Հ.Օ.Մ.-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Մայիս 25-ին, Երեւանի “Արամ Մանուկեան“ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած առաջին “Գարնանային բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառք“-ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի աւելի քան քառասուն մասնաճիւղեր:
Ցուցահանդէսին նպատակն էր մէկտեղել ու ցուցադրել Հայաստանի տարբեր մարզերուն բնորոշ կերակրատեսակներ, հայ մշակոյթը ներկայացնող ձեռագործներ, զարդեր, խեցեգործութեան նմոյշներ:Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սուրիայէն եւ Իրանէն Հ.Օ.Մ.-ի անդամներ, որոնք ներկայացուցին իրենց բնակավայրերուն յատուկ ճաշատեսակներ, համեմներ ու անուշեղէններ:
Ցուցահանդէս-վաճառքի աւարտին տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի միաւորին կողմէ կազմակերպուած վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, որ դարձեալ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուէր այս տարողութեամբ:
Նախորդ քանի մը ամիսներուն վիճակահանութեան տոմսեր վաճառուած էին թէ՛ Հայաստանի բոլոր մարզերուն, թէ՛ արտերկրի զանազան շրջաններու մէջ: Վիճակաձգութեան արդիւնքով ոսկեայ զարդեր շահեցան Հայաստանէն երեք ու Գանատայէն երկու անձնաւորութիւններ:
Ցուցահանդէս-վաճառքի եւ վիճակահանութեան ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի միաւորի աշխատանքներուն:

