
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական եւ Ուսանողական Միութիւններու պատուիրակութիւնը Դեկտեմբեր 26-ին ներկայ գտնուեցաւ, Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) Երիտասարդական կազմակերպութեան երրորդ համաժողովին:
Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր Հայաստանի Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միություն-եան անդամներէն՝ Տիգրան Չանտոյեան եւ Գէորգ Ղազլեան:
Համաժողովին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականին խօսքը փոխանցուեցաւ քրտերէն լեզուով: Ողջունելէ ետք մասնակիցները, Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան ներկայացուցիչը խստիւ քննադատեց Թուրքիոյ ապակայունացնող եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը, ան նաև նշեց՝ «Թուրքիան իր անթաքոյց յարձակողականութեամբ և անկէ բխող գործունէութեամբ կը շարունակէ ապակայունացնել տարածաշրջանային խաղաղութեան գործընթացները, և ասոր վառ ապացոյցը մենք տեսանք 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին»:
Եզրափակելով իր խօսքը ընկերը յաջողութիւն մաղթեց համաժողովի աշխատանքներուն և յոյս յայտնեց, որ հետագային աւելի սերտ համագործակցութիւն ստեղծուի տարածաշրջանին առանձնայատուկ համընդհանուր խնդիրներու կարգաւորման շուրջ, հանուն ազգային իրաւունքներուն, իրական ժողովրդավարութեան արմատաւորման և համամարդկային արժէքներու:
Նշենք նաև թէ բացումի նիստին, խօսք առին Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան համանախագահ Միտհադ Սանչար եւ Ժողովրդավար Շրջաններու Կուսակցութեան համանախագահ (DBP) Սալիհա Այտեմիզ:
Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաև ժողովին մասնակից երիտասարդական կազմակերպութիւններու և քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ որոնցմէ թրքական խորհրդարանի Մարտին քաղաքի պատգամաւոր Էպրու Կիւնէյ:
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Թուրքիայի խորհրդարանի մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ ճանչցած ր Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ան հիմնադրուած է 2008 թուականին և դիտորդի կարգավիճակով կ’անդամակցի Ընկերվար-Միջազգայնականին։