Գլխաւոր
Հ.Յ.Դ. ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ
Յունիս 3-4-ին, Թիֆլիսի մէջ» Ընկերվար միջազգայնականի Ա.Պ.Հ.-ի Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ, Վրաստանի Ընկերվար ժողովրդավարներ զարգացման համար կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ:
Ժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ Մոլտաւիոյ, Պիելոռուսիոյ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Հունգարիոյ, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ անդամ կուսակցութիւններէն, ինչպէս նաեւ իբրեւ հիւր` Ատրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Ներկայ էր նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա:

