
Ապրիլ ամսուայ ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նպաստող գովազդային պաստառներ կը տեղադրուին Պոսթըն քաղաքի մէջ` Ֆոքսպորօ, Քեմպրիճ եւ Ուոթըրթաուն (Մասաչուսէց):
Գովազդային պաստառները տարեկան տեղադրումը կը հովանաւորուի “Խաղաղութեան արուեստ“ (www.PeaceofArt.org), կազմակերպութեան եւ կազմակերպութեան հիմանադիր նախագահ` Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի կողմէ:
Այս տարի 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող պաստառները յարգանքի տուրք կը մատուցեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ վերապրողներուն: Պաստառներու տիրապետող կարմիր գոյնին վրայ նարնջագոյն տառերով գրուած է` “Ճանչնանք դարու ոճիրը` Հայոց Ցեղասպանութիւնը“: “Ցեղասպանութիւն“ բառը իր մէջ կը մարմնաւորէ 100 թիւը եւ ձեռնաշղթայ: 100 թիւը կը յիշեցնէ Ցեղասպանութեան մօտալուտ հարիւրամեակը, իսկ ձեռնաշղթան կը խորհրդանշէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը յանցագործներու եւ անոր կողմնակիցներու կողմէ:
1996-էն սկսեալ` վերջին 18 տարիներու ընթացքին, Վարուժանը դուրս բերաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը համայնքային փակ դռներէն դէպի լոյս աշխարհ` բաց երկնքի տակ բարձրացնելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող մեծածաւալ գովազդային պաստառներ, հանրութեան ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան ողջ իրողութիւնը, իբրեւ անհերքելի պատմական փաստ եւ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ միջազգային հանրութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: