Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՄԲ ԵՌՈՒՆ ՕՐԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
ԱՅՍՕՐ ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ 13-ՐԴ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ՝ 900 ՄԱՍՆԱԿԻՑՈՎ
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական աշխուժութեամբ եռուն օրերը կը շարունակուին Հայաստանի մէջ, ուր մէկ շաբթուան ընթացքին երեք կարեւոր ու մեծ ձեռնարկներ գրեթէ միաժամանակ կը կատարուին Երեւանի, Աղվերանի եւ Բիւրականի մէջ։
Կարեւորագոյն եւ մեծագոյն ձեռնարկը՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ ընդհանուր բանակումը, ընթացք կ’առնէ այսօր՝ Ուրբաթ, 24 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6-ին (Երեւանի ժամով), պաշտօնական արարողութեամբ մը, որ ուղղակիօրէն կը սփռուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոլոր շրջաններու դիմատետրի էջերէն։ Բանակումին կը մասնակցին 900 բանակողներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհասփիւռ 26 շրջաններէն եւ Իրանի սկաուտական չորս միութիւններէն։
Բանակումը կը տեւէ 10 օր։ Վաղը, Շաբաթ, յետմիջօրէին, բանակողները հանդիսաւոր տողանցք կը կատարեն Երեւանի մէջ, ապա յարգանքի տուրք կ’ընծայեն Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր այցելութեամբ։ Երկուշաբթի անոնք կ’ոգեկոչեն Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 43-ամեակը։ Յաջորդ օր կը կազմակերպեն բազմամշակութային օր եւ կը հաստատեն համաշխարհային նոր մրցանիշ՝ բանակողներու աննախընթաց մեծագոյն թիւով կազմելով միջազգային սկաուտութեան շուշանածաղիկը (նախորդ մրցանիշը հաստատուած է Անգլիոյ մէջ 425 սկաուտով)։ Համաշխարհային մրցանիշի հաստատման ներկայ կը գտնուին միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
ԱՂՎԵՐԱՆԻ ՄԷՋ
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 13-րդ բանակումի նախօրեակին, Աղվերանի մէջ երէկ աւարտեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական բարձրագոյն կարգին՝ «Արարատեան» կարգին կազմակերպումը։ Կարգը կ’իրագործուի չորս տարին անգամ մը, մէկուկէս տարուան վրայ երկարող տեսական եւ գործնական դասընթացքներով։Այս տարի կարգին կը մասնակցին 59 բարձրաստիճան սկաուտներ, որոնք Աղվերանի մէջ եռօրեայ հանդիպումի մը ընթացքին կը ներկայացնեն իրենց աւարտաճառերը եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի բացման կը ստանան կարգին հաստատագիրներն ու կրծքանշանները։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քարոզչական համագումարին վերջին օրը ունեցաւ բեղուն յայտագիր։ Համագումարի մասնակիցներուն այցելեց եւ զեկուցում մը ներկայացուց ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հանրային կապերու տնօրէն Շուշան Մարուքի։ Համագումարի մասնակիցները, իրենց կարգին, այցելեցին Ազգային արխիւ եւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի լսատեսողական բաժին (Media lab), ուր ծանօթացան տեսանիւթեր պատրաստելու, փոթքասթ արձանագրելու եւ հանրային կապեր մշակելու ժամանակակից միջոցներուն։

Հարկ է նշել, որ Ազգային գրադարան, Ազգային արխիւ եւ Ամերիկեան համալսարան այցելութիւնները ծառայեցին յիշեալ հիմնարկներուն հետ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործակցութեան հաստատման։ Ազգային գրադարանի եւ արխիւի տնօրէնութիւններուն յանձնուեցան միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 46 տարուան բոլոր թիւերուն թուայնացած օրինակները եւ մատենագիտութիւնը)։
Հանդիպումները կարեւոր առիթներ եղան փոխադարձ ծանօթացման եւ յառաջիկային երկկողմ ծրագիրներու մշակման։
