Լրահոս

ՄԱԷՍԹՐՕ ՍԵՊՈՒՀ ԱԲԳԱՐԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 5ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Նիկոսիոյ իր բնակարանին մէջ իր մահկանացուն կնքեց վաստակաշատ մաէսթրօ Սեպուհ Աբգարեան:

p15 bis  Ան 50 տարիներ շարունակ եղած է յօրինող, գեղանկարիչ եւ կրթական մշակ: Կիպրոսի ձայնասփիւռի կայանին մէջ եղած է հայկական ռատիոժամի հիմնադիրը: Այդ ռատիոժամին ընդմէջէն ան 46 տարի շարունակ ներկայացուցած է տարբեր յայտագիրներ:
Վերջին տարիներուն, ան խմբավարն էր “Գոհար“ համոյթին:
Ան յօրինած է բազմաթիւ երգեր եւ սիմֆոնիք երաժշտական կտորներ:
Սեպուհ Աբգարեան ծնած էր Կիպրոսի մէջ եւ “Մելգոնեան“ Կրթական հաստատութենէն ներս աւարտելէ ետք, ան իր ուսումը շարունակած էր Փարիզի մէջ:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button