
Read Time:41 Second
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Շաբաթ, Յունուար 13-ին, Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւն մը, տեսակցութիւն ունեցաւ Հ.Հ. դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի հետ:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ՝ Ճորճ Աղճայեան եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ Արամ Համբարեան մաս կը կազմէին պատուիրակութեան:
Այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս Հայաստան – Ա.Մ.Ն. յարաբերութիւններն ու այս տարեշրջանի ընթացքին, կատարուող Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները:
Նշենք թէ, Հայաստանի Ա. անկախութեան հարիւրամեակին գծով արդէն իսկ, նկատի առնուած են բազմաթիւ ձեռնարկներ: Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի շրջանը Մայիս 11-12-ին, Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանին մէջ պիտի կազմակերպէ գիտաժողով մը, մասնակցութեամբ ակադեմականներու եւ դասախօսներու: Իսկ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.-ի շրջանը, Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ համալսարանին մէջ, Մայիս 5-6-ին պիտի կազմակերպէ գիտաժողով մը: