
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ նահանգներու 40-րդ Շրջանային Ներկայա-ցուցչական Ժողովը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 13-15-ին, հիւրընկալութեամբ` Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին: Ժողովին մասնակցեցան Շրջանի տասը մասնաճիւղեր` Ալպընի, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Շիքակօ, Տիթրոյթ, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Փրովի-տէնս, Ֆիլատելֆիա եւ Ֆլորիտա, եւ առաջին անգամ ըլլալով, Շրջանի նորակազմ Շարլոթ Միաւորը իրենց լիազօր ներկայացուցիչներով: Նաեւ մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ` եղբայր Հրաչ Մես-րոպեանը ու Արեւելեան Միացեալ նահանգներու Շրջանային Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ՝ եղբայր Վահէ Թանաշեան: Խորհրդակցական ձայնով մասնակցող-ներու շարքին ներկայ էին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ նահանգներու Շրջանա-յին Վարչութեան մնացեալ անդամները, Շրջանային Մարզական յանձնախումբի եւ Սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչները, եւ Շրջանային Վարչութեան կողմէ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ եղբայր Լեւոն Պալեան, եղբայր Օհան Օհանեան, եւ եղբայր Վարդգէս Վարդանեան: Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Օ.Մ.-ի, Համազգայինի, եւ Հ.Ե.Դ.-ի Շրջանային Վարչութեանց ներկայացուցիչները:
«Յառաջ Նահատակ» քայլերգով կատարուեցաւ ժողովին բացումը, Ուրբաթ Նո-յեմբեր 13, 2015-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ապա Շրջանային Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ՝ եղբայր Վահէ Թանաշեան բարի գալուստի իր խօսքէն վերջ, հրաւիրեց Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Յովնան Գահանայ Պոզոյեանը, որ աղօթքով օրհնեց ժողովը եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց: Յաջորդաբար խօսք առին ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ եղբայր Վահէ Թանաշեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` ընկեր Յովսէփ Աւագեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Թալին Տաղլեան, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Թալին Մաւլեան-Պարսումեան, Հ.Ե.Դ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկեր Կարօ Թաշեան, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայա-ցուցիչ` եղբայր Հրաչ Մեսրոպեան: Խօսք առնողները բարձր քննահատեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կարեւոր դերը հայ մատղաշ սերունդներու տաստիարակութեան մէջ, եւ շեշտեցին համագործակցութեան կարեւորութիւնը, լաւապէս ծառայելու մեր ազգային վսեմ նպատակներուն:
Առաջին հերթին, ժողովը ընտրեց իր առժամեայ դիւանն ու լիազորագրերու ստուգման յանձնախումբը, ժողովի օրինականաութիւնը ստուգելէ եւ հաստատելէ ետք ընտրուեցաւ մնայուն դիւան, որ կը բաղկանար ատենապետներ՝ Յովիկ Աբգարեանէ եւ Շանթ Ժամկոչեանէ, ատենադպիրներ՝ Արշօ Գանթարճեանէ, Կարին Ջօփճեանէ եւ Հայկուշ Գարաքէլեանէ: Ապա ժողովը ընտրեց բանաձեւերու, արխիւային, պիտճէի եւ քուէախոյզ յանձնախումբերը։ Ժողովի յաջորդ օրակարգն էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 11-րդ Պագամաւորական Ընդհանուր Ժողովի զեկոյցը, ուր 39-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Բացառիկ Ժողովի կողմէն ընտրուած պատգամաւորներ՝ Շանթ Ժամկոչեան, Արա Պարսումեան, Թորոս Ոսպիկեան, Ռազմիկ Փանոսեան, Վահէ Թանաշեան եւ Արամ Գայսէրեան մանրամասն եւ շահեկան տեղեկութիւններ փոխանցեցին ժողովի բացման, օրակարգին, ընթացքին եւ առած կարեւոր որոշումներու մասին:
Յաջորդ օրը, Շաբաթ Նոյեմբեր 14, 2015-ին ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները լսելով տասը մասնաճիւղերուն եւ Շարլոթ միաւորի միցեալ եւ ամփոփ զեկոյցները, լուսաբանական հարցումներուն պատասխանեցին վարչութիւններու ներկայացուցիչները: Օրակարգի յաջորդ կէտով Ժողովը լսեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ նիւթա-բարոյական տեղեկագիրը: Լուսաբանական հարցումներուն յաջորդեց ըստ էութեան քննարկման ժողովականներու արտայայտութիւնները:
Համաձայն տեղեկագրերու, Շրջանը ունեցած է բազմաբեղուն գործունէութիւն:
Ներկայիս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ նահանգներու Շրջանը ունի.-
գ 1,000 աւելի անդամներ:
գ Մօտ 400 Սկաուտ եւ 500 Մարզիկ:
գ 75-է աւելի մարզական երկսեռ խումբեր՝ ոտնագնդակի, պասքէթպոլի, վոլի-պոլի, լողի եւ աթլեթի, ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վեթերան դասակարգերով:
Անցնող երկամեակին, Շրջանը կազմակերպած է հետեւեալ գործունէութիւնները.-
գ Մասնաճիւղերու վարչական կազմերու երկու խորհրդաժողովներ, Մարտ 2014- ին Նիւ Եորքի մէջ, եւ Մարտ 2015-ին Նիւ Ճըրզիի մէջ:
գ Նաւասարդեան 24-րդ Խաղեր, Յուլիս 2014-ին Նիւ Եորքի մէջ: Սոյն խաղերուն մասնակցեցան 375 մարզիկներ-մարզիկուհիներ:
գ Նաւասարդեան 25-րդ Խաղեր, Յուլիս 2015 Պոսթոնի մէջ: Սոյն խաղերուն մասնակցեցան 430 մարզիկներ-մարզիկուհիներ:
գ 2014 Օգոստոսին Շրջանէս 100 Սկաուտներ մասնակցեցան Համա-ՀՄԸՄական 10-րդ Ընդհանուր Բանակումին:
գ 2015 Օգոստոսին Շրջանային Սկաուտական 28-րդ Բանակում, Ֆիլատելկիայի մէջ, ուր մասնակցեցան 90 սկաուտներ:
գ Յունիս 2015-ին Պոսթոնի մէջ տեղի ունեցաւ Շրջանային Ներկայացուցչական Բացառիկ 39-րդ Ժողովը, ուր ընտրուեցան պատգամաւորներ մասնակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 11-րդ Ընդհանուր Ժողովին:
գ Սեպտեմբեր 7-12, 2015 Շրջանիս պատգամաւորներ մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 11-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին:
գ Յատկանշական էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արաջին Միաւորի ստեղծման երեւոյթը: Կիրակի, Օգոստոս 30, 2015ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը, ընդառաջելով տեղւոյն համայնքի դիմումին, հիմը դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շարլոթ քաղաքի միաւորին:
գ Արհեստագիտական միջոցները լաւապէս օգտագործուած էին դիւրացնելու Շրջանիս աշխատանքնեը: Որպէս օրինակ կարելի նշել, “Google”-ը եւ Նաւասարդեան խաղերուն մասնակցելու, համացանցի միջոցաւ մարզիկներու դիմումնագրերու կիրառումը:
Ներկայացուցչական Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը, մշակելով յառաջիկայ շրջանի մարզական եւ սկաուտական գործունէութեան ծրագիրները, 2016-ին Նաւասարդեան Խաղերը տեղի պիտի ունենան Շիքակոյի մէջ, իսկ 2017-ին Փրովիտէնսի մէջ, 2016-ին Շրջանային Բանակումը տեղի պիտի ունենան Պոսթընի մէջ, իսկ 2017ին Տիթրոյդի մէջ: Ժողովը եզրակացուց շինիչ առաջարկներ եւ թելադրանքներ, բարելաւելու համար վերոյիշեալ գործունէութիւնները եւ դիմագրաւելու նոր սերունդի պահանջքները:
Ժողովի ընթացքին վերամշակուեցաւ շրջանի ներքին մարզական կանոնագիրը, որդեգրուած կանոնագրային փոփոխութիւնները կը միտին բարելաւել Շրջանիս Նաւասարդեան Խաղերը:
40-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովի յատուկ ուշադրութեան նիւթերէն մէկն էր Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Մարզական Խաղերը եւ Ընդհանուր Բանակումը, որոնք տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ 2017-ի եւ 2018-ի ամռան:
Յատուկ ուշադրութեան նիւթ էր նաեւ, վերջին երկու Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներուն մշակուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ռազմավարական Ծրագիրը, եւ անոր գործադրութեան միջոցները շրջանիս մէջ, եւ երիտասարդ սերունդին կարեւոր դեր վստահիլը այս մարզին մէջ:
Նկատելի եւ ուրախ երեւոյթ էր ներկայացուցիչներու շարքին մեծ թիւով երիտասարդ եւ երկար տարիներու վաստակ ունեցած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու ներկայութիւնը, հազիւ քսան տարիքը բոլորած անդամներու կողքին՝ կային 85 երկար տարիներ ծառայած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ, այս երեւոյթը յաւելեալ յոյս կը ներշնչէ միութեան յարատեւութեան ու հզօրացման, եւ լաւապէս կը դրսեւորէ միութեանս նշանաբանը՝ Բարձրացիր Բարձրացուրը:
40-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային Վարչութիւն մը, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.-
Վահէ Թանաշեան (Ուաշինկթըն), Ռազմիկ Փանոսեան (Պոսթըն), Մարք Թորոս
եան (Նիւ Ճըրզի), Արա Իշխանեան (Ֆիլատելֆիա), Էլիզապէթ Դրամկոչեան (Ֆիլա-տելֆիա), Վիգէն Խաչատուրեան (Պոսթըն) եւ Յովսէփ Մինասեան (Նիւ Եորք):