Հ.Օ.Մ.-Ի 9-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԸ ԴԷՊԻ ԱՍԻԱ

ԼՈՒՍԻՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ
Ապրիլ 17, 2026-ին, Սինկափուրէն սկիզբ առաւ Հ.Օ.Մ.-ի 9-րդ Միջազգային Նաւապտոյտը՝ Royal Caribbean International-ի Ovation of the Seas նաւով, աւելի քան 410 ազգայիններու մասնակցութեամբ։ Ճամբորդութիւնը կը վայելէր ներկայութիւնը Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկհ. Արուս Մելքոնեանի, ԿՎ-ն նաւապտոյտի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Արմինէ Կարապետեանի, նաւապտոյտի յանձնախումբի ատենապետ ընկհ. Շաքէ Պասմաճեանի եւ յանձնախումբէն եօթը անդամներու։
Սինկափուրէն մեկնելէ առաջ, Հ.Օ.Մ.-ը կազմակերպած էր երկօրեայ շրջապտոյտ մը, որուն ընթացքին խումբը այցելեց Սինկափուրի տեսարժան վայրերը եւ ամենահին եկեղեցին՝ Armenian Church of Saint Gregory the Illuminator (հիմնուած՝ 1835-ին)։ Մասնակիցները յուզիչ պահեր ապրեցան հայկական եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, որ երկար ժամանակէ ի վեր այսքան մեծ թիւով հայորդիներ չէր տեսած։ Կարծես անոնք նոր շունչ մը բերած ըլլային իրենց աղօթքներով եւ շարականներով։ Ներշնչուած այս մթնոլորտէն, տեղւոյս վրայ կատարուեցան նուիրատուութիւններ՝ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ներկաներուն կողմէ։
14 օր տեւած այս անմոռանալի շրջապտոյտին ընթացքին, նաւը շրջեցաւ Խաղաղական ովկիանոսի Ասիոյ հեռաւոր շրջանի ծովափնեայ հետեւեալ տեսարժան վայրերով՝ Սինկափուր – Հուէ/Տա Նանկ (Վիեթնամ) – Հոնկ Քոնկ, Քոլուն (Չինաստան) – Թայփէյ, Քիլունկ (Թայուան) – Նակազաքի, Քոպէ, Ֆուճի, Թոքիօ (Ճախոն)։
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան Նաւապտոյտի յանձնախումբը բացառիկ աշխատանք տարած էր այս նաւապտոյտը վերածելու անմոռանալի զբօսաշրջութեան մը, որ մէկտեղած էր ինը երկիրներէ՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Անգլիայէն, Նետըրլանտներէն, Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն, Դանիայէն, հեռաւոր Աւստրալիայէն եւ Հաուայիէն ժամանած հայորդիներ։ Միաժամանակ, ան ստեղծած էր յատուկ ջերմութիւն, ուրախութիւն եւ մտերմութիւն՝ իր կազմակերպած բազմաթիւ միջոցառումներուն ընդմէջէն։
Յատկանշական էր Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումը՝ ստեղծուաած ազգայնաշունչ եւ պահանջատիրական մթնոլորտով, որ կերտուեցաւ շնորհիւ՝ անզուգական երգիչ Էլի Պէրպէրեանի եւ իր նուագախումբին։ Մասնաւորաբար Ապրիլ 24-ի օրը, նաւապտոյտի խումբ մը մասնակիցներ, Թայուանի Քիլանկ քաղաքին մէջ շրջապտոյտին ընթացքին, որոշեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին լապտեր մը արձակել, մեր նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու եւ վերահաստատելու յանձնառութիւնը՝ արժանապատուութեան եւ արդարութեան նկատմամբ։
Նաւապտոյտի ընթացքին, հանրածանօթ երգիչն ու իր նուագախումբը, իրենց հարուստ եւ այլազան երգացանկով, յաջողեցան ներկաներուն ուրախութիւնը գագաթնակէտի հասցնել երեք խրախճանքներու ընթացքին։
Նաւապտոյտի մասնակիցները ազատ օրերուն զբաղ պահելու նպատակով՝ յանձնախումբը կազմակերպած էր պլոթի մրցաշարք մը եւ թէյասեղան մը։ Մեծ էր խանդավառութիւնը մանաւա՛նդ թէյասեղանի ձեռնարկին ուր 200 մասնակիցներ ներկայացան իրենց գեղեցիկ գլխարկներով։ Նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց Հ.Օ.Մ.-ի օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը, որուն ընթացքին մասնակիցները մօտէն ծանօթացան Հ.Օ.Մ.-ի աշխարհատարած մարդասիրական ծրագիրներուն եւ գործունէութեան։ Հաճելի էր նաեւ նաւապտոյտի ընթացքին կազմակերպուած շրջապտոյտը՝ դէպի Kobe-ի տեսարժան ու մշակութային արժէք ներկայացնող վայրերը։
Նաւապտոյտի ամբողջ տեւողութեան մասնակիցները Հ.Օ.Մ.-ի ուղղեցին գնահատանքի, երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան սրտաբուխ խօսքեր։ Շատ- շատեր փափաք յայտնեցին՝ կրկին մասնակցելու նմանօրինակ ճամբորդութեան մը եւ հետաքրքրուած էին շուտով իմանալու յառաջիկայ նաւապտոյտի վայրն ու թուականը։ Մանաւանդ գնահատելի էր ամբողջ ճամբորդութեան տեւողութեան, կատարուած քարոզչական աշխատանքը եւ օրական դրութեամբ տեսերիզներու միջոցաւ հաղորդումներու տեղադրումը ընկերային ցանցի Հ.Օ.Մ.-ի զոյգ էջերուն վրայ։ Երեւոյթ մը, որուն տասնեակ հազարաւորներ առօրեայ դրութեամբ հաճոյքով հետեւեցան՝ այս կերպով ականատես ըլլալով մեր պտոյտներուն եւ հաճելի անցուդարձերուն։ Այս աշխատանքը ամենայն պատասխանատուութեամբ կատարեց Հ.Օ.Մ.-ի քարոզչական յանձնախումբէն՝ ընկհ. Թամար Շահինեան։
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կարեւորագոյն հասութաբեր այս նախաձեռնութեան ընթացքին առ ի գնահատանք նաեւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ՝ ի նպաստ Հ.Օ.Մ.-ի մարդասիրական ծրագիրներուն։
Հ.Օ.Մ.-ը անգամ մը եւս յաջողեցաւ ի մի բերեւ եւ համախմբել հին ու նոր բարեկամներ, նոյն ընտանիքին պատկանող հարազատներ եւ Հ.Օ.Մ.-ականներ՝ ընծայելով բացառիկ առիթ մը, որպէսզի ստեղծուին նոր բարեկամութիւններ՝ աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած հայորդիներուն միջեւ, ոմանք՝ հայկական հարազատ միջավայրի մը կարօտով, ոմանք ալ նոր կապեր հաստատելու փափաքով։
Հ.Օ.Մ.-ի ստեղծած այս փոքրիկ հայկական համայնքին անդամները իրարու հրաժեշտ տուին Մայիս 1-ին՝ դարձեալ հանդիպելու յոյսով։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

