
Գալիֆորնիոյ բանտարկեալներու ներման դիմումները քննող յանձնաժողովը, Յուլիս 4-ին մերժեց Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեան մեղադրանքով դատապարտուած Համբիկ Սասունեանի ներման դիմումը:
Համբիկ Սասունեան ներման նոր դիմում մը կրնայ գրել երեք տարի ետք: 31 տարիէ ի վեր, ան բնակութիւն հաստատած է Սէն Լուիս Օպիսպօ բանտին մէջ:
Երեք տարի առաջ նոյնանման դիմում մը յանձնաժողովը նոյնպէս մերժած էր: Յունուար 1-ին, Սասունեան նշած էր ծննդեան իր յիսնամեակը: Համբիկ Սասունեան ծնած է 1963թ-ին: Յունուար 28, 1982-ին` ան Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսին ահաբեկելու մեղադրանքով ձերբակալուած եւ դատապարտուած է ցմահ բանտարկութեան: