Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Մէկ տարիէն աւելի տեւած դատական զաւեշտի (farce) մը արդիւնք, այսօր Պաքուի զինուորական դատարանը հրապարակեց Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն եւ միւս հայ գերիներուն դէմ շինծու մեղադրանքներով կազմուած գործին «դատավճիռները»։
Դռնփակ, կեղծ «դատավարութեամբ» նախապէս կանխորոշուած այս վճիռներով Ատրպէյճանը հերթական անգամ հաստատեց, որ խաղաղութեան մասին իր հռետորաբանութեան եւ ձեւական քայլերուն հակառակ՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն մեղսակցութեամբ կը շարունակէ իր հակահայ քաղաքականութիւնն ու վարքագիծը։
Ի սկզբանէ իսկ ակնյայտ էր, որ Պաքուի այս «դատավարութեան» նպատակն է թիրախաւորելն ու վարկաբեկելն է Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը էր, ինչպէս նաեւ արցախահայութեան ինքնորոշման պայքարը եւ այդ պայքարի առաջնորդները։
Յատկանշական է, որ Հայաստանի ու հայութեան դէմ այս «դատավճիռներուն» նախօրեակին Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը Ապու Տապիի մէջ «խաղաղութեան մրցանակ» կը ստանան։ Ահա թէ ինչ է եւ ինչ կը նշանակէ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան գործընթացը»։
Պաքուի զինուորական դատարանին կողմէ դատապարտուած գերիներուն իրականութիւնը այն է, որ անոնք փաստացի պատանդներ են Ատրպէյճանի ձեռքին մէջ։ Առանց անոնց անյապաղ եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակման՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան մասին խօսիլը ծաղրանք է, անկախ այն բանէն թէ ո՞վ կը հնչեցնէ այդ խօսքերը։
Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ բոլոր գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար։ Կը կոչենք մեր տարածաշրջանին մէջ իսկական խաղաղութեան ջատագով ուժերը, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան համար գործող բոլոր միջազգային կառոյցները՝ հետեւողական ըլլալու եւ աջակցելու հայ գերիներուն ազատ արձակման գործին։
Արցախի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իսկական խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն արցախցիներու անհատական եւ հաւաքական բոլոր իրաւունքներու լիարժէք ապահովումով, ներառեալ պատանդներուն հայրենիք վերադարձը։
Այս ուղին կը պահանջէ բոլոր առումներով իսկապէս ուժեղ հայրենի պետութիւն եւ ազգային նպատակներու շուրջ համազգային համախմբում։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը եւ պիտի շարունակէ այդ նպատակին ուղղուած կազմակերպուած ու նպատակասլաց պայքարը։
Հ.Յ.Դ. Բիւրօ
5 Փետրուար 2026

