Լրահոս

Հ.Հ.-Ի ՄՕՏ Ա.Մ.Ն.-Ի ԴԵՍ­ՊԱՆ ՀԵ­ՖԸՐՆ ՊԻ­ՏԻ ԱՅ­ՑԵ­ԼԷ ՆԻԻ ԵՈՐՔ ԵՒ ՊՈՍ­ԹԸՆ

  ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Հա­յաս­տա­նի մօտ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Հե­ֆըրն ար­դէն իսկ սկսած է այ­ցե­լել Ա.Մ.Ն.-ի հա­յա­հոծ գա­ղութ­ներ: Ան այժմ կը գտնուի Արեւմտ­եան շրջան, ուր կ՛այ­ցե­լէ Լոս Ան­ճե­լըս եւ Սան Ֆրան­սիս­քօ, հան­դի­պում­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ ան­դամ­նե­րու հետ:

Ապա պի­տի այ­ցե­լէ արե­ւել­եան շրջան, ուր յա­ջո­րա­բար պի­տի այ­ցե­լէ Պոս­թըն (Դեկ­տեմ­բեր 13-14) եւ Նիւ Եորք (Դեկ­տեմ­բեր 17-18):

Հան­դի­պում­նե­րուն պի­տի քննարկ­ուին Հա­յաս­տա­նի իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, Հա­յաս­տան-Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ գոր­ծակ­ցու­թեան կա­պերն ու Հա­յաս­տա­նի տրա­մադր­ուած ամե­րիկ­եան օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը:

Պոս­թը­նի մէջ, ձեռ­նարկ­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00-ին, յա­ջոր­դա­բար Ուա­թըր­թաու­նի Սուրբ Յա­կոբ եւ Սուրբ Ստե­փա­նոս եկե­ղե­ցի­նե­րէն ներս:

Սո­վո­րու­թիւն է որ նո­րան­շա­նակ դես­պան­ներ այ­ցե­լեն գա­ղութ­ներ, յա­ւել­եալ ծա­նօ­թա­ցում եւ շփում ու­նե­նա­լու հա­մար:

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button