Լրահոս

Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Մարմիններու Խորհրդաժողով

youth

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 10-12-ին, «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. պատանեկան միութիւններու վարիչ մարմիններու համահայկական խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Կիպրոսի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի Հիւսիսային եւ Հարաւային շրջաններու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Արցախի եւ Հայաստանի վարիչ մարմիններու 27 ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու՝ Սարգիս Մկրտչեանը, որ կարեւորեց նոր սերունդի հայրենասիարական դաստիարակութիւնը, շեշտելով դաստիարակչական միասնական ծրագրի մշակման եւ հմուտ ու բանիմաց վարիչներ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը:
Եռօրեայ քննարկումներու ընթացքին, խորհրդաժողովի մասնակիցները նախ ունկնդրեցին շրջաններու պատանեկան միութիւններու իրավիճակի, կատարուած աշխատանքներու եւ դժուարութիւններու կապակցութեամբ զեկուցումներ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցան քննարկումներ ընդհանուր իրավիճակի, կազմակերպական հարցերու եւ, մարտահրաւէրներու կապակցութեամբ: Կատարուեցան բազմաթիւ առաջարկներ եւ տեսակէտներու փոխանակումներ:
Խորհրդաժողովը ընդգծեց միութիւններու միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ միասնական ծրագրեր մշակելու ու իրականացնելու կարեւորութիւնը: Ժողովը առաջարկեց կազմակերպել վարիչներու պատրաստման դպրոց, պատանեկան համահայկական բանակում եւ, աւելի յաճախակի դարձնել նմանատիպ խորհրդաժողովներու գումարումը` մտքեր ու փորձառութիւններ փոխանակելու եւ նոր ծրագրեր մշակելու նպատակով:
Յատուկ շեշտը դրուեցաւ Հայաստանի պատանեկան միութեան կազմակերպական կարողութիւններու հզօրացման եւ այդ նպատակով ուժերու կեդրոնացման անհրաժեշտութեան վրայ:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button