ԱմերիկահայԼրահոս
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԺՈՂՈՎԸ` ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը, Դեկտեմբեր 14-15-ին, հակառակ աննպաստ օդին, կատարեց իր անդրանիկ լիագումարը, ներկալութեամբ բոլոր անդամներուն.- Վահէ Թանաշեան (Ատենապետ-Ուաշինկթըն), Սարգիս Դարբինեան (Փոխ-ատենապետ – Փրովիտէնս), Արա Իշխանեան (Ատենադպիր-Ֆիլատելֆիա), Պերճ Փափազեան (Գանձապահ-Շիքակօ), Մարք Թորոսեան (Հաշուապահ-Նիւ Ճըրզի), Ռազմիկ Փանոսեան (Մարզական պատասխանատու- Պոսթըն) եւ Արամ Քայսէրեան (Սկաուտական պատասխանատու – Պոսթըն):

