
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին եւ աւարտեցաւ երեկոյեան…ժամը 8:00-ին: Սպասուածին նման ոչ մէկ անակնկալ արձանագրուեցաւ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ անոր տիկինը քուէարկեցին Երեւանի Սպենդիարեանի անուան թիւ 24 դպրոցին մէջ տեղակայուած ընտրատեղամասին մէջ: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ յանուն ինչի՞ քուէարկած է, Սերժ Սարգսեան յայտնեց. “Քուէարկած եմ Հայաստանի ապագային համար, քուէարկած եմ ապահով Հայաստանի համար, մեր քաղաքացիներու եւ մեր ընտանիքներու ապահովութեան համար“: Պատասխանելով “Ազատութիւն“ ձայնասփիւռի այն հարցումին, որ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ընտրութիւններուն ընթացքը եւ արդեօք ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կատարելու իր յորդորները տեղ հասա՞ծ են, Սերժ Սարգսեան նշեց, որ ատիկա յստակ կը դառնայ, երբ ընտրութիւններուն արդիւնքները յայտարարուին:
“Երկիր“ կայքէջը անդրադառնալով ընտրութեան մասին, հաղորդեց թէ թեկնածու Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի նախընտրական գրասենեակը ահազանգ ստացած է. որ հանրապետական պատգամաւոր Սամուէլ Ալեքսանեան հաւաքած է չորրորդ գիւղի երկու մանկապարտէզներու աշխատակիցները եւ իւրաքանչիւրին 25 հազար դրամ բաժնած՛ նախագահ Սարգսեանին ձայն տալու համար: Միւս կողմէ Գիւմրիի 34/36 տեղամասին մէջ տեղի ունեցող խախտումներուն մասին՛ Ազգային ժողովի “Ժառանգութիւն“ խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան շտապած է նշեալ ընտրատեղամաս: Նոյն տեղ յայտնուած է ՀՀԿ-ի անդամ պատգամաւոր Սուքիաս Աւետիսեանը: Երկու երեսփոխաններուն միջեւ ծագած է վէճ. որուն պատճառով Յակոբեան ոստիկանատուն տեղափոխուած է:
Այլ թեկնածու մը` Վարդան Սեդրակեան կատարեց իր ընտրութիւնը եւ ըսաւ որ կը սպասէ իր յաղթանակին: Ան զայրացաւ լրագրողներու այն հարցումէն. թէ ո՞ր թեկնածուին համար քուէարկած է եւ ազդարարելով ըսաւ թէ պէտք է լրջութիւնը յարգել:
Րաֆֆի Յովհաննիսեան սովորութեան համաձայն, քալելով, ճամբան հանդիպած մարդոց բարեւելով հասաւ Երեւանի Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի թիւ 157 միջնակարգ դպրոցի շէնքին մէջ տեղակայուած ընտրատեղամաս: Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ի՞նչ ակնկալիքներով իր ընտրութիւնը կատարած է, նախագահի թեկնածուն յայտնեց, որ արդէն յստակ կը դառնայ, որ Հայաստան եւ Հայաստանի ժողովուրդը կը նշէ իր ոգիի եւ ճշմարտութեան արշալոյսը: “Մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ օրն է այսօր եւ ասիկա այն օրն է, երբ ժողովուրդը վերջապէս` 20 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, պիտի նշէ ոչ թէ որոշ մէկուն յաղթանակը եւ միւսին պարտութիւնը, այլ` իրեն պատկանող ընտրութեան արդիւնքը, առաջին անգամ ըլլալով: Ես նախ եւ առաջ կը դիմեմ հիմնական մրցակիցիս` շատ յարգարժան գործող նախագահ Սարգսեանին, աւելի հերոսական, քան այն մեծ աւանդը, որ ինք ունեցած է արցախեան ազատամարտին մէջ, պիտի ըլլայ ժողովուրդի յաղթանակի իր ընդունումը: Ատիկա մեծագոյն պետական, ազգային եւ քաղաքացիական ինքնագնահատականը պիտի ըլլայ եւ յարգանքը ժողովուրդին նկատմամբ“, ըսաւ Յովհաննիսեան:
Ըստ անոր, շատ մրցունակ պայքար եղած է, բայց բոլորին համար յստակ է, որ ժողովուրդը կողմնորոշուած է յաղթանակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման օգտին:
Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ քարոզարշաւը չէ եղած հաւասար, անազատութեան եւ անարդարութեան էական, համակարգային խնդիրներ եղած են եւ ան ողջունեց լրագրողներու մասնակցութիւնը իր կողքին, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ իսկապէս հաւասար մուտք եղած է դէպի տեղեկատուական դաշտ:
Նախագահի թեկնածու Հրանդ Բագրատեան քուէարկեց Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ տեղակայուած դպրոցին մէջ: Պատասխանելով “Ազատութիւն“ ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` նախագահի թեկնածուն յայտարարեց, որ մտահոգուած է ընտրախախտումներու, իշխանութիւններու օգտին ընտրակաշառք բաժնելու մասին բազմաթիւ ահազանգներով: Ան իբրեւ օրինակ նշեց Ստեփանաւանէն ընտանիքներ բերելու փաստը:
Պատասխանելով յետընտրական զարգացումներուն մասին հարցումին` Բագրատեան յայտնեց, որ ոչինչ կը բացառէ, որոնց շարքին նաեւ հանրահաւաքները: Ան շեշտեց, որ պէտք է արդար ընտրութիւն ըլլար` ով որ պիտի յաղթէր, յաղթէր:
Հրանդ Բագրատեան յայտնեց, որ կը քուէարկէ “Նոր Հայաստանի“ օգտին: “Կը կարծեմ, որ այն Հայաստանը, որ մենք ունինք վերջին տարիներուն, ինքզինք սպառած է բոլոր առումներով“, ընդգծեց ան:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան նախագահական ընտրութիւններուն քուէարկելէն ետք նշեց, որ քուէարկած է, որպէսզի յառաջիկայ տարիները Հայաստանի համար յաջողութեան տարիներ ըլլան տարբեր ասպարէզներուն մէջ` ի բարօրութիւն, ի շահ Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան:Հայաստանի նախագահի թեկնածու Վարդան Սեդրակեան եւս կատարեց իր քաղաքացիական պարտքը: Թեկնածուն լրագրողներուն յայտնեց, որ իր յաղթանակին կը սպասէ: Սեդրակեան վիրաւորուեցաւ, երբ լրագրողները իրեն հարցուցին, թէ որուն օգտին քուէարկած է, եւ մերժեց պատասխանել այլ հարցումներու: Սեդրակեան լրագրողներուն յորդորեց, որ քիչ մը լուրջ ըլլան:
Հայաստանի նախագահի թեկնածու, Ազգային ինքնորոշում միաւորման Պարոյր Հայրիկեան քուէարկելէ ետք նշեց, որ ան իր ընտրութիւնը կատարած է այն Հայաստանի համար, որ կը փորձէր ներկայացնել քաղաքացիներուն:
Ան աւելցուց թէ այս մէկը կրնայ նաեւ քաղաքացիներու աջակցութեամբ իրականութիւն դառնալ: “ Ես կը ցանկամ. որ Հայաստան դառնայ աշխարհի բացառիկ երկիրներէն մէկը“, եզրակացուց ան:
Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեանը յայտնեց, որ Քոչարեան արտասահման կը գտնուի եւ ընտրութեան չմասնակցիր:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան քուէարկութիւն կատարելու ժամանակ, խոստացած է մտածել վարչապետի պաշտօնին վրայ մնալու մասին:
Սարգսեան քուէարկեց Երեւանի Լեւոն Շանթի անուան դպրոցին մէջ տեղակայուած ընտրատեղամասին մէջ իր ընտանիքին` տիկնոջ, դստեր եւ երկու որդիներուն հետ: Վարչապետը յայտնեց, որ ընտրութիւնները հանդարտ ընթացքի մէջ են եւ բոլոր այն դիտողութիւնները եւ առաջարկները, որոնք կը կատարուին, բնականաբար կը գտնուին իրենց ուշադրութեան տակ: Ըստ վարչապետին, իրաւապահ մարմինները իրենց լիազօրութիւններուն ծիրին մէջ պիտի իրականացնեն բոլոր անհրաժեշտ գործառոյթները, որպէսզի կասկած չմնայ, որ ընտրութիւնները անցած են ազատ, թափանցիկ, առանց խախտումներու:
Իսկ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան քուէատուփէն վերադառնալու ժամանակ ըսաւ թէ այս քուէարկութեամբ յոյսով է որ յառաջիկայ տարիները մեր երկրին համար յաջողութեան տարիներ ըլլան տարբեր մարզերու մէջ, ի շահ Հայաստանի. Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւս այցելեց Էջմիածին քաղաքի ընտրական տեղամաս եւ մասնակցեցաւ Հայաստանի նախագահի ընտրութեան քուէարկութեան: