
ԱԹԷՆՔ.- Երկուշաբթի, Յունիս 22-ին, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, նախագահական ապարանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Հ.Յ.Դ. Յունաս
տանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Յովակիմեան եւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեան։ Հանդիպումը ընթացաւ սիրալիր եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց Յունաստանի նախագահը՝ իր պաշտօնի ստանձնման առիթով։
Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ հայ եւ յոյն յարաբերութիւններուն վրայ՝ շեշտելով Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան ոլորտներու ընդարձակման օգտակարութիւնը եւ կարեւորութիւնը։
Խօսուեցաւ նաեւ Արցախեան հիմնահարցին խաղաղ ու բանակցային ճամբով արդար լուծում գտնելու անհրաժեշտութեան մասին։
Հանդիպման աւարտին, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ յունահայութիւնը յուզող հարցերու եւ ներկայ տնտեսական դժուար կացութեան վրայ: