
Հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք թէ, սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութենէն կը յայտնեն, թէ Հ.Օ.Մ.-ի «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ի ծիրէն ներս հանգանակուած հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի բաշխումը սկսած է արդէն սուրիահայ բոլոր վարժարաններուն:
Ս.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աննա Յակոբեանի համաձայն, հարիւր հազար ամերիկեան տոլարէն յատկացումներ ստացած են Հալէպի, Դամասկոսի, Քեսապի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ այլ շրջաններու մէջ գործող հայկական 27 վարժարաններ (դպրոցներու ցանկը տեսնել ստորեւ): «Հալէպէն դուրս գործող բոլոր վարժարանները ամիսներէ ի վեր արդէն կը գործեն, իսկ Հալէպի դպրոցներու բարձրագոյն դասարանները հայկական կեդրոններու եւ ապահով շրջաններ գտնուող վարժարաններու մէջ կը գործեն: Յոյսով ենք, որ պայմանները շուտով կը դառնան ձեռնտու` նախակրթարանները եւս վերաբանալու համար»,¬ յայտնեց ան:
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Է. Րէյիսեանը աւելցուց, որ «ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, Հ.Օ.Մ.-ի հայկական վարժարաններուն տրամադրուած այս օժանդակութիւնը պիտի յատկացուի կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներու ամբողջացման, թէ՛ հայկական վարժարանի գոյատեւման նպաստող անհրաժեշտ գումար հասցնելով, թէ՛ ծնողքին նիւթական բեռը թեթեւցնելով»:
Այստեղ կ’արժէ նշել, որ Հ.Օ.Մ.-ի ,Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտեի կողքին, սուրիահայութեան ի նպաստ այլ հանգանակութիւններու եւս ձեռնարկած են Հ.Օ.Մ.-ի բոլոր միաւորները անխտիր: «Ս.Օ.Խ.-ը Հալէպի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ կը շարունակէ գործել: Ժամանակ մը պարտադիր դադարէ ետք, վերսկսած է գործել Ս.Օ.Խ.-ի դարմանատունը եւ տարրալուծարանը. բաւարարելու համար ստեղծուած կարիքները, հայաշատ Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ եւս, ստեղծած ենք բժշկական ծառայութեան հնրաաւորութիւն: Յաղթահարելով դժուար պայմանները, բազմապատկուած տարողութեամբ կը շարունակենք ծառայել կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ուսանողներուն ու ճիգ չենք խնայեր նաեւ բաւարարելու կարիքները Պատսպարանի մեր երեխաներուն: Այս պայմաններուն մէջ, բնականաբար սերտ գործակցութեան մէջ ենք Շտապ օգնութեան միացեալ մարմնին, Ազգային իշխանութեանց եւ յատկապէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ»,¬ յայտնեց Ս.Օ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին:
Սուրիահայութեան պայմաններու մեղմացման գծով անմիջական աշխատանք կը տանին նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի եւ Լիբանանի միաւորները նկատի ունենալով, որ որոշ թիւով սուրիահայեր ապաստանած են Հայաստան ու Լիբանան:
Հայաստանի պարագային Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային վարչութիւնը արդէն կազմած է Սուրիահայութեան հարցերով զբաղող իր յանձնախումբը, որ շաբաթական կանոնաւորութեամբ հանդիպումներ կը կազմակերպէ Երեւանի ,Արամ Մանուկեանե կեդրոնի սրահէն ներս: Այդ հանդիպումներուն ընթացքին փորձ կը կատարուի բացատրութիւն եւ ուղղութիւն տալու Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու դիմագրաւած խնդիրներուն, յատկապէս կրթական, առողջապահական ու օրինական մարզերէն ներս: ,Օգնիր եղբօրդե նախաձեռնութեան հետ գործակցաբար Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի Հ.Օ.Մ.-էն ստացած ու իր միջոցներով ապահոված դեղորայքի որոշ քանակ մը ուղարկած էր Հալէպ: Իսկ նկատի ունենալով ձմեռնամուտը, Հայաստանի միաւորը սննդամթերք, տաք հագուստ եւ ծածկոցներ յատկացուցած էր կարիքը ունեցող ընտանիքներու: Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Նարինէ Գալստյանը մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմուած սուրիահայութեան հարցերով զբաղող յանձնախումբին:
Լիբանանի պարագային, նկատի առած, որ ազգային համապատասխան մարմիններ կրթական կամ այլ կարիքներու բաւարարման գծով աշխատանք կը տանին, ԼՕԽ-ի առաւելաբար կեդրոնացած է ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւններու վրայ եւ Արաքսի Պուլղուրճեան Ընկերա-բժշկական կեդրոնը իր բոլոր ծառայութիւնները կը տրամադրէ իրեն դիմող բոլոր սուրիահայերուն անխտիր: Միջին հաշուով, օրական 25 սուրիահայ պարագաներ կը ներկայանան ԼՕԽ-ի զանազան բաժանմունքներուն, տարբեր-տարբեր կարիքներով. բոլորին կը տրուին համապատասխան անհրաժեշտ լուծումները:
Հ.Օ.Մ.-ը սերտած էր նաեւ Սուրիոյ ներկայ պայմաններուն բերմամբ Հայաստան կամ Լիբանան մեկնած համալսարանական ուսանողներու պարագաներն ու կարիքները, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն որոշած են սուրիահայ ուսանողներու վճարումները ջնջել: Միութիւնը կը շարունակէ հետեւիլ այլ երկիրներու պարագաներուն:
Հարցումի պատասխանելով Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը յայտնեց.- «Հ.Օ.Մ.-ի 27 երկիրներու մէջ գործող միաւորները առաջինները եղան որ հայ հասարակութեան մէջ սուրիահայութեան օժանդակութեան հանգանակային աշխատանքի շարժում ստեղծեցին: Այդ աշխատանքի արդիւնքը այսօր արդէն հասած է Սուրիա եւ յատկացուած սուրիահայ վարժարաններուն: Մեր միաւորներն ու ընկերուհիները թէ՛ հանգանակային աշխատանքը կը շարունակեն համահայկական նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, թէ՛ գետնի վրայ սուրիահայութեան կարիքներուն կը ծառայեն: Այստեղ կ’ուզեմ իմ գնահատանքը արձանագրել պատնէշի վրայ մնացած Ս.Օ.Խ.-ի անդամ մեր ընկերուհիներուն, որոնք հակառակ տիրող անապահով պայմաններուն, կը շարունակեն իրենց կարելին ընել ծառայելու համար իրենց ժողովուրդին: Այս առթիւ յայտնեմ, որ Հ.Օ.Մ.-ի համահայկական ընտանիքի ներդրումով Ս.Օ.Խ.-ը շուտով կը սկսի կարիքաւոր ընտանիքներու շաբաթական գէթ երկու անգամ տաք ճաշի մատակարաման ծրագրի մը գործադրութեան: Սկզբնական անհրաժեշտ գումար մը փոխանցուած է արդէն Ս.Օ.Խ.-ի մեր ընկերուհիներուն, միշտ յուսալով որ այդ կարիքը շուտով կը դադրի գոյութիւն ունենալէ: Հ.Օ.Մ.-ը իր լուրջ աշխատանքը պիտի շարունակէ սուրիահայութեան կարիքներուն ծառայելու, կացութեան լրջութեան համազօր պատասխանատուութեան զգացումով, կեդրոնանալով իսկական կարիքին վրայ, նպատակային ու հետեւողական աշխատանքով տալով մեր առաւելագոյնը»:
Հ.Օ.Մ.-ի բոլոր միաւորները կը շարունակեն սուրիահայութեան օժանդակութեան համար նուիրատուութիւններ ընդունիլ: Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակը առօրեայ կապի մէջ է Հալէպի հետ եւ օրը-օրին ծագող կարիքներուն ծանօթանալով, միութիւնը կը փորձէ զանոնք բաւարարել` հանգանակային համահայկական նախաձեռնութեան հետ գործակցաբար:
*
* *
ՀԱԼԷՊ.- Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան, Ազգային Հայկազեան վարժարան, Ազգային Սահակեան վարժարան, Ազգային Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Զաւարեան վարժարան, Հայ Կաթողիկէ Մխիթարեան վարժարան, Հայ Կաթողիկէ Զուարթնոց վարժարան, Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարան, Լ. Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Կրթասիրաց-Չեմպէրճեան երկրորդական վարժարան, Կիլիկեան վարժարան
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Ազգային Միացեալ վարժարան, Թարգմանչաց վարժարան, Սահակեան դպրոց, Հայ Կաթողիկէ Լոյս վարժարան, Հայ Կաթողիկէ Փարոս վարժարան, Հայ Կաթողիկէ Միացեալ վարժարան, Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու վարժարան
ՔԵՍԱՊ.- Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարան, Հայ Կաթողիկէ Յոյս վարժարան, Հայ Աւետարանական Նահատակաց վարժարան
ԱՅԼ.- Գամիշլի` Ազգ. Եփրատ վարժարան, Լաթաքիա` Ազգային Նահատակաց վարժարան, Եագուպիէ` Ազգային Վերածնունդ վարժարան, Ռագգա` Ազգային Նուպարեան վարժարան, Հասաքէ` Ազգային Մեսրոպեան վարժարան, Տէրիք` Ազգային Ազատութիւն վարժարան, Ռաս Էլ Այն` Ազգային Նահատակաց վարժարան: