ՄԱԿԱ՞ՐԴ ԹԷ ԹԱԿԱՐԴ
Արձակուրդ «բուրող» Օգոստոս ամսուան հրաժեշտն իսկ չաւարտած…վերջին օրը, հրապարակուեցաւ ամիսներէ ի վեր աշխատանք տարուած առաքելութեան մը արդիւնքը:
Արդարեւ, Օգոստոս 31, 2009-ին, Զուիցերիական (կամ աւելի ճիշտը՝ արեւմտեան) միջնորդութեամբ, Հայաստան եւ Թուրքիա պաշտօնապէս լոյս ընծայեցին իրենց խորհրդակցութիւններու արդիւնքը: Անոնք, յատուկ հաղորդագրութիւններով, տեղեկութիւններ փոխանցեցին, իրար ամբողջացնող պաշտօնական արձանագրութիւններ՝ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ զարգացման մասին: Սոյն «մանիֆեսթ»ն է որ վեց շաբթուայ տեւողութեամբ պիտի գործադրուի, եւ ապա կանաչ լոյս պիտի տրուի սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մշակման:

