Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը Կ՛ողջունէ Խորհրդարանի Բանաձեւը
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կ՛ողջունէ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը, որուն մէջ կը պահանջուի, որ Հայաստանի իշխանութիւնները երաշխաւորեն ընդդիմութեան իրաւունքներու լիարժէք յարգումը, դատական անկախութիւնը եւ խօսքի ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ կը պահանջուի արդարութիւն՝ արցախահայութեան եւ հայ գերիներուն համար։
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը կ՛ողջունէ Ապրիլ 30-ին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած՝ «Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական դիմակայունութեան աջակցելու մասին բանաձեւը»։ Այս նշանակալի փաստաթուղթը կ՛ամրապնդէ Եւրոպական միութեան յանձնառութիւնը Հայաստանի ինքնիշխան ընտրութեան՝ դէպի Եւրոպամիութիւն եւ կը սահմանէ յստակ ակնկալիքներ դատական համակարգի բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման վերաբերեալ։
Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ Եւրոպամիութիւն – Հայաստան յարաբերութիւններու նոր փուլին, որ կը բնորոշուի անվտանգային համագործակցութեան ընդլայնումով եւ ժողովրդավարութեան ու իրաւունքի գերակայութեան նկատմամբ ընդհանուր յանձնառութեամբ։ Ան կը ծառայէ որպէս համապարփակ ճանապարհային քարտէս Եւրոպամիութիւն – Հայաստան գործընկերութեան համար՝ ընդգրկելով նոր ռազմավարական օրակարգի իրականացումը, դիմակայունութեան եւ աճի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պաշտօնական ձգտումը՝ Եւրոպամիութեան անդամակցութիւն։
Հայաստանը կը պատրաստուի 2026 թուականի Յունիս 7-ի ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Եւրոպական խորհրդարանը յստակ ազդակ կը փոխանցէ, որ այդ ընտրութիւնները պէտք է ըլլան ազատ, արդար եւ մրցակցային։ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը մասնաւորապէս կ՛ընդգծէ խորհրդարանի դիրքորոշումը՝ «ընդդիմութեան իրաւունքներու լիարժէք յարգանքի եւ արտաքին միջամտութեան եւ սպառնալիքներուն դէմ պաշտպանութեան կոչին, մասնաւորաբար այն սպառնալիքներուն, որոնք ուղղուած են Հայաստանի ժողովրդավարական հաստատութիւններու ապակայունացման»։
Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ արդարութեան եւ անվտանգութեան այն առանցքային դրոյթներուն, որոնք էական են տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար․
• Արդարութիւն եւ պատասխանատուութիւն հայ գերիներու հարցով․ Եւրոխորհրդարանը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու անօրինական կալանաւորումը՝ պահանջելով անոնց անմիջական եւ անվերապահ ազատ արձակումը։ Ան կը շեշտէ, որ որեւէ կայուն խաղաղութիւն պէտք է հիմնուի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ։
• Արցախահայութեան իրաւունքներ․ Եւրոպական խորհրդարանը կը վերահաստատէ իր հաստատուն աջակցութիւնը արցախահայութեան իրաւունքներուն, ներառեալ անոնց ինքնութեան եւ սեփականութեան պաշտպանութիւնը։ Խորհրդարանը յստակ կոչ կ՛ուղղէ ապահովելու անոնց ապահով, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային երաշխիքներու ներքոյ։ Ան նաեւ կը պահանջէ պատասխանատուութիւն հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման համար եւ կը կոչէ իրականացնել միջազգային գնահատման առաքելութիւն։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունեց յառաջիկայ ընտրութիւններու ընտրական ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով․ «Ես կ՛ողջունեմ Եւրոխորհրդարանի դիրքորոշումը՝ վերահաստատելու իր յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ, ներառեալ անոնց վերադարձի իրաւունքը՝ միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներու ներքոյ։ Ստեփանակերտի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ վերջերս երկու հայկական եկեղեցիներու ոչնչացման ողբերգական լուրերուն լոյսին տակ, հրամայական է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը գործէ այն մանդատին համաձայն, զոր Եւրոպական խորհրդարանը հետեւողականօրէն կը տրամադրէ՝ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու իր յանցագործութիւններուն համար՝ հիմնուելով արդարութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներուն վրայ, որոնց վրայ հիմնուած է այս բանաձեւը»։

