ՄԱՀ­ՈՒԱՆ 10-ԱՄ­ԵԱ­ԿԻՆ ԱՌ­ԹԻՒ.- ՎԱ­ՐՈՒ­ԺԱՆ ՍԷ­ԹԵԱՆ… ՀԱՅ ԼՈՒ­ՍԱՆ­ԿԱՐ­ՉԱ­ԿԱՆ ԱՐ­ՈՒԵՍ­ՏԻ ՏԱ­ՂԱՆ­ԴԱ­ՒՈՐ ՆՈՐԱՐԱՐԸ

0 0
Read Time:16 Minute, 32 Second
Ուղաթիռով գործուղման ընթացքին`  Վարուժան եւ իր անբաժանելի ոսպնեակը
Ուղաթիռով գործուղման ընթացքին`
Վարուժան եւ իր անբաժանելի ոսպնեակը

Նո­յեմ­բեր 12-ին, իր ծննդեան 86-րդ տա­րե­դար­ձը պի­տի տօ­նէր հայ լու­սան­կար­չա­կան ար­ուես­տի մեր ժա­մա­նակ­նե­րու տա­ղան­դա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Վա­րու­ժան Սէ­թեան (1927-2003), եթէ անո­ղոք հիւան­դու­թիւնը, տա­սը տա­րի առաջ` Սեպ­տեմ­բեր 26, 2003ին, մեր կեան­քէն առ­յա­ւէտ չհե­ռաց­նէր Լի­բա­նա­նի հա­յու­թեան ար­ժա­նա­ւոր այս տա­ղան­դը:

Վա­րու­ժան ստո­րագ­րու­թեամբ հռչա­կա­ւոր իր լու­սան­կար­նե­րը, որոնք հայ թէ օտար հան­րա­ծա­նօթ դէմ­քեր ու դէպ­քեր, ինչ­պէս նա­եւ Լի­բա­նա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի բնա­կան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը ան­մա­հաց­նող լու­սա­տիպ ար­ուես­տի բարձ­րար­ժէք նուա­ճում­ներ են, ժա­մա­նա­կի մա­շու­մին դի­մա­ցող ինք­նու­րոյն դպրոց մը բա­ցին լու­սան­կար­չա­կան ար­ուես­տի աշ­խար­հէն ներս:

Վա­րու­ժան Սէ­թեան հայ անու­նը փա­ռա­ւո­րող գե­ղար­ուես­տա­կան լու­սան­կար­նե­րու հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը կտա­կեց հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ մեր ժո­ղո­վուր­դին, թէ՛ իր պաշ­տած մայ­րի­նե­րու հայ­րե­նիք Լի­բա­նա­նին եւ թէ ընդ­հան­րա­պէս Արա­բա­կան Աշ­խար­հին ու Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քին:

Լիբանանը խորհրդանշող մայրիները` ձիւնածածկ
Լիբանանը խորհրդանշող մայրիները` ձիւնածածկ

Կեան­քը, բնու­թիւնը եւ մարդ էա­կը իրենց ամ­բողջ խո­րու­թեամբ դի­տե­լու, իւ­րա­յա­տուկ ըն­կա­լե­լու, կեն­սու­նա­կու­թեամբ շնչա­ւո­րե­լու եւ լու­սան­կա­րով քան­դա­կե­լու բա­ցա­ռիկ ձիր­քի տէր ար­ուես­տա­գէ­տը եղաւ Վա­րու­ժան, որուն ոսպն­եա­կը ճշմար­տու­թեան նոր լոյ­սի տակ “խօ­սե­ցուց“ եւ “ան­մա­հա­ցուց“ իրեն ժա­մա­նա­կա­կից Մե­ծե­րը, իր ապ­րած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, հա­յու եւ լի­բա­նանցիի իր կրկնակ պատ­կա­նե­լու­թեան հիմք ծա­ռա­յած բնա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թիւն­նե­րը:

Վա­րու­ժա­նի լու­սան­կար­նե­րով` մար­դոց յի­շո­ղու­թեան մէջ անջն­ջելի­օ­րէն դրոշմ­ուե­ցան, իւ­րա­յա­տուկ լոյ­սի տակ դիտ­ուած, գլխա­ւոր դէմ­քերն ու դէպ­քե­րը վեր­ջին յիս­նամ­եա­կի լի­բա­նան­եան եւ հայ­կա­կան իրա­կա­նու­թեան:

Այդ­պէս, Վա­րու­ժան աշ­խար­հին հրամ­ցուց իր “տե­սած“ ու “ճանչ­ցած“ ար­ուես­տա­գէտ­ներն ու գրող­նե­րը (յատ­կա­պէս ան­մո­ռա­նա­լի են Լի­բա­նա­նի եր­գի թա­գու­հի Ֆէյ­րու­զին եւ հան­ճա­րեղ հայ բա­նաս­տեղծ Պա­րոյր Սե­ւա­կին լու­սան­կար­նե­րը), Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ վե­հա­փառ հայ­րա­պետ­նե­րը, Լի­բա­նա­նի ու Սուր­իոյ նա­խա­գահ­նե­րը, Արա­բա­կան Ծո­ցի թա­գա­ւոր­ներն ու իշ­խան­նե­րը, լի­բա­նա­հայ ու հայ­րե­նի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րու ար­ժա­նա­ւոր փա­ղան­գը:

Վա­րու­ժա­նի իւ­րա­յա­տուկ դրոշ­մը կը կրեն ինչ­պէս Լի­բա­նա­նի, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի բնաշ­խարհն ու քա­ղա­քակր­թա­կան ժա­ռան­գու­թիւնը խոր­հր­դան­շող ծա­ռերն ու ծա­ղիկ­նե­րը, լեռ­ներն ու ջու­րե­րը, ճար­տա­րա­պե­տա­կան կո­թող­նե­րը, պա­լատ­ներն ու վան­քե­րը ան­մա­հաց­նող լու­սան­կար­նե­րը: Եւ հոն, ուր լու­սա­ն­կար­չա­կան գոր­ծիքն ու նկա­րա­հան­ման նո­րա­գոյն ար­հես­տա­գի­տու­թիւնը սահ­մա­նա­փա­կում­ներ ու­նին, Վա­րու­ժան շարժ­ման մէջ դրած է ար­ուես­տա­գէտ նկա­րի­չի իր շնորհ­նե­րը, որ­պէս­զի իր լու­սան­կար­նե­րը օժ­տէ առա­ւե­լա­գոյն ար­տա­յայտ­չա­կա­նու­թեամբ:

Հարաւային շրջանի պատմական  Սայտա նաւահանգիստը
Հարաւային շրջանի պատմական
Սայտա նաւահանգիստը

Հայ լու­սան­կար­չա­կան ար­ուես­տի այս­քա՜ն տա­ղան­դա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ծնած էր 1927-ի Նո­յեմ­բեր 12ին Լի­բա­նան, Պէյ­րու­թի նա­ւա­հան­գիս­տի շրջա­նին մէջ, սի­սե­ցի Աբ­րա­համ եւ Թլեմ­բէ Սէ­թեան­նե­րու ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ: Հինգ զա­ւակ­նե­րու (եր­կու աղ­ջիկ եւ երեք մանչ) միջ­նեկն էր Վա­րու­ժան, որ միայն նա­խակր­թա­կան ուս­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ Էշ­րեֆի­էի Ս. Յա­կոբ եկե­ղեց­ւոյ Ազգ. վար­ժա­րա­նին մէջ` աշա­կեր­տե­լով տնօ­րէն եւ դաստ­ի­ա­րակ Ղա­զար Չա­րը­գի:

Պա­տա­նի տա­րի­քէն ստիպ­ուե­ցաւ նետ­ուիլ կեան­քի աս­պա­րէզ` իրեն հո­գե­հա­րա­զատ գտնե­լով լու­սան­կար­չու­թիւնը: Տար­բեր լու­սան­կար­չա­տու­նե­րու մէջ աշ­խա­տե­լէ եւ եռան­դով ու ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ իր աս­պա­րէ­զին մէջ հմտա­նե­լէ ետք, Վա­րու­ժան աշ­խա­տան­քի կոչ­ուե­ցաւ Պէյ­րու­թի քա­ղա­քա­կեդ­րոն Պապ Իտ­րիս գտնուող Eastern Photographic Company հաս­տա­տու­թեան մէջ, որուն լու­սան­կար­չու­թեան բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու նշա­նակ­ուե­ցաւ 1957ին:

Եր­կու տա­րի չան­ցած, 1959ին, իր ձեռք ձգած լու­սա­նկար­չա­կան հմտու­թեամբ, Վա­րու­ժան Սէ­թեան նոյն Պապ Իտ­րի­սի Ուէյ­կան փո­ղո­ցին վրայ հիմ­նեց իր սե­փա­կան լու­սան­կար­չա­տու­նը` Middle East Photographic Laboratories անու­նով: Տա­ղան­դա­ւոր, ջա­նա­սէր եւ ձեռ­նե­րէց լու­սան­կա­րի­չին առ­ջեւ այ­նու­հե­տեւ բաց էր աս­պա­րէ­զը, որ­պէս­զի ար­ժեց­նէր իր շնորհ­նե­րը:

Պէյրութի հռչակաւոր ``Աղաւնիներու Քարայր``ը
Պէյրութի հռչակաւոր “Աղաւնիներու Քարայր“ը

Լու­սան­կա­րի­չի իր աշ­խա­տան­քին կող­քին, Վա­րու­ժան Սէ­թեան երի­տա­սար­դա­կան իր վաղ շրջա­նէն ան­դա­մակ­ցե­ցաւ հայ եր­գար­ուես­տի ու երաժշ­տու­թեան մեծ վար­պետ Բար­սեղ Կա­նաչ­եա­նի “Գու­սան“ երգ­չա­խում­բին, որուն ար­ժա­նա­ւոր եւ հա­ւա­տա­ւոր ան­դա­մը մնաց մին­չեւ վերջ:

1962-ին բախ­տը ժպտե­ցաւ Վա­րու­ժա­նին, որ ար­ժա­նա­նա­լով լի­բա­նան­եան մե­ծահռ­չակ Ռահ­պա­նի Եղ­բայր­նե­րու գնա­հա­տան­քին` նշա­նակ­ուե­ցաւ Ռահ­պա­նի­նե­րու ար­հես­տա­վարժ թա­տե­րա­խում­բին լու­սան­կա­րի­չը: Յատ­կա­պէս Ռահ­պա­նի­նե­րու յայտ­նա­գոր­ծած մե­ծա­տա­ղանդ երգ­չու­հի Ֆէյ­րու­զին հմայ­քը ժո­ղովր­դա­կա­նաց­նող Վա­րու­ժա­նի լու­սան­կար­նե­րը երի­տա­սարդ հայ ար­ուես­տա­գէ­տին առ­ջեւ բա­ցին դռնե­րը լի­բա­նան­եան ար­ուես­տա­սէր շրջա­նակ­նե­րու, որոնք նա­խընտ­րե­ցին եւ պա­տիւ հա­մա­րե­ցին լու­սան­կար­ուիլ Վա­րու­ժա­նի ոսպն­եա­կին առ­ջեւ:

Լի­բա­նան­եան տա­րո­ղու­թեամբ իր նուա­ճած ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւնը Վա­րու­ժան ամ­րապն­դեց 1966-ին, երբ Լի­բա­նա­նի Զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ իր անձ­նա­կան առա­ջին ցու­ցա­հան­դէ­սը տուաւ հե­ղի­նա­կա­ւոր Ֆե­նիս­իա պան­դո­կի ցու­ցաս­րա­հին մէջ: Մա­մուլն ու ար­ուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւնը մեծ գնա­հա­տա­կան­նե­րով ող­ջու­նե­ցին հայ լու­սան­կա­րի­չին տա­ղանդն ու գոր­ծը: Ար­ժե­ւոր­ման ալի­քը աւե­լի բարձ­րա­ցաւ Վա­րու­ժա­նի ար­ուես­տին շուրջ, երբ տա­րի մը ետք, 1967ին, Թոք­իո­յի մէջ, հայ լու­սան­կա­րի­չը տի­րա­ցաւ “Զբօ­սաշր­ջու­թեան Պաշ­տօ­նա­կան Կազ­մա­կեր­պու­թեանց Մի­ջազ­գա­յին Միու­թեան“ առա­ջին մր­ցա­նա­կին:

Չու­շա­ցաւ Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու խոր­հր­դա­յին պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րը: 1968-ին Վա­րու­ժան իրա­գոր­ծեց կեան­քի իր երա­զը, երբ Հա­յաս­տան այ­ցը ծա­ռա­յե­ցուց հայ­րե­նի բնաշ­խարհն ու մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թիւն­նե­րը, հայ գրող­ներն ու մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, Ս. Էջմ­ի­ա­ծինն ու Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը իր աչ­քով տես­նե­լու, ճանչ­նա­լու, լու­սան­կա­րե­լու եւ իր դրոշ­մով ան­մա­հաց­նե­լու նպա­տա­կին: Ար­գա­սի­քը հմա­յեց լի­բա­նա­հայ ողջ հա­սա­րա­կու­թիւնն ու լի­բա­նան­ցի ար­ուես­տա­սէր­նե­րը: Քա­ղա­քա­մէ­ջի Memorial Hallի մէջ 1969-ին բաց­ուած իր ցու­ցա­հան­դէ­սը, Հա­յաս­տա­նի բնաշ­խար­հին ու հայ­րե­նի դէմ­քե­րու նուիր­ուած իր բա­ցա­ռիկ լու­սան­կար­նե­րով, ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր ստեղ­ծեց բո­լո­րին հա­մար:

Վա­րու­ժա­նի ար­ուես­տին հռչա­կը հա­սաւ մին­չեւ Արա­բա­կան Ծո­ցի եր­կիր­նե­րը: Պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէր­նե­րով, 1971-1972-ին, Վա­րու­ժան այ­ցե­լեց ամ­բողջ շրջա­նը եւ լու­սան­կար­նե­րու իր հա­ւա­քա­ծոն հարս­տա­ցուց թա­գա­ւոր­նե­րու եւ իշ­խան­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ բնա­կան տե­սա­րան­նե­րու եւ քա­ղա­քակր­թա­կան կո­թող­նե­րու գե­ղե­ցիկ լու­սան­կար­նե­րով` ամէ­նուր իր ժա­մա­նա­կին եւ աշ­խա­տան­քին կա­րե­ւոր մէկ մա­սը նուի­րե­լով տեղ­ւոյն հա­յու­թեան:

 

Հանրածանօթ Պաալպէքի հնութիւններու փառատօնը
Հանրածանօթ Պաալպէքի հնութիւններու փառատօնը

Նոյն­պէս եւ­րո­պա­կան մա­կար­դա­կի վրայ Վա­րու­ժա­նի հռչա­կը սկսաւ տա­րած­ուիլ: 1972-ին լոյս տե­սաւ Վա­րու­ժա­նի լու­սան­կար­նե­րու առա­ջին հա­ւա­քա­ծոն` “Liban Terre de Rancontre – Lebanon Crossroad of Mankind“ անու­նով շքեղ հրա­տա­րա­կու­թեամբ մը:

Վա­րու­ժան Սէ­թեան իր փառ­քի գա­գաթ­նա­կէ­տին էր, երբ 1975-ին բռնկե­ցաւ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մը, որուն առա­ջին փու­լին կռիւ­նե­րու թա­տե­րա­բեմ դար­ձաւ Պէյ­րու­թի քա­ղա­քա­կեդ­րո­նը: Պապ Իտ­րի­սի շրջա­նը եւս քա­րու­քանդ դար­ձաւ եւ աւե­լի քան 15 տար­ուան Վա­րու­ժա­նի լու­սան­կար­չա­կան վաս­տա­կը կո­ղոպտ­ուե­ցաւ կամ կոր­ծա­նե­ցաւ` իր հաս­տա­տու­թեան հետ մի­ա­սին:

Վա­րու­ժան Սէ­թեան, սա­կայն, պար­տու­թիւն ըն­դու­նող կամ հար­ուա­ծի տակ ձեռն­թափ եղող մարդ չէր: Պայ­քա­րը շա­րու­նա­կեց եւ քա­նի մը տար­ուան մէջ յա­ջո­ղե­ցաւ Պէյ­րու­թի արե­ւել­եան շրջա­նին մէջ, Զալ­քա, հաս­տա­տել իր նոր ար­ուես­տա­նոց-լու­սան­կար­չա­տու­նը: Մէկ կող­մէ շա­րու­նա­կեց լու­սան­կա­րել եւ միւս կող­մէ ցու­ցաս­րա­հի վե­րա­ծել “Varoujan Photographic Center and Art Gallery“ անու­նով իր կեդ­րո­նը:

1977-ին հրա­ւիր­ուե­ցաւ Նոր Ջու­ղա, Իրան, ուր­կէ վե­րա­դար­ձաւ ոչ միայն հայ հի­նա­ւուրց գա­ղու­թի պատ­մա­կան վայ­րե­րու, եկե­ղե­ցի­նե­րու եւ մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեանց վե­րա­բեր­եալ լու­սան­կար­նե­րու ճոխ հա­ւա­քա­ծո­յով, այ­լեւ վե­րա­նո­րոգ աշ­խոյ­ժու­թեամբ շա­րու­նա­կե­լու իր գոր­ծը:

1980-ին, Ան­թիլ­ի­ա­սի Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նին մէջ, Վա­րու­ժան հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցաւ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մին ահա­ւո­րու­թիւնը խա­րա­նող ինք­նա­տիպ ցու­ցա­հան­դէ­սով մը, որ Լի­բա­նա­նի բու­սա­կան աշ­խա­հին ու ծա­ղիկ­նե­րուն նուիր­ուած գե­ղե­ցիկ լու­սան­կար­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ մըն էր: Մեծ լա­ւա­տես ու խոր մար­դա­սէր ըլ­լա­լով` Վա­րու­ժան պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քին մէջ տկա­րա­ցող մար­դոց տո­կա­լու յոյս ներշն­չող զէն­քի վե­րա­ծեց լու­սան­կար­չա­կան իր ար­ուես­տը:

Լիբանանցի հանրածանօթ գրագէտ Միխայէլ Նայիմէն...
Լիբանանցի հանրածանօթ գրագէտ Միխայէլ Նայիմէն…

Յատ­կա­պէս 1980-ական­նե­րուն Վա­րու­ժան իր ու­ժերն ու ժա­մա­նա­կը մեծ մա­սով նուի­րա­բե­րեց մեր մա­մու­լի եւ հրա­տա­րակ­չա­կան մար­զի գե­ղար­ուես­տա­կան բա­րե­լաւ­ման ու կա­տա­րե­լա­գործ­ման աշ­խա­տան­քին: Լի­բա­նա­հայ տար­բեր հրա­տա­րակ­չա­տու­նե­րու եւ առա­ւե­լա­բար Հա­մազ­գա­յի­նի տպա­րա­նին հետ մնա­յուն գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ եղաւ, որ­պէս­զի թէ՛ իր լու­սան­կար­նե­րու հա­րուստ հա­ւա­քա­ծո­յով, թէ՛ գիր­քե­րու նկա­րա­զարդ­ման իր թեք­նինք լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով` նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ըն­ծա­յէ գե­ղա­տիպ գիր­քեր:

Իսկ “Ազ­դակ“ի հետ ամ­բող­ջա­կան գոր­ծակ­ցու­թեամբ, Վա­րու­ժան իր մտայ­ղա­ցում­նե­րով եւ գե­ղար­ուես­տա­կան մշա­կու­մով պատ­րաս­տեց ամե­նամ­եայ Նոր Տար­ուան բա­ցա­ռիկ­նե­րու` առանձ­նա­տիպ հա­տոր­նե­րու գու­նա­զարդ կող­քե­րը, ըն­թեր­ցո­ղի սքան­չա­ցու­մին ար­ժա­նաց­նե­լով մեր մա­մու­լը:

Վա­րու­ժան մե­ծար­ժէք ներդ­րում ու­նե­ցաւ մա­նա­ւանդ յե­ղա­փո­խա­կան մեր դէմ­քե­րու տժգու­նած լու­սան­կար­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու, վե­րամ­շա­կե­լու եւ գու­նա­ւոր տես­քի բե­րե­լու դժուա­րին աշ­խա­տան­քին մէջ: Նման աշ­խա­տա­տար գոր­ծի մը յա­ջո­ղու­թեան հա­մար Վա­րու­ժան օժտ­ուած էր թէ՛ դաշ­նակ­ցա­կան ոգի­ով, թէ՛ ար­ուես­տա­գէտ լու­սան­կա­րի­չի տա­ղան­դով եւ թէ, յատ­կա­պէս, ար­հես­տա­գի­տա­կան ու մաս­նա­գի­տա­կան պա­հանջ­ուած հմտու­թեամբ: Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր եր­րորդ­եան գու­նա­ւոր հան­րա­ծա­նօթ լու­սան­կա­րին հե­ղի­նա­կը Վա­րու­ժան Սէ­թեանն է:

Այ­սու­հան­դերձ` Լի­բա­նա­նի շա­րու­նա­կուող պա­տե­րազ­մին անձ­կու­թիւնն ու ըն­տա­նե­կան կեան­քի դժուա­րու­թիւն­ներ խո­ցե­ցին եւ տկա­րա­ցու­ցին այ­լա­պէս կեն­սու­րախ Վա­րու­ժա­նը: Տկա­րա­ցաւ տե­սո­ղու­թիւնը. սրտի կաթ­ուած ան­ցուց. երի­կամ­նե­րը փճա­ցան: Բայց շա­րու­նա­կեց պայ­քա­րիլ: Լի­բա­նա­նի եւ Սուր­իոյ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն սիր­ուած լու­սան­կա­րի­չը ըլ­լա­լով` յա­ջո­ղե­ցաւ յաղ­թա­հա­րել կեն­ցա­ղա­յին դժուա­րու­թիւն­նե­րը: Աւե­լի՛ն. երբ Հա­յաս­տան բռնեց վե­րան­կա­խաց­ման ճամ­բան, Վա­րու­ժան եղաւ առա­ջին­նե­րէն, որ իր արուես­տի ցու­ցաս­րահն ու ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րը տրա­մադ­րեց ի սպաս հայ­րե­նի նկա­րիչ­նե­րուն, որ­պէս­զի իրենց գոր­ծե­րը հրամց­նեն Լի­բա­նա­նի հայ թէ օտար ար­ուես­տա­սէր­նե­րուն: Որ­քան առող­ջու­թիւնը տկա­րա­ցաւ, այն­քան ինք­նամ­փոփ դար­ձաւ Վա­րու­ժան: 1997-ին լի­բա­նան­ցի ար­ուես­տա­բան Սա­ատ Քիուան լոյս ըն­ծա­յեց Վա­րու­ժա­նի գոր­ծե­րուն երկ­րորդ հա­ւա­քա­ծոն` “Liban-Lebanon“ անու­նով:

2002-ը եղաւ մե­ծա­րան­քի եւ պար­գե­ւատ­րու­մի տա­րի մը Վա­րու­ժան Սէ­թեա­նին հա­մար: Հա­մազ­գա­յին Մշա­կու­թա­յին եւ Կրթա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թիւնը յա­տուկ շքան­շա­նով մե­ծա­րեց ու պատ­ուեց ար­ուես­տա­գէտ լու­սան­կա­րի­չին վաս­տա­կը:

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կոս Արամ Ա. Հայ­րա­պե­տը “Սուրբ Մես­րոպ“ շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց Վա­րու­ժա­նը` Ան­թիլ­ի­ա­սի թան­գա­րա­նի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մե­ծա­րան­քի հա­նդի­սա­շուք արա­րո­ղու­թեան մը ըն­թաց­քին: Իսկ Comite de Recompenses de L’oeuvre Humanitaire et Merite Philanthropique կազ­մա­կեր­պու­թիւնը Վա­րու­ժանը պատ­ուեց La Grande Medaille D’or avec Ruban շքան­շա­նով:

...եւ Պարոյր Սեւակը
…եւ Պարոյր Սեւակը

Վա­րու­ժան Սէ­թեան իր աչ­քե­րը ընդ­միշտ փա­կեց Սեպ­տեմ­բեր 26, 2003-ին եւ իր թաղ­ման օրը ար­ժա­նա­ցաւ Լի­բա­նա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էմիլ Լա­հու­տի շնոր­հած “Մայ­րի“ կար­գի շքան­շա­նին:

Վա­րու­ժա­նի մա­հէն կարճ ժա­մա­նակ ետք, Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թան­գա­րա­նի սրա­հին մէջ, կա­տար­ուե­ցաւ բա­ցու­մը հայ գրող­նե­րու նուիր­ուած լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ իր տե­սա­կին մէջ թէ՛ ան­նա­խըն­թաց էր` ցու­ցադր­ուած գոր­ծե­րու գե­ղար­ուես­տա­կան որա­կով, թէ՛ ընդգր­կուն էր` Հա­յաս­տա­նի ու Սփիւռ­քի ար­ժէք­նե­րը ի մի բե­րե­լու առու­մով:

Վա­րու­ժա­նի նուիր­ուած լա­ւա­գոյն յի­շա­տա­կա­րան­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ Հրաչ Թո­քաթլ­եա­նի պատ­րաս­տած 2007ին վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նը` “Վա­րու­ժան… իր ժամա­նա­կաշր­ջա­նի վկան“ անու­նով:

Ն.

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles