Հ.Հ. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- “ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՅԱՂԹԱԾ Է…“ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆէՍԵԱՆ

0 0
Read Time:10 Minute, 21 Second

p1 raffi8491330121_385cf53e48_b  ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Երեք­շաբ­թի, Փետր­ուար 19-ին, Երե­ւա­նի “Ազա­տու­թիւն“ հրա­պա­րա­կին վրայ, կազ­մա­կերպ­ուած հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին, “Ժա­ռան­գու­թիւն“ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար, նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն երկ­րորդ դիր­քը գրա­ւած Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան յայ­տա­րա­րեց, որ ինքն է ընտր­ուած նա­խա­գա­հը: Յով­հան­նէս­եան, վե­րընտր­ուած Սերժ Սարգս­եա­նին առա­ջար­կած էր հան­դի­պում մը ու­նե­նալ եւ “շնոր­հա­ւո­րել ժո­ղո­վուր­դին յաղ­թա­նա­կը“, ինչ­պէս նա­եւ մի­ա­սին կազ­մա­կեր­պել “իշ­խա­նու­թեան փո­խան­ցու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին“: Պաշ­տօ­նա­կան տու­եալ­նե­րով, ընտ­րող­նե­րուն ձայ­նե­րուն 36.75 առ հա­րիւ­րը հա­ւա­քած Յով­հան­նէս­եան,  Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­խում­բի ցու­ցա­նիշ­նե­րը բնո­րո­շած էր իբ­րեւ “սուտ թուա­բա­նու­թիւն“, քուէ­նե­րու 58.64 առ հա­րիւ­րով նա­խա­գահ Սարգս­եա­նի ընտ­րու­թիւնը:

Յով­հան­նէս­եա­նի բա­ցօ­թեայ ասու­լի­սին ժա­մա­նակ Ազա­տու­թեան հրա­պա­րա­կը լեց­ուած էր քա­ղա­քա­ցի­նե­րով, որոնք անոր խօս­քը յա­ճախ կ՛ընդ­հա­տէ­ին “Րաֆ­ֆի“, “Րաֆ­ֆի, նա­խա­գահ“ կո­չե­րով:

Պա­տաս­խա­նե­լով լրագ­րող­նե­րուն այն հար­ցու­մին, որ եթէ վե­րո­յիշ­եալ առա­ջար­կը չըն­դուն­ուի, ի՞նչ պի­տի կա­տա­րէ, թեկ­նա­ծուն յայտ­նեց, որ ինք նա­խա­պայ­ման­նե­րով, վերջ­նա­գիր­նե­րով ածա­կան­ներ դնող չէ: “Սահ­մա­նադ­րու­թեան ներ­քեւ ով որ խոս­տո­վա­նի իր մեղ­քը, իր սխա­լը, ինք կը ներ­ուի ոչ թէ իմ կող­մէս, այլ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ օրէն­քին կող­մէ, եւ կ՛ը­սեմ, որ իմ մօտս հա­ւա­տաքն­նու­թիւն չկայ“:

``Չկայ մի­ակ իշ­խա­նա­կան կամ ընդ­դի­մա­դիր ուժ: Բո­լո­րը կրնան դառ­նալ սահ­մա­նադ­րա­կան ազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան ապա­գայ կա­ռա­վա­րու­թեան մաս­նա­կից ու­ժեր: Ես յա­ջոր­դիւ պի­տի ներ­կա­յաց­նեմ սահ­մա­նադ­րա­կան եւ ազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան մեր պատ­կե­րը, մեր ման­րա­կեր­տը: Ոչ մէ­կուն հետ բա­նակ­ցած եմ, ոչ մէ­կուն խնդրած եմ, բայց ես կը նկա­տեմ, որ այ­լեւս կու­սակ­ցա­կան խա­ղի պա­հը ան­ցած է: Որ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն ենք, թէ քա­ղա­քա­կան ու­ժեր ենք, մենք պի­տի գանք եւ մաս­նակ­ցինք ապա­գա­յի ոչ թէ իշ­խա­նու­թեան, այլ հան­րա­յին կա­ռա­վար­ման գոր­ծին…``, յայտ­նեց Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան, Երեք­շաբ­թի Փետր­ուար 19-ին, ``Ազա­տու­թիւն`` հրա­պա­րա­կին վրայ կա­տար­ուած յետ-ընտ­րա­կան հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին:Ըստ Նախնական Արդիւնքներուն Սերժ Սարգսեան Ստացաւ Քուէներուն 58 Առ Հարիւրը, Իսկ Րաֆֆի Յովհաննիսեան` 32 Առ Հարիւրը
“Չկայ մի­ակ իշ­խա­նա­կան կամ ընդ­դի­մա­դիր ուժ: Բո­լո­րը կրնան դառ­նալ սահ­մա­նադ­րա­կան ազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան ապա­գայ կա­ռա­վա­րու­թեան մաս­նա­կից ու­ժեր: Ես յա­ջոր­դիւ պի­տի ներ­կա­յաց­նեմ սահ­մա­նադ­րա­կան եւ ազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան մեր պատ­կե­րը, մեր ման­րա­կեր­տը: Ոչ մէ­կուն հետ բա­նակ­ցած եմ, ոչ մէ­կուն խնդրած եմ, բայց ես կը նկա­տեմ, որ այ­լեւս կու­սակ­ցա­կան խա­ղի պա­հը ան­ցած է: Որ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն ենք, թէ քա­ղա­քա­կան ու­ժեր ենք, մենք պի­տի գանք եւ մաս­նակ­ցինք ապա­գա­յի ոչ թէ իշ­խա­նու­թեան, այլ հան­րա­յին կա­ռա­վար­ման գոր­ծին…“, յայտ­նեց Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան, Երեք­շաբ­թի Փետր­ուար 19-ին, “Ազա­տու­թիւն“ հրա­պա­րա­կին վրայ կա­տար­ուած յետ-ընտ­րա­կան հա­ւա­քի մը ըն­թաց­քին:
Ըստ Նախնական Արդիւնքներուն Սերժ Սարգսեան Ստացաւ Քուէներուն 58 Առ Հարիւրը, Իսկ Րաֆֆի Յովհաննիսեան` 32 Առ Հարիւրը

Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան յայ­տա­րա­րեց, որ աւե­լի ման­րա­մասն պի­տի խօ­սի իր ընե­լիք­նե­րուն մա­սին, բայց խոս­տա­ցաւ իր “կեան­քին գնով“ ապա­հո­վել, որ­պէս­զի “ժո­ղո­վուր­դը տօ­նէ իր յաղ­թա­նա­կը“: Ան ընդգ­ծեց, որ պի­տի պայ­քա­րի բո­լոր սահ­մա­նադ­րա­կան մի­ջոց­նե­րով, կա­րե­լի նկա­տեց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը այլ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն հետ:

“Ժո­ղո­վուր­դը առա­ջին հանգր­ուա­նին 80 առ հա­րիւ­րով յաղ­թած է, ես թիւ չեմ խփեր, ինք կը խփէ թիւեր: Ես ար­դէն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ընտր­ուած նա­խա­գահ եմ: …Կ՛ու­զեմ գալ այս­տեղ զե­կու­ցե­լու, որ ես հան­դի­պած եմ պա­րոն Սարգս­եա­նի հետ եւ ինք ու­նե­ցած է այդ ազ­գա­յին ող­նա­շա­րը, այդ ջի­ղը, այդ ու­ժը, այդ տղա­մարդ­կու­թիւնը, այդ նա­խա­գա­հա­կա­նու­թիւնը` ըսե­լու, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը յաղ­թած է եւ ես կը շնոր­հա­ւո­րեմ հայ ժո­ղո­վուր­դին: Ես ատի­կա կ՛ը­նեմ առանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու, ես կ՛ը­սեմ նոյ­նիսկ, որ իր պահ­ուած­քով, իր բո­լոր սխալ­նե­րով հան­դերձ ինք շատ աւե­լի բարձր է, քան ու­րիշ մար­դիկ, որոնք վախ­կոտ ձե­ւով գրա­սեն­եակ­նե­րուն մէջ, պա­տե­րու տակ կե­նաց­ներ կը խմեն, կը վախ­նան պայ­քա­րէն, պա­տաս­խա­նեց Յով­հան­նէս­եան լրագ­րող­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծե­լով, որ եթէ Սերժ Սարգս­եան չհան­դի­պի իրեն հետ, Ազա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­նա­լիք հան­րա­հա­ւա­քին ըն­թաց­քին պի­տի ներ­կա­յաց­նէ իր հե­տա­գայ քայ­լե­րը:

“Եթէ վա­ղը Սերժ Սարգս­եա­նը շնոր­հա­ւո­րէ ժո­ղո­վուր­դին, ինչ­պէ՞ս պի­տի վար­ուիք: Դուք պի­տի շնոր­հա­ւո­րէ՞ք Սերժ Սարգս­եա­նին` իբ­րեւ ընտր­ուած նա­խա­գահ“ հար­ցու­մին Յով­հան­նէս­եան պա­տաս­խա­նեց. “Ես կը շնոր­հա­ւո­րեմ հայ ժո­ղո­վուր­դին իր յաղ­թա­նա­կին առն­չու­թեամբ, եւ մենք այդ յաղ­թա­նա­կը պի­տի տա­նինք մին­չեւ յաղ­թա­նակ, ոչ թէ մին­չեւ վերջ, յաղ­թա­նա­կը` մին­չեւ յաղ­թա­նակ“:

Նա­խա­գահ Սարգս­եա­նի ռազ­մա­վա­րու­թիւնը այն­պէս մը կը թե­լադ­րէր, որ ան դրա­կան եւ բա­ցա­սա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­նայ իր գլխա­ւոր մրցա­կից Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նի նկատ­մամբ: Քա­րո­զար­շա­ւի առա­ջին օրե­րուն դրուա­տե­լէ ետք զայն, վեր­ջին օրե­րուն բա­ւա­կան խիստ ոճով ար­տա­յայտ­ուած էր: Իսկ իր վեր­ջին ելոյ­թին դարձ­եալ շռնդա­լից խօս­քեր ար­տա­սա­նած է անոր մա­սին:

Փետր­ուար 16-ին, Երե­ւա­նի Կեդ­րոն հա­մայն­քի իր հա­մա­կիր­նե­րուն առ­ջեւ` Սերժ Սարգս­եան խօ­սած է ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եւ պե­տու­թիւն­նե­րու հա­մար զար­գաց­ման ու­ղի­նե­րու ընտ­րու­թեան մա­սին, առանձ­նաց­նե­լով քա­ղա­քա­կիրթ եր­կիր­նե­րու ընտ­րած` սահ­մա­նադ­րա­կան ուղի­ին առա­ւե­լու­թիւն­նե­րը:

“Այո՛, այ­սօր Հա­յաս­տա­նում տե­ղի է ու­նե­նում յե­ղա­փո­խու­թիւն: Դա սահ­մա­նադ­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւն է, որ անում ենք բո­լորս մի­ա­սին: Եւ առա­ջին հեր­թին մեր հա­սա­րա­կու­թեան ակ­տիվ մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Դա նա­եւ Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նի գե­ղե­ցիկ քա­րո­զար­շաւն է` լի հա­զա­րա­ւոր, տասն­եակ հա­զա­րա­ւոր ձեռք­սեղ­մում­նե­րով: Դրա մի­ջո­ցով Րաֆ­ֆին փոր­ձում է հաս­նել մեր երկ­րի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցուն: Ոմանք դրան փոր­ձում են սար­կազ­մով վե­րա­բե­րել, բայց, ճիշդն ասած, իրա­կա­նու­թիւնն այն է, որ Րաֆ­ֆին մշա­կոյթ է փո­խում մեր երկ­րում, նոր քա­ղա­քա­կան աւան­դոյթ է ար­մա­տա­ւո­րում: Նա ապա­ցու­ցում է, որ ընդ­դի­մա­դիր լի­նել` չի նշա­նա­կում շուրջ­բո­լո­րը ատե­լու­թիւն տա­րա­ծել: Յի­շում էք չէ՞, Հրանտ Բագ­րատ­եա­նը ժո­ղովր­դին ղրղզա­կան եւ թու­նի­սա­կան ճա­նա­պարհ էր առա­ջար­կում: …Ու­րախ եմ, որ նրա պէս պատ­գա­մա­ւոր­ներ կան մեր Ազ­գա­յին ժո­ղո­վում, ով ծրա­գիր է գրում եւ փոր­ձում է այ­լընտ­րան­քա­յին ճա­նա­պարհ ցոյց տալ: Բազ­մա­թիւ ան­գամ ես ասել եմ, որ նոյ­նիսկ եթէ մենք ար­մա­տից հա­մա­ձայն չենք ցան­կա­ցած կար­ծի­քի հետ, ապա այդ կար­ծի­քը լռեց­նե­լու իրա­ւուն­քը չու­նենք: Մենք պէտք է հնա­րա­ւո­րու­թիւն տանք մար­դուն իր կար­ծիքն ար­տա­յայ­տե­լու եւ եթէ կա­րո­ղա­նում ենք` ինք­ներս էլ հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն պէտք է վի­ճենք այդ կար­ծի­քի հետ, եթէ կա­րող ենք` ի հար­կէ, նա­եւ հեր­քել: Ես շնոր­հա­կալ եմ ինձ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րին:…Ես հա­մա­րում եմ, որ նրանց հետ մի­ա­սին մենք, իրօք, յե­ղա­փո­խու­թիւն ենք անում Հա­յաս­տա­նում:

Եւ դա սահ­մա­նադ­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւն է…“:

Միւս կող­մէ, ԵԱՀԿ-ի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի դէ­տե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին իրենց եզ­րա­կա­ցու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բեր­եալ: Անոնք յայտ­նե­ցին, որ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը, նա­խորդ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մե­մատ, բա­րե­լաւ­ուած էին, սա­կայն թեկ­նա­ծու­նե­րուն ու­ժա­յին սահ­մա­նա­փակ ներ­կա­յաց­ուա­ծու­թիւնը կ՛են­թադ­րէր, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը զուրկ էին իս­կա­կան մրցակ­ցու­թե­նէ:

Դէ­տե­րը նշե­ցին, որ քա­րո­զար­շա­ւը ան­ցած է խա­ղաղ եւ լաւ կազ­մա­կերպ­ուած մթնո­լոր­տի մէջ: Իսկ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռ­նարկ­ուե­ցան թա­փան­ցի­կու­թեան ուղղ­ուած կա­րե­ւոր քայ­լեր, ինչ­պէս նա­եւ քու­է­ար­կող­նե­րու ցու­ցա­կը բա­րե­լա­ւե­լու էա­կան ջան­քեր: Այ­սու­հան­դերձ, առա­քե­լու­թիւնը նկա­տել տուաւ, որ մաս­նա­ւո­րա­բար տե­ղա­կան մա­կար­դա­կով յստակ չէ եղած գոր­ծող նա­խա­գա­հին քա­րոզ­չա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն եւ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն տա­րան­ջա­տու­մը: Ասի­կա կը նե­րա­ռէր վար­չա­կան աղ­բիւր­նե­րու սխալ օգ­տա­գոր­ծում եւ ճնշում հան­րա­յին աշ­խա­տող­նե­րուն վրայ, որ­պէս­զի անոնք մաս­նակ­ցին ընտ­րու­թիւն­նե­րուն եւ քա­րո­զար­շա­ւի ձեռ­նարկ­նե­րուն:

Ըստ անոնց, քա­րո­զար­շա­ւի ըն­թաց­քին, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, պահ­պան­ուած են կա­րե­ւոր ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ազա­տու­թիւն­նե­րը, նե­րառ­եալ‘ ազատ քա­րո­զար­շա­ւի իրա­ւուն­քը:

Ըստ դէ­տե­րուն, քա­նի մը ազ­դե­ցիկ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու թեկ­նա­ծու չա­ռա­ջադ­րե­լու որո­շու­մը պատ­ճառ դար­ձած է ընտ­րող­նե­րուն մօտ հա­կակ­րան­քի եւ վստա­հու­թեան պա­կա­սի: Անոնք նա­եւ կը նշեն, որ ընտ­րա­տե­ղա­մա­սե­րու մեծ մա­սին մէջ քու­է­ար­կու­թեան հո­լո­վոյ­թը լաւ կազ­մա­կերպ­ուած էր, սա­կայն դէ­տե­րը նկա­տել տուած են, որ անձ­նագ­րե­րու մե­լա­նը չէ ապա­հո­ված քա­նի մը ան­գամ քու­է­ար­կե­լու դէմ նա­խա­տես­ուած երաշ­խի­քը, քա­նի որ դիւ­րու­թեամբ մաքր­ուած է:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles