադրութեամբ
Սեւան Տէյիրմենճեան
Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 30 լեզու կը խօսուի։ Այս 30-ի շարքին կան լեզուներ, որոնց անունն իսկ թերեւս անծանօթ է մեզի, օրինակ՝ կապարտայերէնը կամ, ըսենք, ադիկերէնը, որոնք չերքեզական լեզուներ են։ Ի՞նչ տարբերութիւն, օրինակ, ապազերէնի կամ աբխազերէնի միջեւ։ Կան դե

