Գլխաւոր

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի Հանդիպումները Աւստրալիոյ Մէջ

ՍԻՏՆԻ.- 29 Յունուարին, տեղւոյն Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, ուղեկցութեամբ Արժանապատիւ Քահանայ հայրեր Տէր Աւետիս Համբարձումեանի եւ Տէր Աշոտ Աբրահամեանի, Գերաշնորհ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեան հիւրընկալեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, որուն կ’ընկերակցէին  Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Քորթեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատւոյ Նախագահ Տիար Գրիգոր Սողոմոնեան:

Տէր Գէորգեան Ֆրանսայէն ժամանած է Աուստրալիա որպէս գլխաւոր բանախօս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 135-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութեան, ոչ տեղի ունեցաւ Փետրուար 1-ի:

Advertisement Subscribe Today

Սիրալիր հանդիպումին ընթացքին, Սրբազան Հայրն ու իր հիւրերը քննարկեցին հայրենիքը, սփիւռքն ու Աւստրալիոյ Հայ համայնքը յուզող հարցեր:

Նախքան մեկնումը, հիւրերը այցելեցին Սուրբ Յարութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցի:

Յովսէփ Տէր Գէորգեան նաեւ այցելեց Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան:

30 Յունուարին, Յովսէփ Տէր Գէորգեան հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան անդամներուն հետ։

Հանդիպումին ընթացքին, ան ներկայացուց Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի ռազմավարութիւնն ու քաղաքականութիւնը: Քննարկուեցան Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեան յառաջիկայ աշխատանքներու առաջնահերթութիւնները՝ յատկապէս արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու համար պայքար, Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ երիտասարդութեան նորարար եւ ստեղծագործ ներուժի ներդնում եւ առհասարակ հայութեան ապահովութեան եւ իրաւունքներուն սպառնացող բոլոր ուժերուն դէմ անդուլ դիմադրութիւն։

Երիտասարդներուն հետ հանդիպումը դրական աւարտին հասաւ Հ.Յ.Դ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի ընթացքի մէջ եղող եւ գալիք ծրագիրներու մասին զրոյցով:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button