Լրահոս

Հ.Հ. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՊԱՐՈՅՐ ՀԱՅՐԻԿԵԱՆԻ ԴԷՄ ՄԱՀԱՓՈՐՁ

barouyr  ԵՐԵՒԱՆ .- Հինգշաբթի Յունուար 31-ի կէս գիշերին, Հայաստանի մայրաքաղաք` Երեւանի կեդրոնական շրջանէն` “Տպագրիչներու Փողոց“ին վրայ, իր տան մուտքին մօտ, մահափորձի ենթարկուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական պաշտօնին իր թեկնածութիւնը դրած, խորհրդային տարիներու քաղաքական բանտարկեալ, “Ազգային Ինքնորոշում“ Կուսակցութեան նախագահ Պարոյր Հայրիկեանը:

Հայրիկեան շուտով փոխադրուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոց: Նաեւ, դէպքի վայրը ժամանեցին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան եւ Երեւանի վարչութեան անդամ` Ներսէս Նազարեան:

Հայրիկեան ուսէն ստացած է փամփուշտ մը:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button