
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, Փետրուար 17-ին,Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ կայացաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը:
Գրեթէ շաբաթ մը առաջ, նախագահ Սարգսեան յայտնած էր, թէ Ծառուկեան ազատ կացուցուած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամի կարգավիճակէն, մեծ աղմուկ ստեղծելով երկրի քաղաքական կեանքէն ներս:
Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար եւ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը, նշեց թէ, վերջին օրերուն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ամէն ճիգ թափած է երկիրը ցնցումներէ եւ բախումներէ փրկելու համար:
«Մենք արել ենք անհրաժեշտը: Մեր խնդրանքով Հայաստան է ժամանել գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, որը բոլոր ջանքերը գործադրել է իրավիճակը հարթելու համար», աւելցուց Վարդանեան:
Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, իր կարգին յայտնեց.- «Մենք կրնանք կորսնցնել մեր բոլոր ունեցածը` փորձելով իբր թէ յօնք շինելու փոխարէն աչքն ալ հանել եւ ամբողջ աշխարհին մէջ խայտառակ ըլլանք:…: Այդ մարդիկը պէտք է հաշտուին, չհաշտուիլը կը նշանակէ պատերազմ: Երկուքին ետին կանգնած ուժերը իրարու նկատմամբ անյարմար արտայայտութիւններ ունեցան: Այսօր արդէն Դաշնակցութիւնը կ՛աշխատի հաշտեցնել երկուքը: Մենք մեր կապերը կ՛օգտագործենք, հիմա ես չեմ ուզեր շատ բաներ հրապարակել, Աստուած տայ յաջողինք»: